Օգնենք Բազմածին Արցախին. Ռատիոթոնին Առիթով
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
9 մայիս 2012: Արցախ զօրահանդէսով մը տօնեց իր յաղթանակը: 9 մայիս 2012, ռատիոթոնին մասնակցելու հրաւէր մը ստացաւ Լիբանանի հայութիւնը: «Վանայ Ձայն» ամբողջ օրը հնչեցուց մէկ կարգախօս` մասնակցութիւն բերելու ԿՈՉԸ` Արցախին:
Այս լեռնաշխարհը, հայոց պատմութեան մէջ ընդմիշտ ներկայ Արցախը իր հինգ մելիքութիւններու ձայնով, մեր օգնութեան կը կարօտի: Վարանդա, Ջրաբերդ, Կիւլիստան, Խաչէն եւ Տիզակ: Մերն է Ղարաբաղը` իր լեռնային եւ դաշտային չքնաղագեղ տարածքներով: Հայրենի մեր աշխարհն է ան, որմէ բաժնուած էինք «մրրկաւ», ստալինեան տխրահռչակ մէկ որոշումով: Ազերիները խլեցին զայն ու տգեղցուցին 70 տարիներու վայրագ տիրապետութեամբ: Անարդարութեան ճիչն է այսօր մեր բոլորին սրտէն արձակուած ձայնը, զոր պիտի արդարացնենք մեր օգնութեամբ, մեր չունեցածին խառնելով մեր ունեցածը: Վերաբնակ ու բանուկ գիւղեր ու քաղաքներ պէտք է դառնան Արցախի բոլոր սահմանամերձ թէ ներքին կեդրոնական բնակավայրերը: Չոր կամ թաց մենք ունինք մեր առօրեայ կեանքը այս երկիրներուն մէջ, ուր յարգուած ենք իբրեւ պիտանի եւ շինարար, մշակութակերտ ազգ: Պէտք է մեր այս բարենիշներուն միացնենք Արցախը պտղաբերելու ջանքը, սրտակցութիւնը: Պէտք է թիկունք կանգնինք Ղարաբաղի շինականներուն, կաթնատու կով մը, դաշտը հերկել, քաղել, ցանելու առիթ մը, որպէսզի հունձքը ըլլայ առատ, բերրի:
Չի՛ բաւեր երգել` «Ղարաբաղը մերն է, մերն ալ կը մնայ»: Հիանալի ու սրտազեղ կոչունք է այս, սակայն անոր պէտք է միանայ հնչուն նուագ մըն ալ: Մեր լումաները, մեր սրտաբուխը, մեր չունեցածէն բաժին մը կիսելու պատրաստակամութիւնը: Մեզմէ հեռացնենք «մենք ալ պէտք ունինք»-ի մտահոգութիւնը: Մեր իրաւունքը, որ Հայաստան աշխարհի կորուստին հետապնդումն է, ձեռք բերումը միացեալ եւ անկախ Հայաստանի կերտումը, մեր կամքին ու մեր հոգեկան արիութեան ապացոյցով պէտք է արդարանայ:
Ազրպէյճան իր թուրք ցեղակիցով կանգնած է մեր գլխուն վերեւ եւ անամօթաբար մեզմէ կը պահանջէ իր չունեցած երկիրը: Իրեն նուէր տրուած ըլլալը բոլորովին կ՛ուրանայ եւ մեր հայակերտ եւ պատմութեան սեւ ու ճերմակ էջերով լեցուած մեր հարազատ լեռնաշխարհը կը պահանջէ: Թրքաբարոյ բաղձանք, թալանի վարժուած, քրիստոնեայ հայուն խաչքարը «խաչտաշ»-ի վերածած այս մուրացկան ցեղը սորված է եւ վարժուած ուրիշին ինչքերով ապրիլ: Չմոռցանք դեռ քանի մը տարի առաջ հայոց Ատրպատական աշխարհին եզերքէն անցնող Արաքս գետը թափուած հայոց շնորհաշատ ձեռքերով քանդակուած ու նախշուած հազարաւոր խաչքարերը, որպէսզի աշխարհի ժողովուրդներուն աչքերէն պահէ հայուն կենդանի ներկայութիւնը այդ երկրամասերուն մէջ:
Մերն է Ղարաբաղը, այո, ու որպէսզի ան յաւերժ մնայ մերը, հարկ է, որ նախ բանանք մեր սրտերը, որոնք դիւրութեամբ կրնան բանալ մեր գրպանները, խորունկ կամ նեղ գրպանները…
Փախուստ չկայ այս կոչէն, այս անհրաժեշտ կարիքէն: Ղարաբաղը պէտք է ծնանի նոր ծնունդներ: Ապրին Ղարաբաղի մեր մայրերը, որոնք 20 տարիներ առաջ ջահել զաւակներ, աւելի քան 5000 զոհեր նուիրեցին, որպէսզի փրկեն հողը: Զուր տեղ յօրինուած չէ սա սրտառուչ երգը.
«Վախկոտն ամէն օր է մեռնում, իմացէ՛ք,
Հողը արիւնով են փրկում, իմացէ՛ք»:
Երկար ապրին Արցախի մեր մայրերը, օրհնուի անոնց ծնունդները, որպէսզի բազմանան մեր քաջերը, մեր հերոսները, որպէսզի ծլին ու ծաղկին մեր արդար հողին արտերն ու դաշտերը, մեղրը հոսի մրգաստաններու փեթակներէն, թող մանուկներ ճըլւըլան հոն նոր կառուցուած մանկապարտէզներէն, թող մեր նահատակ հերոսներուն հոգիներն ալ հրճուին, անոնց արիւնը զուր տեղ թափուած չըլլայ…
Ոտքի՛, հայ ժողովուրդ, Լիբանանի հայութիւն: Ձե՛ռք երկարէ այս ազնիւ ու անյետաձգելի գործին: Հայ երիտասարդ, այսօր տուփ մը ծխախոտ մի՛ ծխեր, գաւաթ մը ուիսքի պակաս խմէ՛, այսօր անօթի մնացի՛ր, հայ մարդ, հայ կին, կարծէ, որ ծոմապահութեան օրն է: Հայ մայր, այսօրուան եփելիք ժում մը ճաշդ հրամցուր Արցախի մէկ ընտանիքին եւ հոգեկան գոհունակութեամբ քնացիր: Թող որ «կուշտը հասկնայ անօթիին վիճակը», գոնէ անգամուան մը համար:
Սիրելի հայուհի՛, այսօր զարդարանքիդ յատկացնելիք գումարդ յանձնէ՛ «Արցախ ֆոնտ»-ին, հաւատայ, որ աւելի կը գեղեցկանաս:
Հա՛յ մանուկ, այսօր շիշ մը սեվըն ափ մի՛ խմեր, ոչ ալ «չիփս» գնէ: Այդ մանր մանրուքներդ Արցախին տուր, անոնք կը բազմանան եւ մեծ գումարներու կը վերածուին: Այս է այսօրուան կանչն ու կոչը, ձեր ականջները լա՛ւ բացէք ու երգեցէք.
«Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք»…:
9 մայիս, 2012

