Էն. Պի. Էյ. – Փէյսըրզ Եւս Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ինտիանա Փէյսըրզ եւս ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը (2005-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով)` 105-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 4-1 արդիւնքով յառաջանալով Օրլանտօ Մեճիքի վրայ: Նշենք, որ նախանցեալ օր Սան Անթոնիօ Սփըրզ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց իր տոմսը:

Պոսթըն Սելթիքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ պարտութիւններ կրելով առիթ տուին իրենց մրցակիցներուն, որպէսզի 3-2 արդիւնքով գերազանցեն զանոնք:

Տենվըր Նակեթցի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ թէեւ նշանակեց 43 կէտ, սակայն անոր կազմը 102-99 արդիւնքով պարտուեցաւ:

Եթէ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ յաջողէր յաղթել Շիքակօ Պուլզի պիտի միանար Փէյսըրզի, սակայն պարտուեցաւ եւ այժմ 3-2 առաւելութիւն մը ունի իր մրցակիցին վրայ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).

Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 105-87 (4-1)
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 86-87 (3-2)
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 69-77 (3-2)
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տենվըր Նակեթց 99-102 (3-2)

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս (3-1)
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (1-3)

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES