Խմբագրական. Բազմակուսակցական Ներկայացուածութեամբ Միակուսակցական Գերակայութիւն
Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններն ու անոր վրայ ձեւաւորուած Ազգային ժողովի 5–րդ գումարման պատկերը որոշ դիտարկումներու տեղի կու տայ եւ կը յանգեցնէ կարգ մը եզրակացութիւններու:
Նախ եւ առաջ պէտք է մտաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան ընկերային-տնտեսական համայնապատկերը եւ համեմատութիւն կատարել նման իրավիճակներու մէջ գտնուող երկիրներու մէջ կազմակերպուող ընտրութիւններուն վրայ ազդեցութեան գործօններուն հետ: Նման ընկերային իրավիճակի մէջ ապրող հասարակութիւնը անշուշտ շատ աւելի պարարտ ենթահող կը տրամադրէ քուէահաւաքի ընթացքին դրամին, կաշառքին, ծառայութեան եւ խոստումներուն ունենալիք դերակատարութեան: Ընդ որում այդ գործօնները առաւելաբար կը վերաբերին առօրեայ կարիքներ բաւարարելու եւ ոչ թէ հեռահար նպատակներ իրականացնելու: Այս տրամաբանութիւնը կ՛առաջնորդէ այն տեսութեան ամրագրումին, որ նման իրավիճակի պահպանումը խորքին մէջ լաւագոյն միջավայրն է ինքնավերարտադրանքի մեքենականութիւնները արդիւնաւէտ աշխատցնելու համար: Չյաղթահարել աղքատութիւնը եւ վերարտադրուիլ:
Պէտք է ըսել սակայն, որ հերթական այս ընտրութիւններուն վերարտադրուելու մեքենականութիւնները աւելի պատշաճ գործեցին: Խախտումներն ու բողոքները առաւելաբար կը վերաբերէին դրամի եւ ընտրակաշառքի օգտագործման: Մինչեւ ընտրատեղամաս հասնիլը քուէարկողը անցած էր արդէն դաստիարակիչ հանգրուանէ եւ յայտնապէս ուղղորդուած կողմնորոշումի հիման վրայ իր քուէաթերթիկը զատած: Միջադէպերը փաստօրէն` անցագրի մելանի արագ ցնդումը, քուէատուփերու առջեւ ծագած որոշ վէճերը երկրորդական նշանակութիւն ունէին այս պարագային:
Դէտերու առաջին զեկուցումները, կարգ մը դեսպաններու վկայութիւնները եւ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններէն կատարուած յայտարարութիւնները իրար ամբողջացնող բովանդակութիւն մը կը կազմեն: Ի հարկէ բացառապէս դրական շեշտադրումներ չեն պարունակեր անոնք: Կը խօսին որոշ խախտումներու մասին, այսուհանդերձ կը նկատեն բարեփոխումներ, դէպի ժողովրդավարացում առնուած քայլեր եւ կը խօսին յառաջիկային բարեփոխումները կատարելագործելու անհրաժեշտութեան մասին: Այստեղ եւս ի սկզբանէ կանխորոշուած եզրակացութիւններու մասին է խօսքը, հերթական անգամ համոզելու դիպաշարին հետեւողը, որ նման գնահատականները զուտ քաղաքական ներշնչումներ ունին: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Դէտերը, դեսպաններն ու պաշտօնատարները տուեալ պետութեան ներկայացուցիչներն են, կը գանձեն այդ պետութիւններէն եւ պատուէր կը կատարեն պետութեան յուշած զեկուցումները պատրաստելու եւ հրապարակելու համար: Երեւոյթը կը յիշեցնէ դրամ ստացող, պատուէր կատարող եւ ըստ այնմ քուէարկող քաղաքացին: Այս պարագային, վարձատրուող, պատուէր կատարող եւ ըստ այնմ զեկուցում պատրաստող` դէտ, դեսպան, պաշտօնատար:
Նորընտիր Ազգային ժողովի պատկերը առերեւոյթ երկկողմանի մեկնաբանութեան առիթ տուող թիւեր եւ էութիւն կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ վեց կուսակցութիւն ներկայացուած են խորհրդարանին մէջ: Սահմանային անցողիկութիւն ապահոված կուսակցութիւններուն ներկայացուածութիւնը սակայն իր թուային պատկերով յստակ արգելքներ ունի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան պարտադրանքները հակակշռելու, կացութիւն ստեղծելու եւ ընդհանրապէս գործադիրէն եկած օրակարգի կէտերը օրէնսդրական քննարկումներու իբրեւ արդիւնք ի հարկին կասեցնելու, բարեփոխելու կամ թուային հակադրութիւն ստեղծելու: Յստակ է, որ միակուսակցական գերակայութիւն ձեւաւորուած է Ազգային ժողովին մէջ, ինչ որ բնականաբար չի նպաստեր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտի կայացման, բազմակուսակցական դրութեան օգտակար աշխատելուն եւ ընդհանրապէս օրէնսդիր հաստատութեան իմաստաւորումին: Ընտրական գործընթացները կը թուին, թէ այնպէս ղեկավարուած են, որ իրականացուցած են բազմակուսակցական ներկայացուածութեամբ եւ միակուսակցական գերակայութեամբ Ազգային ժողով: Արդիւնքի ձեւաւորման այս մեքենականութիւնը կը յիշեցնէ այս անգամ կիրարկուած քաղաքակիրթ ընտրախախտումներու դրութիւնը: Առանց միջադէպերու, քաղաքակիրթ քարոզարշաւներով ըստ էութեան նիւթականի միջոցով քուէի զանգուածային կողմնորոշումը:
Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն առիթի հրապարակօրէն կը յայտարարէին այս ընտրութիւններուն որակական յեղափոխութիւն ապահովելու մասին: Այն ինչ որ երեւցաւ ընտրախախտումներու նպատակով կիրարկուած ձեւերու որակի փոփոխութիւնն էր: Էականը մնաց նոյնը:
Այս բոլորը թերեւս նուազ նշանակութիւն կ՛ունենան, եթէ նման պատկերով Ազգային ժողովի ձեւաւորումի նպատակը` խորհրդարանը համահայկական կարեւոր խնդիրներու արագ վաւերացումի գործիքի վերածելը չէ: Գերտէրութիւններու պաշտօնատարներուն եւ դէտերուն դրական արձագանգումները սակայն այլ բան կը յուշեն:

