Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Կ՛Ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան 97-րդ Ամեակը

Ճեմարանի աշակերտները զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեցին 24 ապրիլի Ցեղասպանութեան յիշատակը:

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Դ.-ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան Ճեմարանի բացօթեայ բակը, ուրկէ պիտի սկսէր քայլարշաւը: Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին` ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին: Կրելով անոնց տանջանքին մէկ աննշան բաժինը` քալելով պիտի երթանք մինչեւ մայրավանք, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգիստ` Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին դիմաց»:

Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ քալեցին մինչեւ մայրավանք, ուր կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, Ս. Ստեփանոսի մատրան դիմաց լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն հետ միասնաբար համախմբուած` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Բոլոր աշակերտները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին մատրան դիմաց:

Մայրավանքէն վերադարձին, ժամը 1:30-ին Ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը` ներկայութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին:

Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններէն մինչեւ ահաբեկչական արարքները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, Ը. դասարանէն Սերին Սարգիսեան երգեց «Ils sont tombés», ապա ԺԲ. դասարանի աշակերտներ Սարհատ Գեթսեմանեան, Արեւիկ Փափազեան, Թամար Սարգիսեան, Անտրէա Գաժագժեան եւ Սեպուհ Թորիկեան ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Գեղօն հայ որբին» եւ «Հպարտութիւն» բանաստեղծութիւնները: Այնուհետեւ Ը. դասարանի աշակերտները մեծ յաջողութեամբ ու գնահատելի կատարողութեամբ բեմականացուցին Աւետիս Ահարոնեանի «Արիւնոտ թթխմոր»-ը:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը շարունակեցին Է. դասարանէն Արին Թաշճեան, Յակոբ Թաշճեան եւ Նարէ Աշգարեան` ասմունքելով Մատթէոս Զարիֆեանի «Ծառը» բանաստեղծութիւնը, ապա Թ. դասարանէն Միրէյ Սալորեան Դ. դասարանի աշակերտներուն ընկերակցութեամբ երգեց «Թող հնչեն շեփորք» եւ «Քարաւան»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ բարձր գնահատելէ ետք աշակերտական ելոյթները` ըսաւ. «Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք արդէն ձեր ներկայացուցած այս գեղարուեստական յայտագրով փոխանցեցիք օրուան պատգամը: Ես պարզապէս զայն պիտի շեշտեմ հիմա: Մ. Զարիֆեանի ակնարկած ծառը, որ դարեր մնացեր է այդ դաշտին մէջ, որուն բունը հաստցեր է, եւ ծառը մեծցեր ու թէեւ փոթորիկներ եւ արհաւիրքներ տեսեր, բայց այդ ծառը անդադար ծաղկեր է: Օր մը, երբ չար մարդիկ այդ ծառը արմատախիլ ըրին, ըստ Զարիֆեանի, ծառը վերածուեցաւ տեսակ մը գերեզմանի, սակայն հետագային այդ ծառին կողէն ելան բարունակներ, նոր ծիլեր, որոնք մեծնալով` նոր ծառեր դարձան: Այդ ծիլերը մենք ենք, դուք էք: Բազմաթիւ վտանգներու դիմադրելէ ետք, այդ ծառը կանգուն մնաց, ինչպէս մենք` Եղեռնէն ետք, ծիլ տուինք, բազմացանք, շարունակեցինք ստեղծագործել ու յարատեւել: Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք այսօր այս ձեռնարկը որոշած էք փակել «Զարթի՛ր լաօ»  երգով, որպէսզի այդ ծիլը իրապէս նախկին ծառին դերը կատարէ, պիտի յիշեմ այդ երգին վերջին տունը, որ յաճախ կը մոռցուի: Հոն կ՛ըսուի. «Ա՛լ ի՛նչ իյնամ օտար դռներ, երթամ փնտռեմ իմ խեղճ գառներ, սարքեմ իմ տուն ու այգի, զարթի՛ր լաօ®»: Այս կը նշանակէ, որ ճակատագրի բերումով մենք` թափառական ու օտար դռներ հասած եւ հոն ծլարձակած, օր մը պիտի որոշենք վերադառնալ ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ, պիտի գտնենք ՄԵՐ ԳԱՌՆԵՐԸ` մեր ունեցուածքը, պիտի շինենք ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ, ՄԵՐ ԱՅԳԻՆ, որպէսզի անգամ մը եւս կեանքը սկսի հոն: Տունդարձը խօսքով չ՛ըլլար, այլ պէտք է պայքարով, աշխատանքով եւ գիտութեամբ պատրաստուինք, որպէսզի օր մը, երբ շեփորը հնչէ ջահը վերցնելու եւ երթալու տունը շինելու, մենք հաստատ քայլերով յառաջ երթանք»:

