Հարիրի. «Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցինք Սուրիացի Ժողովուրդին Յաղթանակին»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով կը զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին յաղթանակին:
Ան աւելցուց, որ Տոհա իր այցելութեան նպատակն էր հաստատել լիբանանեան-քաթարեան ամրապնդուած յարաբերութիւնները:
Ակնարկելով Լիբանանի ներկայ իրավիճակին` Հարիրի շեշտեց, որ երկիրը այս ձեւով չի կրնար շարունակել` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ատելութիւն սերմանող սարք մըն է:
Միւս կողմէ, Հարիրի շնորհաւորեց Ֆրանսայի նորընտիրր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը` մաղթելով, որ Ֆրանսա կառչած մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ազատութեան զօրակից մնալու իր կեցուածքին:
Նշենք, որ Հարիրի երէկ երեկոյեան Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Նայէֆ պըն Ապտել Ազիզ Ալի Սէուտ իշխանին հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան

