ՉԿԱՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ, ԹԷ ՆԵՂԱՑԱԾ ՉԵՆ
Հայկական սփիւռքի ականաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը ձայն կը բարձրացնէ ջրելու համար այն ենթադրութիւնները, թէ Հայաստանի օժանդակութիւնը կասեցնելու ամերիկահայ միլիառատէր Գըրգ Գրիգորեանի անցեալ շաբթուան որոշումը կապուած է որեւէ անվստահութեան հետ, որ հռչակաւոր մարդասէրը ունեցած է Հայաստանին տրամադրած հարիւրաւոր միլիառ տոլարի գումարին կառավարման վերաբերեալ:
Երբ տարաձայնութիւններ եղան, թէ «Լինսի» հիմնադրամը պիտի լուծուէր, եւ թէ անոր երկու հարիւր միլիոն տոլարը պիտի փոխանցուէր «Եու.Սի. Էլ. Էյ.»ի մէջ նոր հիմնադրամի մը, «Քալիֆորնիա քուրիըր»ի ականաւոր յօդուածագիր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան քաղաքավարօրէն շրջանցեց իր տեսակէտը տալու մեր դիմումը` նշելով, թէ` «Ես «Լինսի»ի բանբերը չեմ»:
Սակայն «Լինսի»ի եւ տեղական իշխանութիւններուն միջեւ անհանգիստ յարաբերութիւններու մասին յօդուածի մը հրատարակումէն ետք, հիմնարկի աւագ փոխնախագահ Սասունեան (որուն ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի այս ամիս), պատասխանեց «Արմինիա նաու»ին եւ «Առաւօտ տէյլի»ին, ինչպէս նաեւ շաբաթավերջի հարցազրոյց մը տուաւ հեռատեսիլէն` ըսելու համար, թէ «Լինսի» հիմնարկը որեւէ տագնապ եւ անվստահութիւն չէ ունեցած Հայաստանի մէջ իր բարեգործութեան վերաբերեալ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հիմնադրամը ինչո՞ւ կը փակուէր, ենթադրաբար կտրելով մարդասիրական օժանդակութեան հոսանք մը, որ օգուտ բերած է Հայաստանի ընկերային կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, Սասունեան պատասխանեց, թէ` «Միայն պրն. Գրիգորեանը կրնայ պատասխանել այդ հարցումին: Ես պրն. Գրիգորեանը չեմ եւ իրաւունք չունիմ պատասխանելու իր կողմէ»:
Այդուհանդերձ, համարձակօրէն արտայայտուուղ խմբագիր-խորհրդականը բնաւ ետ չքաշուեցաւ «սրբագրելու ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւնները», որոնք կը կեդրոնանային հանրային ընդարձակ ըմբռնումի մը վրայ, թէ Գրիգորեան իր դրամը քաշած էր, որովհետեւ համաձայն չէր գտնուած տեղացի վարչականներուն կողմէ զայն կառավարելու ձեւին:
Ըսել, թէ «Լինսի» հիմնադրամը սխալ կերպով կառավարուած էր, ինչպէս կ՛ըսուի քաղաքական ընդդիմութեան անդամներու եւ ուրիշներու կողմէ, «սխալ ամբաստանութիւն» մըն է, կ՛ըսէ Սասունեան: «Լինսի»ի հիմնադրամը սխալ կառավարման չէ ենթարկուած»:
Ան տակաւին «ամբողջապէս սխալ» կոչեց այն ամբաստանութիւնները, թէ «Լինսի»ի հարիւր եօթանասուն միլիոն տոլար արժող 2001-2003 թուականներու մշակութային ծրագիրը (որ կարելի դարձուց ճանապարհաշինութիւնը, ինչպէս նաեւ ականաւոր մշակութային կոթողներու վերանորոգութիւնը) բոլորին կողմէ տեսնուեցաւ իբրեւ հարստութեան խրախճանք մը` անխիղճ պատեհապաշտներու համար, որոնք, ըստ կասկածամիտ հանրութեան, գրպանեցին դրամին մէկ մասը:
Ինչ կը վերաբերի այն տեղեկութիւններուն, թէ օրուան նախագահական անձնակազմի պետ Արտաշէս Թումանեան արձակուեցաւ «Լինսի» հիմնարկին մէջ իր տեղական վարչական պաշտօնէն` իբրեւ արդիւնք նախագահի վերահսկողութեան ծառայութեան կողմէ բացուած քննութեան, Սասունեան կ՛ըսէ, թէ Թումանեան արձակուեցաւ «անկախ քաղաքական կուսակցութիւն մը կազմելուն պատճառով եւ ոչ թէ «Լինսի»ի հետ կապուած որեւէ հարցով: Այդ նշուեցաւ նաեւ անոր հրաժարման պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի կրթութեան մարզի նախկին ծառայող եւ ներկայիս Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական Անահիտ Բախշեանի այն ամբաստանութեան, թէ «Լինսի»ի դրամը ծրագրուած էր տասնեօթը դպրոցներու վերանորոգութեան համար, երբ իրականութեան մէջ միայն տասն ամբողջացած էին, Սասունեան պատասխանեց, թէ` «Այդ մէկը ճիշդ չէ: Ծրագիրը սկիզբէն վերանորոգել էր տասը դպրոց եւ բոլորն ալ վերանորոգուեցան: Այդ յաւելեալ եօթը դպրոցները ծրագիրին մէջ չկային բնաւ: Անոնք պարզապէս նշուած էին Հասկացողութեան յիշատակագիրին մէջ իբրեւ յաւելեալ կերպով նկատի առնուելիք դպրոցներ, եթէ պատահէր, որ դրամը աւելնար կամ «Լինսի»ն որոշէր աւելցնել իր տրամադրելիք գումարը եւ վերանորոգէր մէկ կամ երկու յաւելեալ դպրոցներ»:
Սասունեան դիտել կու տայ, թէ Ա. Բախշեան «սխալած է» իր այն համոզումին մէջ, թէ կառավարութիւնը չկատարեց պետական պիւտճէէն «Լինսի» հիմնադրամին հատուցում տալու իր պարտաւորութիւնը, երբ տեղական թղթադրամի` դրամի, արժէքի սուր բարձրացումը հաւասար արժեզրկում պատճառեց դպրոցներու ծրագիրին համար «Լինսի»ի տրամադրած գումարին (տոլարով):
«Կառավարութիւնը կամրջեց բացը եւ պետական պիւտճէէն նկատառելի գումարներ աւելցուց ամբողջացնելու համար ծրագիրին մէջ եղող տասը դպրոցներուն վերանորոգութիւնը», բացատրեց Սասունեան:
«Լինսի»ի ջանքերուն ծանօթ եղողները «Արմենիա Նաու»ին դիտել տուին, թէ Հայաստանի մէջ մշակութային բարեսիրական աշխատանքներու վերջին քանի մը տարիներու հիմնադրամի ներկայացուցիչները մերթ ընդ մերթ հարց կ՛ունենային տեղական իշխանութիւններուն կողմէ ծրագիրներուն կառավարման վերաբերեալ, հանդիպումներ ունենալով նախագահ Քոչարեանի հետ` դժգոհութիւններ յայտնելու համար:
Յատուկ օրինակ մըն է ճամբաներու եւ մայթերու շինութեան հարցը, որոնք պէտք էր երկրորդ անգամ շինուէին եւ յաւելեալ դրամ ծախսուէր առաջին անգամուան վատորակ գործին պատճառով:
Մինչ մամուլն ու հանրային կարծիքը կը խորհրդածեն իննսուներեքամեայ միլիառատիրոջ իր հայրենիքին տրամադրած, ըստ երեւոյթին, վերջին նուիրատուութեան մասին, Սասունեան կը զգուշացնէ ենթադրութիւններէ:
Մատնանշելով վերջերս Միացեալ հայկական հիմնադրամին «Լինսի»ի կատարած 10,5 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը` Սասունեան կ՛ըսէ. «Ես յուսախաբութեան նշաններ չեմ տեսներ հոս: Եկէք` խուսափինք պարզ եւ հիմնական իրականութիւններէ չերաշխաւորուած եւ սխալ ընդհանրացումներ դուրս բերելէ: Չկան դաւադրութիւններ»:
ՃՈՆ ՀԻՈՒԶ
Գլխաւոր խմբագիր
«Արմենիա նաու»ի