Հիւանդանոցներուն Եւ Տամանին Միջեւ Հարցը Կը Լուծուի

Աշխատանքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսը

Հովանաւորութեամբ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն եւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի:

Հանդիպումէն ետք բարձրացած սպիտակ ծուխին մասին յայտարարեց Ժրայսաթի, որ յայտնեց, թէ բոլոր հիւանդանոցները պիտի շարունակեն ընդունիլ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (տաման) անդամ պարագաները:

Միւս կողմէ, Հարուն սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ բոլոր հիւանդանոցները պիտի ընդունին տաման ունեցող քաղաքացիները` մաղթելով, որ բոլոր հիւանդանոցներուն պարագային գործադրուին բժշկութեան նոր սակերը:

Share this Article
CATEGORIES