Միջկուսակցական Միասնական Կեդրոնը Յայտարարութեամբ Հանդէս Կու Գայ Վաղը

Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան նախագահ Հմայեակ Յովհաննիսեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ընտրութիւններու վերահսկողութեան միջկուսակցական միասնական կեդրոնը 10 մայիսին հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը:

Ան նշեց, որ նախանցեալ օր միասնական կեդրոնին մաս կազմող երեք ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում տեղի ունեցած է: Ընտրութիւններուն արդիւնքները ամփոփած են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Վարդան Օսկանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան:

Յովհաննիսեան չմանրամասնեց, թէ ի՛նչ բովանդակութիւն պիտի ունենայ այդ յայտարարութիւնը, միայն նշեց, որ քննարկուած են մօտեցումները եւ գտնուած են ընդհանուր եզրեր:

 

Share this Article
CATEGORIES