ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ` ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ «ԱՊՐՈՒԱԾ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ` ՅԵՏԱԴԱՐՁ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ» ԳԻՐՔԻՆ. Պէյրութ, 2010, 446 էջ, Գ. Հատոր

Էութեանս բաժակը լեցուած էր անհանդուրժելի եւ աղմկայարոյց դառնութեան ու վիշտի խռովայոյզ զգացումներով, երբ կարդացի հետեւեալ տողերը.

«Շնորհապարտութիւն` ընտանիքիս` Անիին, Շողերին ու Հերային, որոնք ազգային-հասարակական կեանքիս ու լրագրական-խմբագրական ասպարէզիս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին ամենայն հանդուրժողութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերեցին»:

Հարազատի նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակցման ազնուութեամբ, խմբագրական չափանիշով յաջողած եւ յաղթանակած այս վկայութիւնները, դիմագիծ ու հոգի տուած են հատորին եւ պերճացուցած հեղինակին անունը` նոր ու փառաւոր երանգներով:

Ահա այս արուեստն է, որ համակրելի կ՛ընէ խմբագիր դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունին:

Հեղինակը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ այս հատորին մեկենասութիւնը բուխ նախաձեռնութեամբ եւ օրինակելի պատրաստակամութեամբ ստանձնած քանատաբնակ (Թորոնթօ) ազնուահոգի ազգային Անդրանիկ Չատըրճեանին:

Անուն մը, որ կը խորհրդանշէ մտաւորական մարդու խառնուածք, երբ իր օժանդակութիւնը ի սպաս կը դնէ հատորի մը հրատարակութեան` իբրեւ փոխանցելի մնայուն գործի, որ կը տրոփէ հայրենի կեանքով եւ ազգային խռովքներով:

Հեղինակը սոյն հրատարակութեամբ անգամ մը եւս քաղաքական երեւոյթներու մասին իր արտադրած գերազանցօրէն յուզիչ եւ պերճախօս գրութիւններու իմաստուն համբաւովը կը ճախրէ, իսկ երբ կը կարդանք «Երկու խօսք»ի տողերը, կարծես ոլորապտոյտ փոթորիկ մը իր յորձանքին մէջ կ՛առնէ մեզ, ու կ՛աղաղակենք…

Ո՞վ պիտի գրաւէ գացողներուն տեղը…

Հատորին բովանդակութիւնը բաժնուած է գլխաւոր եօթը մասերու:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՌԱԿ-ի, որ ծնունդ առած է 1 հոկտեմբեր 1921-ին, Պոլսոյ մէջ, եւ անոր կարգ մը ականաւոր ղեկավարներուն մեծ ու նուիրական գործունէութեան պաշտամունքը ունեցող գրութիւնները կը վկայեն մեզի հեղինակին յարաճուն հիացումը, որ ենթակայ է զգացական եւ իմացական բարձրագոյն գիտակցութեամբ իր խառնուածքի մղումներուն:

Գրութիւններուն մէջ իրենց հաւասարակշիռ զօրութիւնը գտած են հայրենիքն ու ազգային ապրումները:

Ծայրայեղօրէն մարդասիրական եւ ազգասիրական ոգիով գրած է կուսակցութեան սպասարկուներուն մէջ իրենց վաւերական տեղը գրաւած կարեւոր անձնաւորութիւններուն մասին, թափանցած է անոնց հոգեկան երեւոյթներուն եւ զանոնք արտայայտած խիստ բնական, պատկերալից եւ ճշգրիտ տուեալներով: Դրսեւորուած արժանիքներով ենթակաները դարձած են մարդահաճոյ էակներ, որոնցմէ են`

Ուսուցիչ-դասախօս` Գերսամ Ահարոնեան
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան
Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հեղինակը հոգիի նուրբ զգացումներով ու յուզումներով հանդիսացած է մեր հայրենիքի մեծագոյն իրադարձութիւններու մեկնաբանը:

Կատարեալ ճշդութեամբ ներկայացուցած ու վերլուծած է քաղաքական խորունկ վիշտերն ու անոնց աննկարագրելի տխրութիւնը, ժամանակակից մեծ դէպքերն ու ողբերգական խորագոյն հարցերը: Աղմկալից եւ հեւ ի հեւ հետաքրքրութիւն առթող յօդուածները, որոնց մէջ մարդկութեան բոլոր տենչանքներն ու սրտի թռիչքները արձագանգ գտած են, իրական օգուտ ընծայած են` ժողովուրդին ներշնչելով միտքերու ցանկալի ազատագրում:

Քաղաքական երեւոյթներուն մասին իր ստորագրած գերազանցօրէն յուզիչ եւ պերճախօս գրութիւններով ցոյց տուած է, թէ մեծ դիւրութեամբ, է որ թափանցած է մարդոց հոգիներուն անմխրճելի խորքը: Գրագէտն ու քննադատը իր անձին մէջ միաձուլուած ըլլալով` իր խմբագրականները յատուկ տպաւորութիւն կը ձգեն:

Հեղինակին ոճը, դարձուածքները եւ սրամիտ երգիծական հովը անխուսափելի տարրեր են գրուածքներուն մէջ, ինչ որ հրապարակագրական հեգնութեան զգալի դրոշմ մը կը կրեն:

ՂԱՐԱԲԱՂ

Պատմական ճշմարտութիւնները կարելի չէ լռեցնել, ուստի հեղինակը ալեկոծ հոգիով քաղաքական բարձրագոյն ոլորտներուն մէջ թեւածելով` լուսարձակի տակ առած է անցեալի ցաւալի իրադարձութիւնները, որոնք անգամ մը եւս կը վերապրեցնեն ազգովին ապրած, քամուած, հալածուած ըլլալու մեր ողբերգութիւնը, սակայն այսօր կ՛ապրինք շատ աւելի շեշտուած խոր ու սրտառուչ իրողութիւն մը, որ մեր տոկալու, հոգեպէս մեծնալու եւ մեր ճակատագրին դէմ խիզախած ըլլալու յաղթանակն է:

Այս գլուխով մենք լրիւ կերպով առիթը ունեցանք թափանցելու Ղարաբաղի իրադարձութիւններու էութեան եւ անոր հաւանական լուծման:

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ

Հեղինակը գործնական նպատակով զինուած` գրած է այս խմբագրականները, որոնք ոչ միայն կը բացայայտեն հայ դպրոցին ներկան, այլեւ յստակ կերպով կը մատնանշեն ապագայ ուղեգիծը:

Արձագանգած է դասակարգ մը ծնողներու` ճոխ այլազանութեամբ կիրքերու, հակումներու եւ խառնուածքի պատկերազարդ պատմութիւնները, յանդիմանած` անոնց պախարակելի գործունէութիւնն ու կեցուածքները, յատկապէս զգուշացնելով զանոնք օտար դպրոցներէն:

Ներկայացուած այդ երեւոյթներուն ամբողջական ամփոփումը համեմած է սուր դիտողութիւններով, թելադրանքներով եւ յստակ լուծումներու ուրուագիծով:

Մաղթենք, որ հեղինակը, մռայլ երեւոյթներու մատնանշումով, կարենայ պայծառացնել մարդոց միտքերն ու հոգիները:

ՄԱՄՈՒԼ

Մամուլը, ղեկավարի մը ուժգնութեամբ, կրնայ բարոյապէս ազդել մտքերու եւ սրտերու վրայ: Ան որպէս առաջնորդող` սրամիտ եւ տաք շունչով կը ներկայացնէ օրուան կեանքը, կ՛անդրադառնայ առօրեայ դէպքերու, եղելութիւններու եւ ուշագրաւ դէմքերու:

Հեղինակը լիբանանեան մամուլը կը համարէ այն անփոխարինելի դաշտը, ուր կարելի է գտնել խօսքի ու մտքի ազատութիւնը: Ի զուր չէ ըսուած` ժողովրդավար երկիրներու համար մամուլը չորրորդ իշխանութիւնն է, որ ունի իր հեղինակութիւնը, ուժականութիւնն ու գրաւչութիւնը: Անոր տեղը չեն կրնար գրաւել տեղեկատուական ու լրատուութեան այլ միջոցներ, որքան ալ արագընթաց, անմիջական կամ հրապուրիչ ըլլան անոնք:

Հայ մամուլը իր ազգային հպարտութեամբ ներկայացուցիչն է մեր ազգին, լեզուին եւ մշակոյթին: Իր տողերուն մէջ կը բաբախեն մեր ժողովուրդին բոլոր խորունկ խռովքներու սերմերը: Հոն յիշատակուած իրադարձութիւնները առնուած են հայրենիքի եւ սփիւռքի առօրեայ կեանքէն եւ մեզ անմիջապէս շրջապատող միջավայրէն: Այս ձեւով կը պատկերացնէ մեր կեանքը, մեր ազգային եւ հանրային կեանքի յոռի կամ խորհրդածելի երեսները:

Հայ մամուլը դաստիարակիչ բեմ է գրական, գեղարուեստական ճաշակ մշակելու համար, եւ ամէնէն էականը, սերունդ կը թրծէ այլասերումի յորձանքին դէմ պայքարելու վճռակամութեամբ:

Յարգանք եւ պատկառանք` մամուլի ուղղամիտ եւ անաչառ խմբագիրներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆ

Լիբանանի պատերազմի ներշնչումներէն ծնունդ առած այս գրութիւններով հեղինակը վերլուծական շունչով փորձած է կատարեալ ճշդութեամբ հայելիացնել անոր արիւնալի տագնապը, քաղաքական խորունկ վիշտերն ու աննկարագրելի տխրութիւնը:

Յարատեւ որոնումի անոր բոցավառ կիրքը` երեւոյթները դիտելու, անկէ տպաւորուելու եւ անոր հակազդելու ուղիղ, հատու եւ վճռական գիտակցութիւնն ու խիզախութիւնը ծնունդ տուած են այս աղմկալից յօդուածներուն, որոնց մէջ իրենց հաւասարակշիռ զօրութիւնը գտած են քաղաքականն ու ազգայինը:

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ

Հեղինակը քաղաքական հարցերու խորաթափանց իմաստասէր իր թռիչքները պարզած է դէպի քաղաքական լայն յուզումներ եւ գրիչը շարժած սպառնալից անիրաւ ճնշումներու դէմ:

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մէջ ամէնէն ծանրակշիռ հիմնախնդիրը համարած է պաղեստինեան հարցը: Միացեալ Նահանգներ իրենց կողմնակալութեամբ աւելի մթագնած են կացութիւնը, որուն միացած է նաեւ ՄԱԿ-ը: Արաբական աշխարհի մէջ ամէնէն աւելի լիբանանցիք ու սուրիացիք զօրակցած են պաղեստինցիներուն:

Անդրադարձած է Իրաքը հարստահարելու եւ ստրկացնելու դիտաւորութեամբ ամերիկացիներուն բարբարոսական յարձակման:

ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը, որ կայացած է Պոլսոյ մէջ, արդիւնքն եղած է Միացեալ Նահանգներու բացայայտ մղումին` օգտուելու համար Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքէն եւ իրականացնելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու երազանքը:

Գիրքը կը տրոփէ նաեւ «Ապրուած հրապարակագրութիւն` յետադարձ հայեացքով» Բ. հատորին պատուարժան անձնաւորութիւններու վկայութիւններով եւ կարծիքներով:

Այս գիրքը կ՛արտացոլացնէ հեղինակին ուսումնասիրական տքնութիւններն ու քննախուզութիւններուն տագնապը:

Ուշագրաւ խորագիրները, բացագանչութիւններով համեմուած երբեմնի սրամիտ եւ զուարթախառն ոճը, ժպիտներ կը յառաջացնեն դիմագիծերու վրայ, որոնք կը քողարկեն հոգին դղրդեցնող տագնապներն ու յուզումները:

«Սուրը փառքով դրուած պատեան»ին առջեւ կը խոնարհիմ ու այրող արցունքը կը բարձրանայ աչքերուս մէջ:

Ճակատագրի հեգնա՜նք…

ԷՕԺԷՆԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Հալէպ, 2011

 

Share this Article
CATEGORIES