Արուեստի Աշխարհէն. «Անձկութեամբ Դողահար»…

Նիւ Եորքի մէջ գեղանկարին աճուրդը ղեկավարող Սոթպի՛զի ներկայացուցիչը հեռաձայնով հաւանական գնորդի մը ըսած է. «Կը սիրեմ քեզ»:
ԷՏՎԱՐՏ ՄՈՒՆՔԻ ԿՈՒՌՔԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ «ՃԻՉԸ» ՎԵՐՋԵՐՍ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ԿՈՏՐԵՑ ԱՃՈՒՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ, ԵՐԲ ՎԱՃԱՌՈՒԵՑԱՒ ՇՈՒՐՋ 120 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ: ՇԱՏԵՐ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄՏԱԾԵՑԻՆ, ԹԷ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԳԻՆԵՐԸ Կ՛ՈՐՈՇԵՆ ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ: ՍԿԵՊՏԻԿՆԵՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑԻՆ, ԹԷ ԱՅՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ Է ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ: ԱՆՇՈՒՇՏ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒՐԱԽ ԷԻՆ ԶԱՅՆ ՎԱՃԱՌՈՂՆԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ:
Նորվեկիացի արտայայտչապաշտ գեղանկարիչ Էտվարտ Մունքի «Տը սքրիմ» (ճիչը) գեղանկարը դարձաւ աճուրդի մը ընթացքին ամէնէն սուղ գինով վաճառուած գեղանկարը, երբ կոտրեց 119.9 միլիոն տոլարի մրցանիշ մը:
Աճուրդը տեւեց 12 վայրկեան, եւ անանուն գնորդ մը տիրացաւ 1895-ին իրագործուած տժգոյն գեղանկարին:
Գեղանկարը մէկն էր չորս պաստառներէ բաղկացած համանուն շարքի մը եւ` միակը, որ տակաւին կը պատկանէր անհատական հաւաքածոյի մը:
Վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Նորվեկիոյ մէջ նոր թանգարանի մը, պանդոկի մը եւ արուեստի կեդրոնի մը հիմնադրութեան:
Գեղանկարը գնելու համար կը մրցէին 7 հոգի: Առաջարկները սկսած էին 40 միլիոն տոլարով: Ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին վերջնական արդիւնքը:
«Ճիչը» գեղանկարին կոտրած մրցանիշին պատճառը պարզապէս շուկայի տնտեսութեան օրինակ մըն է` համաշխարհային դրամատիրութեան այս դարուն, երբ առաջնակարգ արուեստի պահանջարկը կը գերազանցէ առաջարկը:
Երբ կ՛ապրինք վերիվայրումներով լեցուն սակարանային շուկաներու եւ տնտեսական կրկնակի տագնապներով յատկանշուած ժամանակաշրջանի մը մէջ, արուեստի աշխարհին գագաթին գտնուող գործեր դարձած են վստահելի եւ մեծապէս բաղձալի շահարկումի առարկաներ` աշխարհի գերհարուստներուն համար:
Այսօր արուեստի գործի մը արժէքը կ՛որոշեն 5 գործօններ. հազուագիւտ բնոյթ, արուեստագէտի հռչակ, վստահութիւն` արուեստի շուկային նկատմամբ, արուեստի տուեալ գործին վիճակը եւ անոր տիրանալու մրցակցութիւնը:
Այս վերջին գործօնը դերակատար է գիներու յարաճուն վերելքին մէջ: Քանի մը տարի առաջ նման գործի մը համար Սոթպի՛զ գնորդներ պիտի ունենար միայն 3 կամ 4 երկիրներէ: Այժմ գնորդներ կը յայտնուին 20 կամ 30 երկիրներէ. ահաւասիկ` համաշխարհայնացումի օրինակ մը:
Վճարուած գինին մաս կը կազմէ գնորդին կողմէ աճուրդի վաճառատան տրուած յաւելեալ գումարը` գործը գնելու առանձնաշնորհումին համար…
Ցարդ աճուրդի ընթացքին ամէնէն սուղ գինով վաճառուած գործի մը մրցանիշը կոտրած էր Փիքասոյի «Նիւտ, կրին լիվզ, էնտ պասթ» (մերկ, կանաչ տերեւներ եւ կիսանդրի) գեղանկարը, որ 2010-ին վաճառուեցաւ 106.5 միլիոն տոլարի:
«Ֆորպզ» թերթին համաձայն, երբ գիները կը համեմատենք սղաճի տարբերութիւններով` «ճիչը» ութերորդ ամէնէն սուղ գեղանկարն է, որ վաճառուած է անհատական կամ հանրային աճուրդի առիթով:
«Ճիչը» գեղանկարին մնացեալ երեք տարբերակները սեփականութիւնն են նորվեկիական թանգարաններու: Սակայն, Սոթպի՛զի կարծիքով, իրենց վաճառած տարբերակը ամէնէն աւելի գունագեղն է:
Անիկա նաեւ միակն է, որուն շրջանակին վրայ Մունք գրած է բանաստեղծութիւն մը, որ կը պատմէ գեղանկարներու այս շարքին ներշնչման աղբիւրը:
Անիկա կ՛ըսէ. «Ճամբէ մը կը քալէի երկու բարեկամներու հետ, արեւը մար կը մտնէր, յանկարծ երկինքը արնագոյն դարձաւ, կանգ առի` սպառած եւ յենեցայ ցանկապատին, արիւն եւ կրակի լեզուներ կային կապտաւուն սեւ ծովախորշին եւ քաղաքին վերեւ: Բարեկամներս շարունակեցին քալել, եւ ես կանգնած մնացի հոն, անձկութեամբ դողալով եւ զգացի անվերջ ճիչ մը, որ կ՛անցնէր բնութեան ընդմէջէն»:
Գեղանկարը վաճառուեցաւ գործատէր Փիթըր Օլսընի կողմէ, որուն հայրը բարեկամական վերաբերմունք ցոյց տուած էր գեղանկարիչին նկատմամբ:
Այս տարուան սկիզբը Օլսըն յայտարարած էր, թէ որոշած էր վաճառել «Ճիչը», որովհետեւ կը փափաքէր «աշխարհին տալ առիթ մը` դառնալու սեփականատէրը այս յատկանշական գործին եւ գնահատելու զայն»:
Վաճառքէն ետք ան ըսած է. «Կը յուսամ, որ այս վաճառքով ստեղծուած քարոզչութիւնը հանրութեան քով յաւելեալ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ Մունքի գործին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` գիտակցութիւն այն յատկանշական պատգամին, որ կը հաւատամ, թէ կը փոխանցէ անիկա»:
«Ինծի համար «Ճիչը» կը պատկերէ այն սարսափելի պահը, երբ մարդ կը զգայ իր ներգործութիւնը բնութեան վրայ եւ այն անդառնալի փոփոխութիւնները, որոնց ծնունդ տուած է ան»:
Սոթպի՛զի աճուրդի պատասխանատու Թոպիաս Մէյըր կ՛ըսէ, թէ գեղանկարը` «կ՛արժէ իւրաքանչիւր դահեկանը, որ վճարուած է անոր համար»:
«Անիկա աշխարհի մէջ արուեստի մեծագոյն կուռքերէն է եւ պէտք է շնորհաւորել այն անձը, որ գնեց զայն»:
«Այսօրուան վաճառքը երազ մըն էր աճուրդի վաճառականի մը համար, իսկ «ճիչը» աւելի քան 100 միլիոն տոլարի վաճառելը այնպիսի պահ մըն էր, որ միշտ ուրախութեամբ պիտի յիշեմ իբրեւ աճուրդի վաճառական», ըսած է ան:
«Ճիչը» դարձած է ժողովրդային մշակութային աշխարհին մէջ ամէնէն աւելի հռչակաւոր գործերէն մէկը:
«Անիկա արուեստի պատմութեան մէջ Մոնա Լիզայի կողքին ամէնէն աւելի հռչակաւոր եւ ծանօթ պատկերն է», կ՛ըսէ արուեստի գործեր գնողներու եւ հաւաքածոյ պահողներու խորհրդատու «Ֆրահմ» ընկերութեան մէջ աշխատող մասնագէտ Մայքըլ Ֆրահմ:
«Զայն օգտագործած են բոլորը, սկսեալ` Ուորհոլէն մինչեւ Հոլիվուտ, շարժուն գծանկարներու, թէյի գաւաթներու եւ թի-շըրթներու արտադրիչներ», կ՛աւելցնէ ան:
«Ճիչը» գեղանկարներու շարքէն երկու տարբերակներ գողցուած են 1994-ին եւ 2004-ին: Երկուքն ալ ի յայտ եկած են աւելի ուշ:
Աւելի Քան Հարիւր Միլիոն Տոլար
Արժողութեամբ Արուեստի Գործեր
- Էտվարտ Մունք. «Ճիչը», 119.9 միլիոն տոլար (2012)
- Փիքասօ. «Մերկ, կանաչ տերեւներ եւ կիսանդրի», 106.5 միլիոն տոլար (2010)
- Ալպերթօ Ճիաքոմեթթի, «Քալող մարդ 1», 104.3 միլիոն տոլար (2010)
- Փիքասօ. «Ծխամորճով տղան», 104.1 միլիոն տոլար (2004)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

