Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Փոխվարչապետը

Նախագահ Սլէյման եւ փոխվարչապետ Մուքպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Ֆատի Հապըր եւ նախկին երեսփոխան Միխայէլ Տահեր:

Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու սահմանադրութեան առնչուող խնդիրներ:

 

Share this Article
CATEGORIES