Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակ. Մեսրոպեանականները Ուխտեցին Բարձր Պահել Հայ Ժողովուրդի Պահանջատիրութեան Ոգին Եւ Շունչը

«Արցախի միջնաբերդ Շուշին` մեր կանգուն պահակն ու պահապանը» կարգախօսին ներքեւ, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին չորեքշաբթի, 9 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի հանդիսութիւն, ներկայութեամբ հայր Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչին, հոգեւոր հայրերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, նահատակ Վիգէն Զաքարեանի ծնողքին, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Մարինէ Հալլաճեան, որ նշեց, թէ Արցախի նորագոյն պատմութեան պանծալի էջերուն մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի Շուշին, որուն ազատագրումը Արցախին համար ունի զինուորական եւ աշխարհագրական մեծ նշանակութիւն ու արժէք:

Հալլաճեան շեշտեց, որ այսօր Արցախի վերականգնումն ու զարգացումը հայութեան հիմնական խնդիրներէն մէկն է, որուն իրականացման մէջ լիբանանահայ աշակերտութիւնը պէտք է իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնէ` պահպանելու ազատագրուած հայրենիքը եւ նպաստելու Արցախի պահպանման ու գոյատեւման: Իր խօսքի աւարտին Մարինէ Հալլաճեան ըսաւ. «Արցախով արդէն սկսած է մեր ամբողջական տեսլականին կերտումը, որ կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ եւ նուիրուածութիւն»:

Ապա ներկաները դիտեցին Շուշիի ազատագութեան մարտերուն նուիրուած աշակերտական խմբակին պատրաստած տեսերիզը, որ կ՛անդրադառնայ Շուշիի պատմութեան, ազատագրական պայքարին եւ վերականգնման աշխատանքներուն: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով աշակերտներ Տեսիլ Քէշիշեան եւ Գառնիկ Փանոսեան ասմունքեցին Վահագն Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեան, որ նշեց, թէ Շուշիին ազատագրումը մեր ժողովուրդի ռազմիկներու արդար յաղթանակն էր, որ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի նոր զարթօնքին գլխաւոր մեկնակէտը: Շխրտըմեան յայտնեց, որ Շուշիի արդար յաղթանակով հայութիւնը ոչ միայն հողը ազատագրեց, այլեւ` վերականգնեց հայու պահանջատիրութեան դիմագիծն ու ոգին:

Բանախօսը աւելցուց, որ Շուշիի նահատակները արժանի են խոնարհութեան եւ յարգանքի, որովհետեւ անոնց բազուկներով ու արեամբ կերտուեցաւ Արցախի անկախութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, Ահարոն Շխրտըմեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան տէր կանգնելու իրենց դատին եւ շարունակելու յաղթանակներու ուղին:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ կատարողութեամբ «Կարապալա» խումբին, որ ստեղծեց մեծ խանդավարութիւն: Խումբը երգեց «Նուպար», «Հազար նազով եար», «Մոկաց հարսներ» եւ «Շալաթօ» եւ «Հաբրբան» երգերը:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, թէ Շուշին` հայութեան միջնաբերդը կանգուն է, ինչպէս հայ ժողովուրդը: Տնօրէնը հաստատեց, որ նահատակ Վիգէն Զաքարեաններ կ՛ապրին մեր հոգիներուն մէջ, այնքան ատեն որ հայ երիտասարդները միեւնոյն կամքով եւ հաւատքով կ՛ուխտեն ի գին ամէն զոհողութեան տէր կանգնիլ հայութեան իրաւունքներուն:

Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան մասնակիցներուն եւ աշակերտական խմբակին, որոնց լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ արժանավայել կերպով տօնել Շուշիի յաղթանակի 20-ամեակը:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ հայր Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեանի հայրական պատգամով: Գերապայծառը ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը հպարտութեան եւ պարծանքի առիթ է: Ան շեշտեց, որ տակաւին հայութիւնը ունի գրաւուած հողեր, որոնք պէտք է վերադառնան իրենց իսկական տիրոջ` հայութեան: Գերապայծառ Թէյրուզեան ըսաւ, որ հայութիւնը հաւաքաբար պէտք է մասնակցի Արցախի վերականգնման աշխատանքներուն եւ հայութեան իրաւունքներու հետապնդման արդար դատին: Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ պահպանիչով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES