«ՀՅԴ-ի Յայտարարութիւնը Կը Վերաբերէր Համաձայնական Կառավարութեան Բոլոր Անդամներուն» Կ՛Ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
Մեկնաբանելով 6 մայիսի վերաբերեալ ՀՅԴ-ի կատարած յայտարարութիւնը` ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ յայտնեց, որ
յայտարարութիւնը, մասնաւորաբար, իշխող համաձայնական կառավարութեան կուսակցութիւններու անուանումներուն առջեւ «նկարուած թիւեր»-ը կը վերաբերէին բոլորին` առանց բացառութեան, որոնց շարքին` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան:
«Համաձայնական կառավարութիւնը մէկ եւ միասնական կուսակցութիւն չէ: Այսինքն` ով որքանով մեղսակից է, այլ հարց է, սակայն այն, որ ամբողջ իշխանութիւնն է պարզ է: Եւ իր վերարտադրութեան մեղսակից դարձուցած է ժողովուրդը` օգտուելով վերջինիս տգիտութենէն, տհասութենէն, աղքատութենէն, թշուառութենէն», ըսաւ ան:
Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը ընտրակեղծիքներուն դէմ պայքարի միջկուսակցական կեդրոնին ընդմէջէն, որուն մէջ ներառուած են նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը:

