Բոյսերուն Հունտերուն Օգտակարութիւնը

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Կարգ մը բոյսերու հունտերը օգտակար եւ սննդարար են: Անոնք կը պարունակեն սննդական զանազան տարրեր, ինչպէս` կենսանիւթեր Պէ-քոմփլեքս եւ Էօ: Բոյսերուն հունտերը նաեւ աղբիւր են քալսիոմի, ֆոսֆորի, մակնիզիոմի, երկաթի եւ պղինձի: Ըստ սննդագէտներու, բոյսերու հունտերուն պարունակած մակնիզիոմին քանակը շատ աւելի մեծ է այլ ուտելիքներու մէջ գտնուող մակնիզիոմի քանակէն: Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ անոնց մէջ գտնուող ճարպը չյագեցուած ճարպ է:

Բոյսերու հունտերուն հիմնական արժանիքը այն է, որ զանոնք կարելի է սպառել հում, եփած կամ չոր վիճակի մէջ, եւ անոնց սննդական արժէքը կը մնայ նոյնը: Օրինակի համար, ձմերուկի, արեւածաղիկի եւ դդումի հունտերը հին դարերէն սկսեալ կ՛օգտագործուէին իբրեւ ուտելիք: Անոնք սննդարար են եւ կը պարունակեն փրոթէին:

Կարգ մը հունտեր կ՛օգտագործուին իբրեւ համեմունք, օրինակ` անիսոնը, քարաւէն, քիմիոնը, շամրան, սամիթը, մանանեխը եւ խաշխաշը: Այս տեսակի հունտերը կարելի է աւելցնել ապուրի մէջ, աղցանի մէջ, թացանի մէջ, հացեղէններու, կարկանդակի տեսակներու եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններու մէջ: Կարելի է զանոնք իբրեւ պահածոյ երկար ժամանակ պահել, սակայն պէտք է պահել խոնաւութենէ զերծ տեղ մը:

Կտաւատի հունտը

Կտաւատի հունտը կը պարունակէ մօտաւորապէս 30-40 առ հարիւր իւղ, որ պնդութեան դէմ ազդեցիկ է: Ինչպէս նաեւ կը պարունակէ բնական էսթրոժեն, հետեւաբար դաշտանին պատճառած ցաւերը կրնայ թեթեւցնել եւ դաշտանադադարի հանգրուանի հասնող կնոջ համար օկտակար է: Զայն կարելի է սպառել սրսկելով պտուղներուն վրայ կամ աւելցնելով կաթնեղէններուն կամ այլ տեսակի ուտեստեղէններուն վրայ:

Սոճիի հունտը

Սոճիի հունտը սննդարար եւ օգտակար ուտելիք մըն է, ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար: Անիկա աղբիւր է սննդական զանազան տարրերու, ինչպէս կենսանիւթեր` Ա., Պէ-քոմփլեքս եւ Էօ: Կը պարունակէ նաեւ բաւարար քանակութեամբ հանքային աղեր` մակնիզիոմ, ֆոսֆոր, երկաթ, պղինձ եւ զինկ: Անիկա հարուստ է նաեւ չյագեցուած ճարպերով եւ նշայով: Սոճիի հունտը օգտակար է անոնց, որոնք շնչառական գործարանի հարցեր ունին: Սոճիի հունտը կարելի է խարկել եւ սպառել իբրեւ պիստակեղէն: Կարելի է զայն աւելցնել պտուղներու, աղցանի, կաթնեղէններու եւ այլ ուտելիքներու վրայ:

Խաշխաշի հունտը

Խաշխաշի հունտին օգտագործումը կը հանդարտեցնէ, կը թուլացնէ ջիղերը եւ կարելի է նաեւ օգտագործել իբրեւ ցաւազրկիչ: Կարելի է զայն աւելցնել զանազան տեսակի ուտելիքներու վրայ, ինչպէս` հացի, անուշեղէններու, կարկանդակի, աղցանի եւ թացանի. օրինակ` կարելի է աւելցնել գարիի թացանին մէջ:

Եթէ կ՛ուզես թեթեւ ընթրիք պատրաստել նախքան քնանալը, հետեւեալը կ՛օգնէ հանգիստ քնանալու:

Կէս գաւաթ խաշխաշի հունտին վրայ աւելցուր մէկ, փոքր դգալ  շամրա, մէկ փոքր դգալ մանրուած ազատքեղ, կէս հատ մանրուած սոխ, մէկ փոքր դգալ ձէթ եւ գաւաթ մը մածուն: Այս բոլորը խառնէ ելեկտրական գործիքով, մինչեւ որ ամբողջութիւնը վերածուի թացանի: Թացանը աւելցուր հազարի կամ այլ տեսակի աղցանի վրայ: Այս աղցանը կը հանգչեցնէ մարմինը եւ քնանալու պահանջը կ՛աւելցնէ:

Շուշմայի հունտը

Շուշմայի հունտը կը պարունակէ 50 առ հարիւր չյագեցուած, բազմատեսականի իւղ: Անիկա կը պարունակէ փոքր քանակութեամբ պեթաքարոթին եւ կենսանիւթ Էօ, իսկ մեծ քանակութեամբ հետեւեալ կենսանիւթերը` Պէ-քոմփլեքս, Պէ1, Պէ3, Պէ6, ֆոլիք թթու, պիոթին եւ փանթոթենիք թթու: Շուշմայի հունտը աղբիւր է քալսիոմի, ֆոսֆորի, երկաթի, լեսիթինի եւ ամինօ թթուներու: Հետեւաբար շուշմայի հունտը օգտակար է ջղային դրութեան եւ կ՛օգնէ առողջապահական կարգ մը հարցերու:

Միջինարեւելեան երկիրները առատօրէն կ՛օգտագործեն շուշման: Զայն կարելի է խարկել տապակի մէջ, թեթեւ կրակի վրայ եւ սպառել` աւելցնելով զանազան տեսակի ուտելիքներու վրայ` աղցաններու, թացաններու, կարկանդակներու, կաթնեղէններու, կրկնեփներու, հացատեսակներու եւ այլն:

Արեւածաղիկի հունտը

Զանազան երկիրներու մէջ արեւածաղիկ կ՛աճեցնեն: Անկէ կը պատրաստուի արեւածաղիկի իւղ, որ կ՛օգտագործուի զանազան ուտելիքներու մէջ, եւ որ չյագեցուած ճարպ կը պարունակէ: Արեւածաղիկի հունտը բաւարար քանակութեամբ  Ա եւ Էօ կենսանիւթեր կը պարունակէ: Անիկա  աղբիւր է կարգ մը հանքային աղերու, մասնաւորաբար` երկաթի, եւ 25 առ հարիւր փրոթէին կը պարունակէ:

Արեւածաղիկի հունտը կարելի է խարկել տապակին մէջ կամ փուռը զետեղելով` հրամցնել ընտանիքի անդամներուն, մասնաւորաբար փոքրերուն, որպէսզի թեթեւ եւ օգտակար ուտելիք սպառեն` փոխան տապկուած գետնախնձորի կամ այլ վնասակար ուտելիքներու:

Բոյսերուն ծիլերը, հունտերը եւ կուտերը

Բոյսերուն հունտերը, ծիլերը եւ կուտերը կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ բնաթել: Այս իսկ պատճառով անոնց ծիլերը շատ օգտակար են առողջութեան համար: Հունտերու ծիլեր ստանալու համար 50 կրամ հունտ դիր մեծ ամանի մը մէջ, անոր վրայ աւելցուր քիչ քանակութեամբ ջուր եւ մէկ գիշեր ձգէ տաք տեղ մը: Ապա ջուր աւելցնելով` ծածկէ զայն կտաւով: Յաջորդաբար երեք օր, առաւօտեան եւ գիշերը ջուր աւելցուր անոր վրայ: Երեք օր վերջ կ՛երեւին ծիլերը, որոնք քանի մը օր անպայման պէտք ունին արեւու ճառագայթներու, որպէսզի աճին եւ պատրաստ ըլլան սպառումի:

Տան մէջ կարելի է ցանել հետեւեալ հունտերը` անոնց ծիլերէն օգտուելու համար. ասպաստի, կոտեմի, հացնամեմի, սպիտակ մանանեխի, բողկի, վարսակի, սիսեռի, շուշմայի, արեւածաղիկի, ցորենի, սօճալուբիայի, կորեկի, ոսպի եւ այլն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES