Լօխ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի 50-Ամեակի Փառաշուք Հանդիսութիւն
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան երեքշաբթի, 8 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակը:
«Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր Սալբի Աննայեանի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 50-ամեակի յանձնախումբէն` Հուրի Միքայէլեանի եւ Լենա Գալուստեանի պատրաստած «Երկիր նայիրեան» խորագիրով տեսերիզը: Տասը վայրկեան տեւողութեամբ ու Տիգրան եւ Լենա Գալուստեաններու ընթերցումով ներկայացուած տեսերիզը կ՛անդրադառնար1962-ին ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան, գործունէութեան եւ իրագործումներուն` հասնելով մինչեւ 350 անդամ հաշուող ներկայի հանգրուանը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուհի Գալայճեան, պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Գալայճեան բարձր գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն տարիներու ժրաջան գործունէութիւնը, յատկապէս նշելով` «Մեզմէ առյաւէտ հեռացած ընկերուհիներուն յիշատակը»: «Հրաշքները կը ծնին այն ժամանակ, երբ ոչ մէկ հնար կը մնայ» ըսաւ ան` կոչ ուղղելով «ոսկեայ անդամարշաւ»-ի` ներգրաւելու նոր սերունդի երիտասարդները, որոնք կրնան «մեծապէս նպաստել մեր աշխատանքին եւ շարունակել այս միութեան նուիրական առաքելութիւնը: «Փառք ու յարգանք ձեզի` թանկագին ԼՕԽ-ական հիմնադիրներ, դուք մեծ նուիրումով ծառայեցիք ԼՕԽ-ին ընդհանրապէս եւ «Նայիրի» մասնաճիւղին յատկապէս: Փառաւորելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միայն ձեզ փառաւորած չենք ըլլար, այլեւ` ձեզ կենսաւորող ոգին» ընդգծեց Վարդուհի Գալայճեան: Ապա ան հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Յովհաննէսեանը, որ իր կարգին բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ականներու դերը` պատմական հակիրճ ակնարկով բաղդատական մը կատարելով ԼՕԽ-ի հիմնադրութեան ու այժմու գործունէութեան պայմաններուն միջեւ: «ԼՕԽ-ը իր մեղուաջան գործունէութեամբ տակաւին կը մնայ պատնէշի վրայ», ընդգծեց Մարալ Յովհաննէսեան:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, որ խիստ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին յիսնամեայ գործունէութիւնը, զայն նմանցնելով ցորենի հատիկին, որ «զոհաբերելով ծնունդ կու տայ նորերուն»: «Սիրոյ, հաւատքի ու խաղաղութեան ուխտ մը կայ ձեր եւ ձեր նախորդներուն միջեւ, շարունակեցէ՛ք ձեր գործը ու յառա՛ջ անցէք` բարձրաճակատ ու դէպի վեր` Աստուծոյ նայելով», ընդգծեց Մեթնի գաւառապետը:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մերթ ընթ մերթ ընթերցելով Հուրի Միքայէլեանի համադրած ԼՕԽ-ը ներբողող կարգախօսները:
Գեղարուեստական բաժինով երգչուհի Ցոլինէ Յակոբեան հայերէնով, արաբերէնով եւ օտար լեզուներով իր երգեցողութեամբ մեծապէս խանդավառեց ներկաները:
Աւարտին, «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր ԼՕԽ-ականներէն` Անժել Սապունճեան, Շաքէ Մխիթարեան, Ռոզվարդ Սիսեռեան, Մարի Սալխանեան եւ Ալիս Գաւճեան հրաւիրուեցան միասնաբար հատելու 50-ամեակի կարկանդակը:

