Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Հրաժարեցաւ Եռագոյնէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր մրցումները պիտի կատարէ «Ատիտաս» ընկերութեան մարզագոյքով:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն իսկ ներկայացուց խումբին նոր մարզազգեստը: Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն, հայրենի կազմը դաշտ պիտի ներկայանայ հագած ամբողջութեամբ կարմիր, իսկ օտար դաշտի վրայ կատարուելիք մրցումներուն` ճերմակ:

Ասիկա կը նշանակէ, որ ֆետերասիոնը աստիճանաբար կը սկսի հրաժարիլ եռագոյնէն:

1996-էն սկսեալ Հայաստան դաշտ կը ներկայանար կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով: 2012-ին, Եւրոպայի ախոյեանութեան, ֆետերասիոնը հրաժարեցաւ նարնջագոյն գուլպաներէն, իսկ այժմ կապոյտ շորթերէն:

Յամենայն դէպս, Հայաստանի ազգային հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի այն 21 խումբերէն մէկը, որ այսուհետեւ պիտի կրէ գերմանական բարձր որակի մարզազգեստ:

«Ատիտաս» անհատական պայմանագիրներ ունի հարիւրաւոր ֆութպոլիստներու, որոնց կարգին` Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին մաս կազմող Եուրա Մովսիսեանի հետ: Գերմանական ընկերութիւնը կը գործակցի նաեւ հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի հետ:

Նշենք, որ այս մարզազգեստներուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ եւ գործադիր տնօրէն Արմէն Մինասեանի, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի եւ խմբապետ Սարգիս Յովսէփեանի:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ «Ատիտաս» ընկերութեան միջեւ ներկայ հանգրուանին կնքուեցաւ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:

 

Share this Article
CATEGORIES