Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ: Քննարկուեցան բանակին կարիքներն ու զինուորական հաստատութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի ընդգծեց, որ Իրան պաշտպանողական իր բոլոր կարողութիւնները կը զետեղէ Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութեան ծառայութեան տրամադրութեան տակ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, շարունակելով Քանատա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, նշեց, որ Պքերքէ իր ձեռքերը կ՛երկարէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` համագործակցութեան նպատակով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ քաղաքական անձնաւորութիւններէն Խալտուն Շերիֆ «Նաշրա» լրատուական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Միքաթիի կեցուածքներուն միջեւ որոշ տարբերութիւն եւ նրբութիւն կայ: Ան աւելցուց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւնները յուսալքիչ են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 200 լ. ոսկիով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ տակաւին ինք նախարարաց խորհուրդին չէ փոխանցած Լեռնալիբանանի նահանգապետի նշանակումին վերաբերող իր ծրագիրը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պէտք է կրէ իր սկսած բանավէճին պատասխանատուութիւնն ու հետեւանքները: Ան մաղթեց, որ զօր. Աունի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ սուր ցեխարձակումները վերջ գտնեն` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան յարաբերութիւնը` Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի հետ, լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր ուղին ընտրած է եւ որոշած:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը խստիւ դատապարտեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով քաղաքացիական պատերազմի յատուկ խօսքեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ սէուտցի դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին ընդվզումի արտայայտութիւն ունեցած է` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ պետութիւն ամբաստանած է զէնք ու զինամթերք փոխադրող «Լութֆալլա 2» նաւը հովանաւորելու յանցանքով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք հաւանական կը նկատէ իր դէմ կատարուելիք երկրորդ մահափորձ մը` շեշտելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ արգիլելու համար այդ կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ առաջքը պիտի առնէ եւ առիթ պիտի չտայ որեւէ բացթողումի:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին նկատել տուաւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին բարձրացուցած ճիչը անհիմն չէ եւ արժանի է քննարկումի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախայարձակ դարձած է` աւելցնելով, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է, որ պիտի փրկէ Ժոմպլաթը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Աւստրալիա:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Լիբանան կրցած է դժուար պայմաններու տակ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենց համար վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը տապալելու վճռակամութիւնը առկայ է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կացութիւնը վատ է` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանեան բանակը այդ շրջանէն բացակայի, ապա կացութիւնը աղէտալի կ՛ըլլայ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայ իրավիճակը անդամալուծումէն աւելի վատ է:
ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ լիբանանցիները դժգոհ են կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքներէն, սակայն այդ իշխանութիւնները կը շարունակեն գործել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ ներկայ կառավարութիւնը կը շարունակէ անհրաժեշտութիւն մնալ Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ համար:

