Ական Մը Թիրախ Դարձուց Սուրիոյ Մէջ Միջազգային Դէտերու Ղեկավարի Շքախումբը
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դէտերուն ընկերակցող սուրիացի վեց զինուորներ, ներառեալ` սպայ մը վիրաւորուեցան, երբ դէտերուն պատկանող 6 ինքնաշարժներէ բաղկացած շքախումբը Տարաայի մէջ ականահարումի ենթարկուեցաւ: Շքախումբին մէջ էին դէտերու առաքելութեան ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մոտ եւ դէտերու բանբեր Նիրաժ Սինկ, սակայն անոնք յարձակումէն անվնաս դուրս եկան: Ըստ այլ տեղեկութեանց, վիրաւորներուն թիւը 8 է:
Յարձակումէն ետք, զօր. Մոտ Տարաայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ դէտերուն, լրագրողներուն եւ ապահովական ուժերուն դէմ յարձակումները կը շարունակուին»:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակը յայտնած է, որ սուրիական կանոնաւոր բանակին պատկանող մեքենայ մը թիրախ դարձուցած է, սակայն հերքած է, որ անոր մէջ միջազգային դէտեր կային:
Մինչ Ֆրանսա բուռն կերպով դատապարտեց դէտերուն դէմ կատարուած յարձակումը` յայտնելով, որ «մենք Դամասկոսի վարչակարգը դէտերուն ապահովութեան պատասխանատու կը նկատենք», ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի ձայնասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «տակաւին ծանօթ չէ, թէ այսօր Տարաայի մէջ միջազգային դէտերու նախագահի շքախումբին անցած ատեն ականը ո՛վ պայթեցուց»: Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց անմիջապէս բռնարարքները դադրեցնելու եւ ընդգծեց, որ կացութիւնը տակաւին շատ վտանգաւոր է:
Մինչ այդ, Հալէպի Էշրեֆիէ շրջանի «Էշրեֆ ժամալ» թաղամասին մէջ 15 քիլոկրամ ուժգնութեամբ ական մը վնասազերծուեցաւ: Նոյն ուժգնութեամբ այլ ական մը նաեւ վնասազերծուեցաւ Սքարի Պազնայի մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Թերի Ռոտ Լարսըն յայտնեց, որ ՄԱԿ տեղեկութիւններ ստացած է, թէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ զէնքերու մաքսանենգում տեղի կ՛ունենայ: «Ըստ մեր տեղեկութեանց, պատճառ կայ մտածելու, թէ երկու ուղղութեամբ զէնքի հոսք կայ` Լիբանանէն դէպի Սուրիա եւ Սուրիայէն դէպի Լիբանան»:
Խօսելով շրջանի կացութեան մասին` Լարսըն յայտնեց, որ «այն, ինչ որ շրջանին մէջ կը տեսնենք, մահուան պար է եւ ատիկա պատերազմի վերածուելու մօտ է»` աւելցնելով, որ «եթէ նայիք Սուրիոյ ամէնէն անկայուն շրջանին, անիկա եօթանասունական թուականներուն Լիբանանի եւ մերձակայ երկիրներու կացութիւնը կը յիշեցնէ, եւ ատկէ է, որ կը վախնանք»:
Ան ըսաւ, որ գոյութիւն ունի «իսկական քաոս մը, որ տակաւին այս շրջանի ապագային վրայ կը ճնշէ, սակայն կարեւոր է, որ Ապահովութեան խորհուրդը շարժելու պատրաստ ըլլայ»:

