ԶԵՆԻԹ Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ ՏՈՒԳԱՆՔԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ 10 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկեց Ռուսիոյ ախոյեան Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները նախորդ ամիս ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած էին պրազիլցի միջազգային նախկին յետսապահ Ռոպերթօ Քարլոսի նկատմամբ:
Անժի Մախաչքալայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Զենիթի համակիրները Ռոպերթօ Քարլոսին պանան հրամցուցած էին, ինչ որ նկատուեցաւ վարկաբեկիչ արարք մը: Քարլոս մաս կը կազմէ այդ խումբին: Նշենք, որ այս մրցումին Զենիթ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ֆետերասիոնը նոյնքան տուգանք սահմանեց Տինամօ Մոսկուայի` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները Վոլկա Նիժնի Նովկորոտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին խռովութիւններ ստեղծած էին: Անկէ քիչ մը աւելի նուազ (7500 ամերիկեան տոլար) տուգանք ստացաւ Վոլկա` նոյն պատճառով: