«Քնար» Պարախումբի Փորձերը Աւարտած Են Եւ Խումբը Ամբողջովին Պատրաստ Է Տարեկան Ելոյթին

Այսօր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սաժես» թատերասրահին մէջ կը սկսին Համազգայինի «Քնար» պարախումբին ելոյթները` բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի: Այս առիթով, «Ազդակ»-ի թղթակիցը ներկայ գտնուեցաւ վերջին փորձին` մօտէն հետեւելու աշխատանքներուն:

Համազգայինի պարարուեստի միաւորի վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Աֆարեան «Ազդակ»-ին ըսաւ, որ «Քնար» պարախումբի այս տարուան ելոյթին պատրաստութիւնները չորս ամսուան արդիւնք են, եւ խումբը աշխատանքները ամբողջովին աւարտած է: Աֆարեան շեշտեց, որ ելոյթը նուիրուած է «Քնար»-ի բազմավաստակ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանին, անոր մաղթելով բարի ապաքինում:

Իր կարգին, «Քնար»-ի պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեան ըսաւ, որ պարախումբը ամբողջովին նոր յայտագիր պիտի ներկայացնէ: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի քառամսեայ իր փորձառութենէն շատ գոհ է եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքը մեծ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ տարուած աշխատանքներուն: Ելոյթին գծով Խաչիկեան յոյս յայտնեց, որ ներկայացումները կ’արժանանան հանդիսատեսին գնահատանքին: Ան ըսաւ, որ ելոյթները ուրախ եւ մշակութային հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծեն:

Յայտնենք, որ ելոյթները պիտի շարունակուին 11, 12 եւ 13 մայիսին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES