Գաղութէ – Գաղութ
Հայկական Հազուագիւտ Գիրքերու
Ցուցահանդէս Դանիոյ Մէջ Հայաստանի
Դեսպանատան Կազմակերպութեամբ
2012 թուականը իւրայատուկ է Հայաստանի եւ հայութեան համար, որովհետեւ 500 տարի առաջ Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտ հրատարակեց առաջին հայերէն գիրքը` «Ուրբաթագիրք»-ը, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Երեւանը հռչակած է գիրքի մայրաքաղաք: Այս զոյգ յատկանշական առիթներով, Դանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը Դանիոյ թագաւորական գրադարանին գործակցութեամբ կազմակերպած էր հայկական հազուագիւտ գիրքերու ցուցահանդէս մը` 15-րդ, 16-րդ եւ 17-րդ դարերու ընթացքին տպագրուած: Անոնց մէջ էր Հին Կտակարանի սաղմոսագիրքէն մէկը` Դանիոյ թագաւորական գրադարանի յատուկ հաւաքածոյէն: Գիրքը տպագրուած է Ամսթերտամի մէջ, 1666 թուականին:
Հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք ուղղեց թագաւորական գրադարանի տնօրէն Էրլընտ Քոլտինկ Նիյէլսըն, որ գնահատեց թագաւորական գրադարանին եւ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակցութեան առաջին նախաձեռնութիւնը եւ շեշտեց ցուցադրուած գիրքերուն իւրայատկութիւնն ու արժէքը:
Ապա խօսք առաւ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց թագաւորական գրադարանին ու մաղթեց, որ գործակցութիւնը շարունակուի նաեւ հետագային:
Ցուցահանդէսին յաջորդեց յատուկ դասական երաժշտութեան համերգ մը, մասնակցութեամբ հայրենի եւ եւրոպացի երաժիշտներու:
Ցուցահանդէսն ու համերգը առիթ եղան Դանիոյ մէջ բնակող հայերու համախմբման, ինչպէս նաեւ այս մասին մամուլն ու հեռատեսիլի միջոցով լայն արձագանգ հանդիսանալու թագաւորութեան տարածքին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Թաւրիզ
24 ապրիլին Թաւրիզի մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նահատակներու հոգիներուն համար:
27 ապրիլին ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:
Բացման խօսքը արտասանեց Սօսէ Մարգարեան, որ հրաւիրեց ներկաները անգամ մը եւս խոնարհելու մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ` այն վճռակամութեամբ, որ անոնց արդար արիւնը բնա՛ւ չի մոռցուիր, եւ անոնց բռնաբարուած իրաւունքներուն կը վերատիրանայ մեր ժողովուրդը:
Օրուան բանախօս` «Ալիք» օրաթերթի խմբագրակազմի անդամ Արամ Շահնազարեան անդրադարձաւ պահանջատիրական պայքարի ու Հայ դատի հոլովոյթին` վեր հանելով այն իրողութիւնները, որոնք պատմութեան ընթացքին խոչընդոտած են հայ ժողովուրդին խաղաղ կեանքը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆճեան: Ան ապրիլ 24-ի խորհուրդը դուրս բերաւ սուգի, ողբի, լացի ու տրտմութեան իմաստէն հաստատելով, որ այսօր համաշխարհային հանրութիւնը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Իր խօսքի աւարտին ան յորդորեց ներկաները` ուխտելու հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու կտակին:
Թեհրան
28 ապրիլին Թեհրանի Զէյթուն քաղաքամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 97-րդ տարելիցի ոգեկոչման միասնական ձեռնարկ, համագործակցութեամբ նոյն քաղաքամասին մէջ գործող հայկական կառոյցներու` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորհուրդին, «Հայ կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնին, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան ու Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան արուեստից բաժանմունքին:
Իրաք
27 ապրիլին Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում խորանին դիմաց:
Ապա տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
28 ապրիլին Պաղտատի Հայ երիտասարդաց միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ելոյթ ունեցան Երիտասարդաց միութեան ատենապետը եւ Իրաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Մուրատ Մուրատեան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
24 ապրիլին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժայի Հայաստանեայց առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Նախաձեռնութեամբ Ապու Տապիի Հայ ազգային վարչութեան, 28 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայ դատի գործունէութեան վերաբերող կլոր սեղան: Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Վերա Եագուպեան, Հայ դատի Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Գասպար Կարապետեան:
Սպանիա
29 ապրիլին Պարսելոնայի Սանթա Մարիա Տել Պի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր եւ մշակութային ձեռնարկ: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Քաթալոնիոյ հայ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Մաղաքեան, Քաթալոնիոյ կարտինալի ներկայացուցիչ Խայիմէ Կոնզալես Ագապիտոն, Սպանիոյ մէջ Հայաստանի գործերու հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Գրիգոր Պլըտեանի Գրական Վաստակը
«Գրիգոր Նարեկացի» Շքանշանով
29 ապրիլին Պոլսահայ միութեան շէնքին մէջ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական եւ մշակութային ուսմանց ամպիոնի բարեկամները, իրենց 10-րդ տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին «Գրիգոր Նարեկացի» շքանշանով պատուեցին գրող, բանաստեղծ, գրաքննադատ, փարիզաբնակ Գրիգոր Պլըտեանը` գնահատելով անոր ներդրումը գրական-գրականագիտական անդաստանէն ներս:
Բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցան միութեան վարչական անդամներէն Անի Այվազեան եւ Հուրի Ափոշեան:
Միութեան կողմէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ամպիոնի բարեկամներու վարչութեան նախագահ Ռիթա Մահտեսեան: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Նարեկացիի անուան ամպիոնին կողմէ խօսք առաւ փրոֆ. Փիթըր Քաուի, որ ամփոփ զեկուցում մը տուաւ հայերէն դասընթացքներու եւ ընդհանրապէս ամպիոնի ծրագիրներուն մասին:
Ամպիոնի արեւմտահայերէն դասերու ուսուցիչ, դասախօս, փրոֆ. Յակոբ Կիւլիւճեան ներկայացուց Գրիգոր Պըլտեանը` ընդգծելով անոր գործերուն հիմնական յատկանիշերը:
Ամպիոնի դասընթացքներուն հետեւող ուսանողներ Շանթ Սիահեան, Ռազմիկ Սարգիսեան եւ Թենի Արլեն կարդացին Պլըտեանի գործերէն հատուածներ:
Յայտագրին վերջին բաժինով Պլըտեանի յանձնուեցաւ «Գրիգոր Նարեկացի» շքանշանը, որմէ ետք ան ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքով:
Սուրիա
Գիրքի Ցուցահանդէս–Վաճառք
Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս տարին հռչակած է Հայ գիրքի տարի, նաեւ` հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնը վերջերս կազմակերպեց գիրքի ցուցահանդէս-վաճառք` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով` շեշտեց, որ մշակոյթ մը փոխանցելը եւ մշակոյթի ճամբով սերունդ մը դաստիարակելը կը նկատուի ազգի մը գոյութեան ամէնէն հիմնական կռուանը: Ան հաստատեց, որ գիրքի ցուցահանդէսը աննախընթաց խանդավառութիւն կը ստեղծէ ամէնուրեք:
Թեհրան
Երաժշտագէտ Ռուբէն Գրիգորեանին
Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, 18 ապրիլին ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած իրանահայ հանրածանօթ երաժշտագէտ, երգահան եւ խմբավար Ռուբէն Գրիգորեանի յիշատակին:
Բացման խօսքը արտասանեց «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախագահ Սուրիկ Աբնուսեան: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Ռուբէն Գրիգորեանի կեանքն ու երաժշտական գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Ելոյթ ունեցան երաժշտագէտներ` Ամիր Աշրաֆ Արիանփուր եւ Ֆարիտ Տեհտաշի, որոնք մանրամասնօրէն անդրադարձան իրանահայութեան ունեցած դերակատարութեան` Իրանի մէջ երաժշտութեան, ի մասնաւորի դասական երաժշտութեան տարածման գործին մէջ, Ռուբէն Գրիգորեանի Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծաւալած գործունէութեան, եւ` այն շարժառիթներուն, որ մղեցին զայն Իրանի հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններու ժողովրդական երգերը հաւաքագրելու եւ մշակելու:
Այնուհետեւ մեկնաբանուեցան Ռուբէն Գրիգորեանին մշակած հայերէն ու պարսկերէն երգերէն փունջ մը:
Աւարտին գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեան, որ անդրադարձաւ երկրին մէջ իրանահայութեան ունեցած ներդրումներուն` զանազան մարզերու մէջ:
Քուէյթ
«Հայ Դատը Այսօր» Թեմայով
Կլոր Սեղան
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, 29 ապրիլին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատը այսօր» թեմայով կլոր սեղան:
Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Մանուկ Մանուկեան: Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան, որ զեկուցեց Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներու մասին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ դատի Երեւանի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ ներկայացուց Հայ դատի ռազմավարութիւնը եւ զեկուցեց Հայ դատի յանձնախումբերուն տարած աշխատանքներուն մասին:
Ժընեւ
Հայաստանի Մասնակցութիւնը Գիրքի
Եւ Մամուլի Միջազգային Ցուցահանդէսին
25-29 ապրիլին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Գիրքի եւ մամուլի միջազգային 26-րդ ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր նաեւ Հայաստանը:
Հայաստանի տաղաւարին մէջ ցուցադրուած էին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տպագրուած հայալեզու եւ օտարալեզու բարձրորակ հրատարակութիւններ` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին պատմական եւ արդիական թեմաներով, ինչպէս նաեւ` Արցախի, Ջուղայի եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Կազմակերպուած դասախօսութիւններուն նիւթերը կը վերաբերէին հայկական սփիւռքին եւ Լեռնային Ղարաբաղին, որոնց թեմաներն էին` հայոց պատմութիւն, հայկական մշակոյթ, արուեստ, ճարտարապետութիւն, հայոց լեզու եւ ինքնութիւն:
Ճափոն
«Չբացայայտած Հայաստան. Տնտեսական
Համագործակցութեան Եւ Ներդրումներու
Հնարաւորութիւններ» Աշխատաժողով
Կազմակերպութեամբ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան, տնտեսութեան, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան, Ճափոնի արտաքին առեւտուրի կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ նորանկախ պետութիւններու հետ տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան, 25 ապրիլին Թոքիոյի «Աքատեմի հիլզ պիզնես» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով` «Չբացայայտած Հայաստան. տնտեսական համագործակցութեան եւ ներդրումներու հնարաւորութիւններ» խորագրով նուիրուած Հայաստանի տնտեսական իրավիճակին, երկրի մէջ ձեւաւորուած գործարար մթնոլորտին, գործարարութեան մշակոյթին եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վարուող ներդրումային քաղաքականութեան: Ճափոնի կառավարական կազմակերպութիւններու կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին ճափոնական աւելի քան 50 ընկերութիւններ:
Աշխատաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան Ռուսիոյ եւ նորանկախ պետութիւններու հետ տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան փոխտնօրէն Ակիրա Հարութան եւ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդատու Հրանդ Պօղոսեան: Ան անդրադարձաւ հայ-ճափոնական տնտեսական համագործակցութեան ծիրին մէջ ստեղծուած կացութեան, քննարկեց գործարար կապերը ընդլայնելու, միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու եւ գործակցութեան հեռանկարային ուղիներ փնտռելու հնարաւորութիւնները:
Հոլանտա
Դեսպան Աղաճանեանին Հանդիպումը
Ալմելոյի Քաղաքապետին Հետ
25 ապրիլին Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Ալմելոյի քաղաքապետ Եոն Հերմանս-Ֆլուտպելտի հետ:
Դեսպանը քաղաքապետին շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայնքին հանդէպ անոր ցուցաբերած ուշադրութեան համար եւ շեշտեց կարեւորութիւնը համայնքային կրթամշակութային ծրագիրներուն շարունակական աջակցութեան: Ան վստահեցուց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը ամէն ձեւով իր օժանդակութիւնը կը բերէ նման հարցերուն մէջ, որովհետեւ կ՛արժեւորէ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ հոլանտական հասարակութեան լիիրաւ անդամ դառնալը, նաեւ` ազգային ինքնութեան ու մշակոյթի պահպանումը:
Իր կարգին, քաղաքապետ Հերմանս-Ֆլուտպելտ պատրաստակամութիւն յայտնեց ծագած հարցերուն ականջալուր ըլլալու եւ ըստ հնարաւորութեան լուծումներ տալու:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը համաձայնեցան, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներով, միացեալ մշակութային ծրագիրներ իրականացնեն, որ հնարաւորութիւն կու տայ հոլանտական հասարակութեան աւելի մօտէն ծանօթանալ հայ ժողովուրդին կրթական ու մշակութային ժառանգութեան:
Արժանթին
«Արմենիա» Թերթի Խմբագիր
Գէորգ Գազանճեանի Պարգեւատրում
23 ապրիլին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Արժանթինի «Արմենիա» թերթի խմբագիր Գէորգ Գազանճեանը, «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի խմբագիր Տիանա Տէր Կարապետեանը, «Ինթեկրասիոն Արմենիա» ռատիոժամի տնօրէն Օսկար Լոլոմճեանը եւ Համազգայինի Հարաւային Ամերիկայի շրջանային վարչութեան քարտուղար Էտկարտօ Գէորգեանը:
Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց հայապահպանութեան գործին մէջ սփիւռքի լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը` անդրադառնալով սփիւռքի լրատուամիջոցներուն աջակցելու նպատակով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովը, «Երիտասարդ լրագրողներու դպրոց»-ը եւ շարք մը այլ ծրագիրներու իրականացման արդիւնքին մէջ շեշտուած է գործակցութիւնը այս ծիրէն ներս: Ան ներկայացուց նաեւ այս տարի տեղի ունեցած «Սփիւռք ամառային դպրոց» ծրագիրը:
Աւարտին, սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար նախարարը Արժանթինի «Արմենիա» թերթի խմբագիր Գէորգ Գազանճեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

