ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅՐԵՆԻ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԱՆՑԱՒ

Անկեղծ ասած կարօտը ունէինք արուեստով թրծուած նման թատերախումբի եւ անոր ներկայացումներուն: Շնորհիւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու անոր օժանդակ մարմիններուն եւ արուեստասէր հայորդիներուն, կարելի եղաւ վայելել նման բեմադրութիւններ` Հայաստանի Համազգայինի դերասանապետ, բեմադրիչ, գրող եւ արուեստի գործիչ Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով:

1 ապրիլ 2011-էն մինչեւ 8 ապրիլ Յ. Տէր Մելքոնեան հանդիսասրահը տօնական օրեր ապրեցաւ բեմադրութեամբ Յ. Թումանեանի «Անբան Հուրի» մանկապատանեկան եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Ռոպէր Ամուրէի, Էտուարտօ տը Ֆիլլիփոյի հեղինակած թատերախաղերը, յաջորդական երեք օրերու վրայ տարածուած:

Ուիլիըմ Սարոյեանի «Փրկութեան կղզի» թատերախաղը որքան համամարդկային, նոյնքա՜ն սրտառուչ, հիւմըրով շաղուած, պատգամ փոխանցող ներկայացում մը եղաւ, որ անմոռանալի պիտի մնայ մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Մասնաւորաբար Տաթեւիկ Ղազարեանի կենսունակ եւ անմեղունակ հոգեբանութիւնը յայտնաբերեց ՅՈՅՍին կառչած մնալու հաւատքը, այնքան ուսանելի եւ դաստիարակիչ:

Այս թատերախաղին մէջ հարկ է նշել Ալլա Սահակեանի գրաւչութիւնը եւ այնքան հարազատ կերպարի մեկնաբանութիւնը իր դերին: Հա՞պա Դաւիթ Յակոբեան ասորի սափրիչ-վարսայարդարը եւ անոր մէկ յաճախորդը Կարէն Ջանիբէկեան իրենց կարճատեւ հանդիպումով (իբրեւ սափրիչ եւ գրող) փոխանցեցին ազգային արժէքներու եւ ոգեկան զօրութեան պահպանումը: Մէկ խօսքով հիանալի «թապլօ» մը, որ ներկայացուեցաւ գոյնով ու երգով:

Հայրենի հանրածանօթ արուեստագէտ Վիգէն Ստեփանեանի բեմադրած «ԱԽ ԿԱՆԱՅՔ, ԿԱՆԱՅՔ» երգիծախառն թատրերկը ֆրանսական ընկերային կեանքը ներկայացնող բնոյթով խոր անմիջականութեամբ ներկայացուեցաւ իւրաքանչիւր դերասանի կողմէ, որ միայն հիացում կ՛առթէր: Արագաշարժ, ճկուն, երգելու, պարելու, կատակելու տրամադրութեամբ շեշտաւորուած, յաճախ տրտմաթախիծ վիճակ յարուցանող, ու այս ամէնը իրագործուած տաղանդաւոր դերասաններու մեկնաբանութեամբ, իւրաքանչիւրը իր կերպարին ներկայացուցիչը ըլլալու հաւատարմութեամբ: Հանդիսատեսը տեսաւ, դիտեց, զգաց ու հիացաւ, քիչ մըն ալ զարմացաւ այսքան շնորհալի ու տաղանդաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու «հարստութեան»…

Այս պարագային Նարինէ Գրիգորեանը իր ստանձնած զոյգ ու հիմնական դերերուն, կապակցութեամբ, իբրեւ տնտեսուհի-ծառայողի եւ մօր դերերով, երկու տարբեր թատերախաղերուն մէջ զարմացուց մեզ. հրաշալի դերասանուհի մըն է ան պարզապէս:

