Պըրրի Կը Դժգոհի Կառավարութեան Ներկայ Իրավիճակէն
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը անընդունելի նկատած է, որ կառավարութիւնը այս ընթացքով շարունակէ գործել` աւելցնելով, որ կառավարութենէն կը պահանջուի յստակ ուղի մը որդեգրել եւ նկատի ունենալ, որ երկրին հարցերը անմիջական լուծումներու կը կարօտին:
Անդրադառնալով երկրին մէջ արձանագրուող սենտիքայական շարժումներուն` Պըրրի շեշտեց, որ անոնց լուծում կարելի է գտնել աշխատաւորական եւ սենտիքայական խորհուրդներուն հետ կառավարութեան նախաձեռնելիք երկխօսութեան ընդմէջէն, նախքան հարցերուն յաւելեալ բարդացումը:
Խորհրդարանի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը ելեւմտական թղթածրարին լուծման կողքին անցնի նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղման աշխատանքին:


