Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան «Պատկեր» Արհեստի Եւ Արուեստի Կեդրոնի Բացում
Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Արհեստներու բարեկամներուն, 21 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Պատկեր» արհեստի եւ արուեստի կեդրոնին բացումը` «Արհեստաւորներու եւ յղացողներու աշխարհը. մեծարանք հայկական մշակութային ժառանգութեան» նիւթով:
Բացման խօսքը արտասանեց Արփի Մանկասարեան, որ բացատրեց, թէ «Պատկեր» կեդրոնին նպատակն է պահպանել ջարդէն ճողոպրած հայուն արուեստն ու արհեստը, որոնք սերունդէ սերունդ պահպանուած էին եւ տակաւին կը շարունակեն գոյատեւել աւելի արդիականացած ձեւով, սակայն երբեմն կորուստի ենթարկուելու վտանգի մէջ են: Ան նկատել տուաւ, որ «Պատկեր» կեդրոնը հայկական մշակոյթի, արուեստներու, աւանդութիւններու պահպանման եւ քաջալերման վայր մըն է: Կեդրոնին մէջ կայ նաեւ ճաշարանի բաժին մը, ուր կը հրամցուին հայկական աւանդական ճաշեր:
Բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Արմինէ Չուքասըզեանի (դաշնակ), Րաֆֆի Թորոսեանի` (սաքսոֆոն), «Միհր» եւ «Կարապալա» նուագախումբերուն (հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն), Պշարա Աթալլայի եւ Հայկ Փափազեանի (կենդանի պատկեր):
Ցուցադրուած էին լուսանկարներ` Նարեկ Տ. Պ. մետաղային արուեստներ` Գօգօ Իշխանեան, գեղանկարչութիւն` Ռոստոմ Գույումճեան:
Ցուցադրութիւնը եւ գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ կիրակի, 22 եւ երկուշաբթի, 23 ապրիլին. սոյն օրերու գեղարուեստական բաժիններուն մասնակցեցան Տաթեւիկ Արթինեան (դաշնակ), Անիթա Թութիկեան եւ Արա Ազատ (գեղանկարչութիւն):