Տնօրէնին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ նազպար մը, եւ ձեռնարկը փակուեցաւ «Խուժան ասկեար» երգով:

Նոյն օրը տարրական բաժինի աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան զոհերուն` Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղելով: Անոնք նաեւ «Հայր մեր»-ը աղօթեցին անմեղ զոհերու յիշատակին:

Ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ին, ժամը 1:30-ին նախակրթարանի աշակերտները նշեցին Ցեղասպանութեան 97-ամեակը` ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցիչներուն, եւ  հիւրաբար նաեւ` հանրածանօթ դերասանուհի, բեմադրիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց Լոռի Գորեսեան, ան ըսաւ. «Մենք` պատանիներս, պէտք է թիավարենք թշնամիին նենգամիտ հոսանքին դէմ եւ ասիկա կրնանք ընել` իբրեւ զէնք գործածելով հա՛յ լեզուն, հա՛յ մամուլը եւ հա՛յ մշակոյթը: Ճանչնանք մեր պատմութիւնը, քաջալեր դառնանք հայ գիրքին եւ թերթին, վա՛ռ պահենք մեր ազգային արժէքները, ապա զարգացած եւ գիտելիքներով զինուած` ցոյց տանք աշխարհին, թէ ջարդ տեսած, սակայն վերապրած հայ ժողովուրդը ունի արժանաւոր ժառանգորդներ, բարոյական հսկայ հարստութիւն եւ արդա՛ր իրաւունքներ»:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը սկսաւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատրաստած տեսերիզով, որ կ՛ընդգրկէր Ցեղասպանութեան պատմութիւնը` մինչեւ ահաբեկումները, ապա Հայկ Աւետիս եւ Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Չյագեցած վրէժ»-ը: Նանի Գալուստեան սրինգով նուագեց «Կիլիկիա» եւ «Օրօր», ապա Դ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Թող հնչեն շեփորք»-ը: Նարօտ Խաչատուր ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Մենք խաղաղ էինք» բանաստեղծութիւնը, ապա Շահան Հաւաթեան, Վահագն Պեզճեան, Ճորճիօ Ֆեղալի, Կարօ Գրիգորեան եւ Քրիսթիան Գապաքեան տհոլներով նուագ մը ներկայացուցին: Ե. դասարանի աշակերտները ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ուխտ ապրիլեան»-ը, ապա Կայէլ Գրիգորեան քանոնով նուագեց «Քելէ-քելէ», որմէ ետք Ե. դասարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին հայկական պար մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց մտաւորական Եսայի Հաւաթեան, որ Արմէն Անուշի (Արմէն Մարաշլեան) «Արեան ճանապարհով» գիրքէն դրուագներու ընդմէջէն ներկայացուց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն կրած չարչարանքները, զրկանքներն ու տառապանքը` շեշտելով հայ մայրերու կամքը, ուժն ու զոհողութիւնները, երբ արական սեռի բացակայութեան` անոնց ուսերուն ծանրացան գոյատեւման ուղիին վրայ գտնուող բոլոր դժուարութիւնները:

Ձեռնարկի աւարտին Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Յիշենք, որ նախակրթարանի աշակերտները ապրիլ ամսուան ընթացքին հայոց պատմութեան դասանիւթի ծիրին մէջ ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքները` հետեւեալ նիւթերով. Դ. դասարաններ` պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններու ներկայացում, Ե. դասարաններ` մշակութային ջարդ, իսկ Զ. դասարաններ` պահանջատիրութեան նիւթով որմազդներ:

 

Share this Article
CATEGORIES