ԱԼՄԵՐԻԱ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶԻՉԸ

Լա Լիկայի կազմերէն Ալմերիա, որ Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է, պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խոսէ Լուիս Օլթրան:

Ալմերիա, որ այս շաբաթավերջին պիտի մրցի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնայի դէմ, այժմ կը գրաւէ վերջին դիրքը` 30 մրցումէ ապահովելով 26 կէտ:

Օլթրա անցեալ նոյեմբերին նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ` փոխարինելով Խուան Մանուէլ Լիլոն, որ յաջողեցաւ իր կազմը հասցնել Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին:

Ալմերիա իր հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ շաբաթավերջ ակումբը ունենայ իր նոր մարզիչը:

 

Share this Article
CATEGORIES