Արմինէ Պօղոսեանը լիբանանահայ թատերասէրներուն ծանօթ է արդէն «Աննա» շարունակուող (սերիալ) թատերախաղերու մէջ, ուր ան կ՛երեւի շատ լուրջ, համոզիչ մայրական տիպարային կերպարով, յաճախ նաեւ այլ դերերով: Այս պարագային իր կարճատեւ երեւումը «Ծննդեան տօները սինիոր Կուպելլոյի տանը» թատերախաղին մէջ յայտնաբերեց տպաւորիչ ներկայութիւնը նոր կերպարով հարեւանուհիին:

Սօս Սարգսեանի բեմադրած այս երկարաժամ թատերախաղը ստեղծեց մնայուն ծիծաղ ու զուարթ տրամադրութիւն թատերասէրներու մօտ: Աղքատ ընտանիքի մը կեանքն էր բեմադրուած Փիէսը, նոյն ատեն ծանր ողբերգութեամբ թաթաւուն, բայց դիպաշարներուն ընդմէջէն անխուսափելի եղան խնդուքն ու ծիծաղը, ի տես կիրարկուող գողութեան տեսարաններուն, եւ «Գողը գողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ» ժողովրդային ասոյթով համեմուած:

Սիրելի՛ ընթերցող, երկար պիտի ըլլար թուել իւրաքանչիւր դերասանի տաղանդը: «Անբան Հուրի» (հեղինակ Յ. Թումանեան, բեմադրիչ Հրաչեայ Գասպարեան): Աշակերտական այս ներկայացումները երեք օրեր յաջորդաբար, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:

Դերեր ստանձնած էին Արմինէ Անդրէասեան, Արման Նաւասարդեան, Վարշամ Գէորգեան, Գագիկ Մադոյեան, Անդրանիկ Էթէմէզեան, Արմինէ Պօղոսեան, Տաթեւիկ Ղազարեան, Նարինէ Գրիգորեան, Ալլա Սահակեան:

Նշենք, որ այս դերասանները մասնակցեցան նաեւ միւս երեք թատերախաղերուն, ամենայն վարպետութեամբ:

Հարազատ կերպարներով դերեր ստանձնեցին` Վանիկ Մկրտչեան, Կարապետ Բալեան, Կարէն Խաչատրեան, Կորիւն Բուդուրեան:

Բեմական այս աննախընթաց հանդիսութիւններուն ներկայ եղան հոծ թիւով հանդիսականներ: Ոչ մէկ աթոռ դատարկ մնաց, նոյնիսկ յաւելեալ աթոռներ զետեղուեցան սրահի անցքերուն մէջ, տեղ տալու համար սրահ խուժած հանդիսականներուն:

Հանդիսութեանց աւարտին ներկաները սպասեցին բեմի վրայ ներկայութիւնը բեմադրիչներուն, որոնք չներկայացան, բայց ծափահարութիւնները եղան երկարատեւ, յոտնկայս, ամէնուն համար: Բարեբախտաբար ներկայացումներու սկիզբը լայն պաստառի վրայ երեւցաւ Սօս Սարգսեանի նկարը, լսեցինք իր տիրական ձայնը, որ կը պատգամէր.

«Սիրեց՛էք թատրոնը, որովհետեւ ան կը նմանի ցորենի արտին, այնքան խոնարհ, որ կը բեղմնաւորուի ու կը հասուննայ արցունքով, եւ մանաւանդ քրտինքով»:

Վարձքդ կատար վարպե՛տ, ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն եւ նոր ստեղծագործական եռանդ:

Շնորհակալութիւն հայրենի իւրաքանչիւր դերասանին, դերասանուհիին, որոնց նուիրեալ աշխատանքով մենք եւս ուրախացանք ու… հպարտացանք, թէ ունինք հայրենիք եւ արուեստի աննման գործիչներ, արուեստագէտներ: Շնորհակալութիւն նոյնպէս Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ մեր գաղութին պարգեւեց ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՄԻՍ:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Share this Article
CATEGORIES