Կառավարութիւնը Յետաձգեց 8,900 Միլիառ Լ. Ոսկիի Թղթածրարին Քննարկումը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 36 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մաս կազմեցին 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարը, որուն քննարկումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահին կողմէ այդ թղթածրարին վաւերացումը մերժելու անշեղ կեցուածքը:

Մինչ նախագահ Սլէյման այդ թղթածրարին վաւերացումը ապօրինի նկատեց, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները կառչած մնացին իրենց կեցուածքին, որուն հիման վրայ այդ թղթածրարին լուծման սահմանադրական միջոցը նախագահ Սլէյմանի ստորագրութիւնն է:

Իրենց կարգին, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախարարները զօրակցեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ներկայացուց նիստին մանրամասնութիւնները:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է 5 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնութիւն մը` Լիբանանի եւ Բարգաւաճման իսլամական դրամատան միջեւ, նպատակ ունենալով երեք դպրոցներու կառուցումը:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին առիթ ընծայած է երեք շաբթուան ընթացքին սերտելու Ժալ Էլ Տիպի շրջանին համար փապուղի մը կառուցելու ծրագիրը:

Տաուք նկատել տուաւ, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման դրուատած է ներքին գործոց նախարարութիւնը` քաղաքապետական մասնակի ընտրութիւնները կայացնելու եւ լաւապէս կազմակերպելու առիթով:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 16 մայիսին, Պաապտայի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES