Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան . Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչում

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2012-ի կէսօրին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները նշեցին ապրիլ 24-ը:

Յայտագրին ներկայ էին վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու աշակերտները:

Բացման խօսքը կատարեց վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Լոռի Սանոսեան, որմէ ետք աշակերտները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն: Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան բոլոր դասարաններէն աշակերտներ, որոնք արտասանեցին ու երգեցին Մեծ եղեռնի յատուկ ոտանաւորներ ու երգեր:

Յայտագրի աւարտին, աւարտական` վեցերորդ դասարանի աշակերտները, ներկաներուն ներկայացուցին Գէորգ Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին Ա. հատորէն բաժին մը` «Անունս ի՞նչ է»:

Խանդավառուած եւ մեծապէս ազդուած հեղինակին վերոյիշեալ հատորէն, որուն մէջ տրուած վկայութիւնները ճշմարիտ եւ փաստացի իրականութիւններ են, աշակերտներուն իսկ առաջարկով «Անունս ի՞նչ է» բաժինը ներկայացուեցաւ եւ թափանցեց բոլոր աշակերտներուն հոգիներէն ներս:

Վերջին բաժնով տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Իւրաքանչիւր դասարանէ ներկայացուցիչ մը ճրագ մը զետեղեց աշակերտներու ձեռամբ պատրաստուած Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ:

Մոմավառութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Արեգնազ Աղասարգիսեան, որ անդրադառնալով 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան` շեշտեց Եղեռնի զոհերուն յիշատակը անմար պահելու անհրաժեշտութիւնը, գնահատեց աշակերտական նախաձեռնութիւնները եւ թելադրեց սերունդէ սերունդ փոխանցել միասնակամութեան ոգին` միշտ ներկայ ըլլալով ապրիլ 24-ի առիթով կազմակերպուած ոգեկոչումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES