Զաքար Քէշիշեան Կը Մասնակցի Աւստրիոյ Էսթերազի Միջազգային Փառատօնին

Լիբանանահայ երաժիշտ, խմբավար, տուտուկահար եւ շուիահար  Զաքար Քէշիշեան հայկական տուտուկը ներկայացուց Աւստրիոյ Էսթերազի երաժշտական միջազգային փառատօնին:

Այս տարեշրջանին փառատօնի ծիրին մէջ առնուած էր նաեւ արաբական եւ պալթեան երկիրներու երաժշտական համագործակցութեան ծրագիր մը, որուն յաջորդական երեք օրերուն ընթացքին  կատարուեցան պալթեան եւ արաբական երկիրներու ականաւոր երաժշտահաններու նորագոյն  եւ յատկապէս այս առիթով յօրինուած  շարք մը ստեղծագործութիւններ, որոնց համար հրաւիրուած էին  աշխարհահռչակ մենակատարներ:

Նշանաւոր «Քրեմերաթա Պալթիքա» նուագախումբին (Գեղարուեստական ղեկավար` Կիտոն Քրեմըր) իբրեւ մենակատար հրաւիրուած Զաքար Քէշիշեան, 3 մայիսի երեկոյեան Այզնշտաթի «Հայտնսաալ» համերգասրահին մէջ մատուցեց Արամ Խաչատուրեանի ուսանողներէն`   լաթվիացի հանրայայտ երաժշտահան Ճորճ Փելեսիսի տուտուկի եւ նուագախումբի համար ստեղծագործած «Աշուղին պատմութիւնը» երկարաշունչ երկին անդրանիկ կատարումը` արժանանալով մեծ ընդունելութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES