Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Ապրիլ 24-Ի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2012-ը սովորական օր մը չէր Հայ Աւետ. կեդրոնական բարձր. վարժարանին համար, որովհետեւ ապրիլեան ձեռնարկի մը պատրաստութիւնը եւ պատշաճօրէն մատուցումը պարտաւորեցնող էր բոլորին համար:

Հարկ է յիշեցնել, որ աշակերտական իւրաքանչիւր ձեռնարկ անպայման իր մէջ կը պարփակէ ուսանելի եւ թելադրական իմաստ, այլապէս ինքնադաստիարակութեան ճամբով հաղորդ դառնալու ազգային արժէքներուն եւ նախնեաց յիշատակին:

Արդարեւ, «Տէր Ողորմեա» շարականի ունկնդրութեամբ` վարժարանի աշակերտներ մոմավառութեամբ մուտք գործեցին սրահ, ուր զետեղուած էր Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտը:

Ոգեկոչման հանդիսութեան պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր դասարանի աշակերտներ:

Արդ, երկրորդ դասարանի չորս աշակերտներ ներկայացուցին «Մշոյ Ճառընտիր» գիրքին պատմականը:

Մարի-Մեղրի Դանիէլեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Պիտի իյնաս» բանաստեղծութիւնը:

Նուագով հանդէս եկան հետեւեալ աշակերտները` Աւօ Տաքէսեան (ջութակ), որ ներկայացուց «Սուրբ սուրբ»-ը, իսկ` Ռոպեր Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր»-ը նուագեցին Լոռի Եագուպեան եւ Լոռի Պիլալեան (սրինգ):

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ օրինակ բերելով կենդանական աշխարհի գոյատեւումի, պաշտպանուելու եւ վերապրելու գործընթացները, շեշտը դրաւ մարդ արարածի այս իմաստով ամէնէն նուիրական գիտակցութեան վրայ:

Ան ըսաւ, որ հայութիւնը թուրքին կողմէ ենթարկուեցաւ ամէնէն վայրագ վերաբերումին, որուն պատճառով մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներ ինկան անապատներու այրող հողերուն վրայ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր թուրք պետական բարձրաստիճան մարդոց կողմէ, որոնք անխնայաբար ջարդել տուին մեր հարազատները, աւելցուց պատգամաբերը:

Կարօ Յովհաննէսեան աշակերտներու ուշադրութեան յանձնեց այն հասկացողութիւնը, որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ շփոթի մատնած է մեզ հաւաքաբար: Այս իմաստով ան ընդգծեց, որ հարկ է առանց ամչնալու եւ հպարտօրէն յայտարարել, թէ մենք հայկական ծագումով տուեալ երկրի մը քաղաքացիներն ենք, ոչ թէ` պարզապէս լիբանանցի կամ ֆրանսացի:

Ան յատկապէս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ իւրաքանչիւր աշակերտի համար հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը պահելու եւ պաշտպանելու գիտակցութիւնը վառ պէտք է մնայ` շեշտը դնելով այն երեւոյթին վրայ, որ` հայերէնի մէջ սխալագրութիւնը կամ հայոց պատմութեան հանդէպ անտարբեր մօտեցումը ինքնին ջարդի համազօր երեւոյթներ են, որովհետեւ թուրք ջարդարարին նպատակն էր բնաջնջել հայութիւնը:

Աւարտին, ան աշակերտները հրաւիրեց ըլլալու հաւատաւոր, հայրենասէր եւ մշակութանուէր հայեր, որոնք իրենց գիտական պատրաստութեամբ պիտի շարունակեն հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթն ու առաքելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES