Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – Հուփս
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 10 մայիսին, երբ իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռիատի Պէյրութ եւ Հուփս: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, անիկա իրարու դէմ պիտի հանէ Շանվիլը եւ Անիպալ Զահլէն: Մրցումին թուականը, վայրը եւ ժամը ցարդ ճշդուած չեն` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքը Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականին գծով կը ճակատին իրարու դէմ:
CATEGORIES Մարզական

