50 Տարի Առաջ ( 11 մայիս 1962 )
Պոլսահայ «Մամիկոնեան»
Երգչախումբին Համերգը Պէյրութի Մէջ
Քանի մը օրէ ի վեր, բերնէ բերան թէ թերթերու մէջ, կը խօսուէր պոլսահայ մեծ (100 հոգի) երգչախումբի մը տալիք համերգին մասին: Պէյրութահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէր այդ օրուան: Շնորհիւ տարուած աշխատանքին եւ հակառակ խճողուած շաբաթի մը, ուրբաթ գիշեր, Ամերիկեան համալսարանի «Անսամպլի հոլ»-ը բերնէ բերան լեցուն էր, եւ նոյնիսկ ոտքի մնացողներ կային: Ինչո՛ւ չէ, քանի որ օտար, դուրսէն, մանաւանդ Պոլսէն եկողի հմայքը կար: Թէեւ ներկաները չզլացան իրենց ծափերը, եւ նոյնիսկ քանի մը երգեր կրկնուեցան, բայց գոնէ մենք աւելին կ՛ակնկալէինք: Անշուշտ կ՛ընդունիմ, որ ամէն արուեստի գործ, նոյնիսկ` անկատար, քաջալերանքի եւ գնահատանքի արժանի է, եւ այդ տեսանկիւնէն մօտենալով` մեր անվերապահ համակրանքը կ՛երթայ «Մամիկոնեան» երգչախումբին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Պոլսոյ միջավայրին դժուարին պայմանները` հայեցի շունչով աշխատանք մը տանելու:
Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու` թող թոյլ տրուի ինծի քանի մը արդար դիտողութիւններ, գոնէ իմ կարծիքով եւ զուտ արուեստի մօտեցումով, ընել:
Երգչախումբին անդամները մեծ մասամբ որակ եւ եռանդ ունեցող ձայներ չունէին (բացի պասերէն), արդեօք` վերագրել, աւելի լաւ ընտրութիւն մը ընելու տեղական դժուարին պայմաններո՞ւն, ճշգրիտ երգելու պակասը զգալի էր:
Ագաբելլա երգչախումբի մը համար, երգի մը թոնալիթէն մինչեւ վերջ նոյնը պահելը շատ դժուար է, եւ խմբավարին կողմէ կը պահանջէ բծախնդիր աշխատանք, ձայներու բարձրութիւնը կրնայ երբեմն մինչեւ մէկ, մէկուկէս աստիճան իյնալ, որուն մէկ ցայտուն օրինակը զգացինք «Հինգալլա» երգին մէջ, որուն վերջաւորութեան կանացի ձայները, գրեթէ անկարող էին այդքան թաւ ձայներ տալ, եւ աւելի խմբական արտասանութեան մը տպաւորութիւնը ըրին: Յայտագրի եկեղեցական երգերը նուազ յաջող էին, քան` ժողովրդական երգերը, որոնց մէջ զգալի էր խմբական լուրջ աշխատանք, որքան ալ որ անոնց երաժշտական կատարումին երբեմն համաձայն չըլլայինք, ինչպէս օրինակ` Կոմիտասի «Կենաց երգ»-ը: Մեներգող Ա. Քիթապճեան ունի գեղեցիկ եւ հնչական ձայն, մանաւանդ Վերտիի արիան շատ յաջող էր, բայց փափաքելի էր քիչ մը աւելի բեմական կեցուածք, իսկ երկրորդ մեներգող Ժ. Տօնիկեան ունի հաճելի եւ հաղորդական ձայն: Կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ եւ հաւատացած ենք, որ յարատեւ եւ բծախնդիր աշխատանքով, «Մամիկոնեան» երգչախումբը օր մը իր արժանի տեղը կ՛ունենայ հայ երգչախումբերու մէջ:
ՕՆՆԻԿ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ Սրբազանն Ու Բիւզանդ Կռանեան
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Մէջ
Երեքշաբթի, 8 մայիս 1962-ին, Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանը եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցան քաղաքապետ Լութֆիկ Նարկիզեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Ի լուր սրտապնդիչ տեղեկութիւններու` հիւրերը իրենց խնդակցութեան եւ քաջալերանքի արտայայտութիւնները ունեցան:
Լութֆիկ Նարկիզեան յայտնեց, որ երկու հեռագիրներ որոշած է ուղարկել, մին` բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանին եւ միւսը` Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահ Յովսէփ Փիրումեանին, Պուրճ Համուտի հանդէպ իրենց ցոյց տուած գուրգուրոտ վերաբերումին համար:

