Էրտողան Կը Պնդէ, Որ Հայաստան – Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախաձեռնողը Թուրքիան Էր

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սլովենիոյ մէջ ստացած է «Տասնամեակի պետական գործիչ» մրցանակը, որ իրեն շնորհուած էր երկու ամիս առաջ:

Մրցանակի յանձնումի արարողութեան ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան անդրադարձած է նաեւ դրացի երկիրներու նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան:

«Մեր շրջանը բազմաթիւ ողբերգութիւններու ականատես եղած է: Այս շրջանին մէջ արիւն, արցունք շատ թափուած է, բախումներ շատ եղած են: Պատմութեան ամէն հանգրուանին պատերազմներ եղած են, սակայն երբ ազգերը սկսած են հաղորդակցիլ, պարզուած է, որ մենք բաւական հետաքրքրական շրջան ունինք: Մեր լեզուներն ու կրօնը տարբեր են, սակայն իրականութեան մէջ թուրք, յոյն, սերպ ժողովուրդները իրարու կը կապեն խոհանոցի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի նմանութիւնները: Ես չեմ ըսեր մոռնանք պատմութիւնը: Պատմութենէն դասեր պէտք է քաղել», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Ան պնդած է, որ Թուրքիա Կիպրոսի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին մէջ առաջին քայլերը կատարած է:

«Մենք մեր դրացիներուն հետ ունեցած խնդիրները կարգով բանակցութեան սեղանին վրայ դրած ենք եւ համագործակցութեան ճանապարհներ փնտռած ենք: Տեսանք, որ բազմաթիւ հարցեր իրականութեան մէջ հաղորդակցութեան պակասէն կը յառաջանան: Կիպրոսի հարցին մէջ խնդիրի լուծում փնտռող կողմը մենք եղած ենք, Հայաստանի եւ Յունաստանի հետ ալ խնդիրներու լուծման ճամբաներ փնտռելու հարցին մէջ առաջին քայլերը մենք առած ենք», ըսած է ան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES