Հանրապետական Կուսակցութիւնը Վարչապետի Թեկնածութեան Հարցը Տակաւին Չէ Քննարկած

Նախնական արդիւնքներով 6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ տարած Հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայիս վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը փոխարինելու հարցը տակաւին չէ քննարկած:

Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Գալուստ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այդ հարցը պէտք է քաղաքական խումբերու հետ քննարկել:

Սահակեան նշեց, որ առայժմ Հանրապետականը այդ հարցը չէ քննարկած:

6 մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը թէ՛ համամասնական, թէ՛ մեծամասնական ընտրակարգերով զգալի առաւելութեան հասաւ մրցակից քաղաքական ուժերուն նկատմամբ եւ կը յաւակնի ստանալ Ազգային ժողովի 131 պատգամաւորական աթոռներէն աւելի քան 70-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES