ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ . Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ Ամեակի Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչումը: Ձեռնարկը յատկացուած էր գիւղի երեք վարժարաններու աշակերտութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Լալիկ Խօշեան հրաւիրեց աշակերտները` յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուածներուն, ապա ան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ` «Աշխարհի բոլոր հայկական վարժարանները իրենց դռները փակ պահեցին ապրիլ 24-ի առիթով, սակայն ձեզի համար, սիրելի աշակերտներ արձակուրդի սովորական օր մը չեղաւ, այլ դուք` բոլորդ, ձեր տարեկից հայ քոյր-եղբայրներուն հետ, ամէնուրեք ձեր հոգիներուն ձայնն ու արեան կանչը նոյնացուցիք այդ օրը: Ապա ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ ըլլայ պահանջատէր եւ մեր նախահայրերուն սրբազան կտակին` ջահակիր: Ան շարունակելով իր խօսքը` վեր առաւ հայ աշակերտին տիպարը` թէ՛ որպէս մարդ, թէ՛ որպէս հայ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Դո՛ւք, սիրելի՛ աշակերտներ, ձեր հոգիներուն մէջ թէ իմացականութեան, ամրացուցէք մեր ամբողջական հայրենիք կերտելու վսեմ գաղափարը»:
Օրուան պատգամը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Րաֆֆի Գէորգեան: Անոր խօսքին զուգընթաց, սկսաւ պաստառին վրայ «փաուըր փոյնթ»-ով ցուցադրուիլ Եղեռնէն պատկերներ` համապատասխան խօսքերով:
Ան իր խօսքը սկսաւ Ուիլիըմ Սարոյեանի այն մարտահրաւէրով, թէ` «Կ՛ուզէ այս աշխարհի մէջ տեսնել ուժ մը, որ կարենար ջնջել այս ցեղը…»:
Րաֆֆի Գէորգեան պատմական արագ ակնարկով մը աշակերտութեան ուշադրութեան յանձնեց այն մռայլ պահերը, ուր «Արեւմտահայ մտաւորականութեան ոչնչացումով ազդանշանը կը տրուէր ժողովուրդի մը տեղահանութեան եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան իրագործման: Դէպքերու յաջորդականութիւնը ներկայացնելէ ետք, ան ըսաւ. «Թուրք դահիճները որոշած էին սուրիական անապատը դարձնել հայութեան վերջին գերեզմանը: Սովալլուկ ու մերկ հայ գաղթականները ամիսներով անապատի փուշերով ու մարախներով սնանեցան»:
Խօսելով ճանաչման աշխատանքներուն մասին` ան ըսաւ. «Մինչ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կը շարունակէ յաջողութիւններ արձանագրել, սակայն թրքական պետութիւնը կը բազմապատկէ Ցեղասպանութեան ուրացման իր ջանքերն ու միջոցները»: Հակառակ թուրքին այս կեցուածքին` Ցեղասպանութեան հրապարակային եւ միջազգային արծարծումներով այսօր կը զբաղին ոչ միայն հայ, այլ նոյնիսկ թրքական շրջանակներ: Ան իր խօսքը եզրափակելով` աշակերտութեան առջեւ դրաւ ապագայի ակնկալութիւնները եւ ըրաւ շեշտադրումներ` աւելի զգաստ, աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք ձեռք ձգելու համար, որովհետեւ, պէտք է հաւատանք Վահան Թէքէեանի խօսքերուն, ուր բանաստեղծը կ՛ըսէ.
«Պիտի իյնաս, կ՛իյնաս ալ, բայց որպէսզի դեռ ճանչնաս
Քու անարգ սիրտդ ծակող մեծագոյն ցաւը վերջին
Պիտի զարնեն քեզ անոնք որ քեզ յաճախ փրկեցին…
Ու չմեռած դեռ տեսնես պիտի արդար պատուհաս
Ծաղկիլը մեր աշխարհին զոր թողուցիր աւերակ
Ու ցնծութիւնը մերին` քու ստրուկի աչքիդ տակ…»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: Աշակերտները ցրուեցան` պահանջատիրութեան ոգիով ամրացած:
ԹՂԹԱԿԻՑ

