Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը,  գործակցութեամբ  ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, կազմակերպեցին դասախօսական շարք մը, որ տեղի ունեցաւ 13, 20, 27 ապրիլ 2012-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.

1.- «Հաւասարակշռուած սննդականոնի անհրաժեշտութիւնը եւ պատրաստ ճաշերու անպատեհութիւնը», դասախօս` սննդագէտ Մարիա Թէքէեան:

2.- «Քրոնիք հիւանդութիւններ` սրտանօթային, գերճնշում, բարձր քոլեսթերոլ, թրիկլիսերիտ», դասախօս` ընդհանուր մարմնի բժիշկ Յարութիւն Այնթապլեան:

3.- «Տարեցներու հանդէպ անհանդուրժողութիւնը ընտանիքին մէջ եւ տարակարծութիւնները յաղթահարելու կերպերը», դասախօս` ընկերային ծառայող Վանան Մանճիկեան:

Դասախօսական շարքին ներկայ գտնուեցան միջին հաշուով 82 անձեր, որոնք ապագային պիտի ստանան բժշկական անվճար այցելութիւն եւ ամբողջական արեան քննութիւն ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան մէջ:

Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ առաջ ներկաները հետեւեցան կէս ժամ տեւողութեամբ տեսերիզի ցուցադրութեան, որ կը ներկայացնէ սննդագէտի կողմէ պատրաստուած ճաշերու կերպերը եւ առողջապահական խոհանոցային գիտելիքներ:

Յանձնախումբը եւ բաժանմունքը, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղին, պիտի կազմակերպէ այլ դասախօսական շարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 8, 15 եւ 22 մայիսին, «Ռաուտա»-ի ակումբի սրահին մէջ:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԼՕԽ-Ի «Ա. ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES