Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին Առիթով Հանդիսաւոր Զօրահանդէս` Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Յաղթանակի տօնին, Արցախի բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին նուիրուած զօրահանդէս մը, որուն սկիզբը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական ուղերձով, որուն մէջ նշեց, որ 9 մայիսը դարձաւ համաժողովրդական տօն մը` «ազատատենչ ոգիի եւ անկոտրում կամքի յաղթանակի տօն»:

Բակօ Սահակեան շնորհաւորեց բոլորը այս տօնին առիթով եւ նշեց, որ Շուշիի ազատագրումը սրբագործուած է մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն արիւնով եւ դարձած է ամէնէն նուիրական տօներէն: Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Շուշին այսօր կը վերածնի եւ նոր շունչ կը ստանայ, իսկ բանակը Արցախի մեծագոյն հպարտութիւններէն մէկն է, որ պատուով կը կատարէ հայրենիքի պաշտպանի սրբազան առաքելութիւնը: «Մենք ամէն ինչ կը կատարենք, որպէսզի մեր բանակը ըլլայ հզօր ու յաղթական եւ ունենայ մարտական բարձր ոգի, ամէն պահու յաջողի լուծել իր առջեւ դրուած իւրաքանչիւր խնդիր», յայտարարեց նախագահ Բակօ Սահակեան` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը ոչ միայն յաջողեցաւ ապաքինիլ պատերազմի ծանր վէրքերէն, այլեւ հիմա վերածնունդի շրջան մտած է:

Նախագահ Բակօ Սահակեանի ելոյթին յաջորդեց հանդիսաւոր երթը:

Զօրահանդէսին ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Զօրահանդէսին ցուցադրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ներուժը` զօրքը եւ ռազմական արհեստագիտութիւնը:

Տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց, թէ 9 մայիս 1992-ին իրենց հերոս պապերուն եւ հայրերուն սխրանքը կրկնեցին մերօրեայ ազատամարտիկները` բազմապատկելով հայոց զէնքի փառքը եւ պատիւը: Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ ընդգծեց նաեւ, որ Շուշիի ազատագրումով վերստին նոր դռներ բացուեցան մեր ժողովուրդի խաղաղ աշխատանքի, արարման եւ շէնացման համար, ինչպէս նաեւ այս յաղթանակը նոյնպէս ամբողջ հայ ժողովուրդը նուաճեց մեծագոյն զոհողութիւններու գնով:

Նախագահը նշեց, որ Հայաստանը, յաւերժ հայկական Արցախը եւ ամբողջ հայութիւնը լի են վճռականութեամբ` պաշտպանելու իրենց խաղաղութիւնը եւ յառաջընթացը:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւս ուղղեց շնորհաւորական ուղերձ մը: Ան ընդգծեց, որ այս տօնը կրկնակի ուրախութեամբ կը լեցնէ սիրտը իւրաքանչիւր հայորդիի, քանի որ քսան տարիներ առաջ այս օրը` 9 մայիսին ազատագրուեցաւ մեր Արցախ աշխարհի սիրտը հանդիսացող Շուշին: «Շուշիի ազատագրումը դարձաւ Արցախաբնակ մեր հայորդիներու ազատութեան եւ ինքնորոշման աստուածադիր իրաւունքի պաշտպանութեան յաղթական պայքարի առանցքային հանգրուաններէն մէկը` ոսկիէ տառերով գրուելով ազգային մեր պատմութեան տարեգրութեան մէջ», իր ուղերձին մէջ կը գրէ վեհափառը:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտնեց, որ յոբելենական այս օրը խոնարհումով կը յիշուին արցախեան հերոսամարտի տարիներուն անձնուրացօրէն իրենց սեփական կեանքը հայրենիքին զոհաբերած մեր քաջազուն զաւակները:

Վեհափառը մաղթեց, որ մարդկային միտքը, տաղանդը եւ կարողութիւնները ծառայեն միայն բարի նպատակներու եւ ամբողջ մարդկութեան բարօր կեանքին ու յառաջընթացքին նպաստող նախաձեռնութիւններուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES