ԶԱՒԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

«Ու գալու է մի ժամանակ,
Երբ որ պիտի մարդիկ նաեւ
մեզպէսներին երկրպագեն`
Ո՛չ կուռքի պէս,
Ո՛չ էլ Աստծու,
Այլ հերոսի՜…»:

 Պ. ՍԵՒԱԿ

Ուղիղ քառորդ դար առաջ Այնճարի գերեզմանատան մէջ թարմ շիրիմի մը վրայ բարձրացած այս տապանաքարը իր ներքեւ կը պարփակէր աճիւնները այն հերոսին, որ հարիւր տակոսով հարազատ էր բանաստեղծի տողերուն:

Ընկ. Զաւէն Թաշճեան, հակադաշնակցական պայքարի ծիրին մէջ, արժանաւոր ընկերներու շարքին, ինք եւս թիրախ դարձաւ թրքաբարոյ ու թրքամէտ ձեռքերու անարգ ոճիրին:

Օրը երկուշաբթի էր. 13 մարտ 1986:

Այնճարի պատմութեան մէջ աննախընթաց ցնցում յառաջացնող այս դէպքը ժողովրդային մակարդակի վրայ դիմաւորուեցաւ համատարած ընդվզումով, որովհետեւ թշնամին իր թիրախի ընտրութեան մէջ դժբախտաբար չէր սխալած ու յաջողած էր կտրուկ ձեւով հարուածել գիւղի ամբողջական դիմագիծը անարատ ու անսասան պահելու անխոնջ պահապանը:

Բայց ինչքան ալ մեծ եղաւ ցնցումը, հիմա` իր նահատակութենէն 25 տարիներ ետք, հարկաւոր է զգացական արտայայտութիւններէ դուրս ելլելով, Մեծ հերոսին ամբողջական ու իսկական արժեւորումը կատարել` թէկուզ համեստ բառամթերքով:

Առաջին հերթին պէտք է ընդգծել անսպառ զոհողութիւն վերցնելու իր աննկուն կամքը, իր կեանքը Դաշնակցութեան բագինին նուիրաբերելու անսակարկ նուիրումն ու դաշնակցական գործին նկատմամբ իր անձնուրաց հաւատքը:

Իր նահատակութեամբ մարմնաւորուեցաւ քաջարի մուսալեռցիի հանգամանքը ու իր մահով ծնաւ հերոսը:

25-ամեայ հերոս ընկ. Զաւէնը, ազգային զանազան բնագաւառներու մէջ եղաւ յանդուգն մշակը, որ բոլորեց տղամարդու վայել ժամանակահատուած մը:

Չընկրկեցաւ, որեւէ դժուարութեան պարագային կրցաւ զինուիլ հաւատքով ու աշխատասիրութեամբ: Ինքնավստահութիւն ու կորով ջամբեց շուրջիններուն ու գործի նկատմամբ պատասխանատուութիւն վերցնելը կրցաւ վերածել հաճելի վարժութեան:

Նախանձախնդիր էր ու պահանջատէր, նոյնիսկ իր անձին նկատմամբ համակրանքը խնդրոյ առարկայ դարձնելով, որովհետեւ երբեմն շուրջիններն անգամ կը յոգնէին ու կը դառնանային իր խստութենէն, բայց, ինչ փոյթ, գործը կ՛ընթանար յաջող:

Ակումբին մէջ իւրայատուկ ներկայութիւն մըն էր: Դաշնակցական գործի նկատմամբ ունէր արտակարգ հասկացողութիւն եւ ըմբռնում:

Զգուշ էր, բայց վարանոտ չէր, դիւանագէտ չէր, բայց հաւաքական կեանքի ու աշխատանքի ջատագովն էր:

Իրեն համար կային ժողովական կեանքի սրբութիւններ, որոնք պէտք է կիրարկուէին ամէն գնով:

Որոշում տալը, կարծիքի փոխանակում ունենալը, համոզում գոյացնելն ու աշխատանքը հաւաքաբար կարգաւորելու սկզբունքները յաջողութեան կարեւոր երաշխիքներն էին:

Մէկ խօսքով, ընկ. Զաւէնը կուսակցական-հասարակական մեր իրականութեան մէջ իր արժանավայել դիրքն ու դրոշմը ունեցաւ:

Եւ ընտանիքին մէջ զինք ճանչցող ոեւէ անձ, միա՛յն հիացումով պիտի շեշտէ հայրական պարտաւորութեանց իր բացառիկ նուիրուածութիւնը:

Պարզապէս հայր չէր ան: Հայրութեան ընթացքին` տունին մէջ հայկականութիւն կը ծաւալէր:

Հայրութեան մէջ գիր ու մշակոյթ գոյութիւն ունէր:

Հայրութեան ընդմէջէն հայեցի դաստիարակութիւն, Հայ դատ ու Ազգային պայքար կը ժայթքէր:

Բայց աւա՜ղ, 1986-ի մարտ 3-ին, իր մահով գիւղն ու հայութիւնը կորսնցուցին արժէքաւոր հայրն ու հայը, որուն բացակայութիւնը զգալիօրէն շեշտուած է:

Այնճարի մէջ գործող ազգային, կրթական ու ընկերամշակութային բոլոր հաստատութիւնները կարօտը ունին մեծանուն հայուն ու հերոսի գործելաոճին, որուն տեղը դեռ չէ լեցուած ամբողջութեամբ:

Յիշատակդ անթառամ յարգելի ու վսեմ ընկե՛ր: Հերո՛ս ընկեր:

 Վ. ԽՕՇԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS