Արուեստի Աշխարհէն . «Պատմութիւն Պատմող Անասունը»
ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՛ԱՆՑՆԻ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷԿ ԵՐՐՈՐԴԸ, ԿԱՄ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԳՕՏԵՄԱՐՏԸ Ի՞ՆՉ ԿԱՊ ՈՒՆԻ «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ» ՀԵՏ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ ՇՆՉԵԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՊԵՂՈՂ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ:
«Տիեզերքը շինուած է պատմութիւններով եւ ոչ` հիւլէներով»: Այս անմոռանալի հաստատումը կատարած է բանաստեղծ Միուրիըլ Ռաքէյսըր: Իսկ Հարվըրտ համալսարանէն ընկերակենսաբան Ի. Օ. Ուիլսըն վերջերս մատնանշած է նմանութիւնը արուեստի եւ գիտութեան նորարարներուն միջեւ, զորս կոչած է «երազողներ եւ պատմութիւն պատմողներ»: Պատմութիւնները ոչ միայն կենսական են հասկնալու համար աշխարհը, այլ նաեւ իրե՛նք են աշխարհի մեր հասկացողութիւնը: Պատմութիւններ կը հիւսենք եւ պատմութիւններ կը փնտռենք ամէն տեղ. տուեալներ պատկերացնելէ մինչեւ մանուկներու յատուկ գիրքեր պատկերազարդելու մէջ: Կրթական եւ գիտական նիւթերու մասին գրող հեղինակ Ճոնաթան Կոթսչալ «Տը սթորի թելինկ էնիմըլ» (պատմութիւն պատմող անասունը) գիրքին մէջ կը պեղէ եղափոխական եւ ընկերամշակութային արմատները` անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ մեր սիրտը եւ ուղեղը կլանող պատմութիւններուն: Իսկ ինչ որ ի յայտ կը բերէ` տեսակ մը «պատմութիւն պատմելու միացեալ տեսութիւն» մըն է, որ կ՛արտացոլէ ոչ միայն մենք մեզի կամ այլոց պատմած մեր պատմութիւններուն մէջ ճշմարտանման բաներ շինելու մեր շնորհը, այլ նաեւ պատմութիւններուն յատկանշական կարողութիւնը` բարելաւելու մարդկութեան հասարակաց փորձառութիւնը (անշուշտ ոչ բոլոր պատմութիւնները օժտուած են այս յատկութեամբ):
Կոթսչալ կը բանաձեւէ հմայիչ ծանօթ գաղափար մը.
«Մարդկային ուղեղը անօգնական կերպով անձնատուր կ՛ըլլայ պատմութեան քաշողական ուժին: Որքան ալ կեդրոնացնենք մեր ուղեղը, որքան ալ փորձենք ամուր հաստատել մեր ոտքերը, պարզապէս չենք կրնար դիմադրել իրերայաջորդ բառերու քաշողականութեան»:
Գիրքին կ՛ընկերակցի զայն ծանուցող սեւ ու ճերմակ շարժուն գծանկարով կարճ պատմութիւն մը:
Պատմութիւն պատմելու մասին Կոթսչալի յատկանշական դիտարկումներէն մէկը կը վերաբերի գրագէտին մտադրութեան եւ ընթերցողին մեկնաբանութեան միջեւ հաւասարակշռութեան. երեւոյթ մը, որուն մասին տասնամեակներ առաջ վիճարկած է փիլիսոփայ Մորթիմըր Ատլըր իր «Իլոքուընթ քէյս ֆոր մարճինալիա» (լուսանցքային նոթերու պերճախօս պարագան) վերնագիրով գրութեան մէջ:
Կոթսչալ կը գրէ.
«Գրագէտը ամենակարող ճարտարապետը չէ մեր կարդալու փորձառութեան: Գրագէտը կ՛առաջնորդէ մեր երեւակայութիւնը, սակայն չ՛որոշեր զայն: Ժապաւէնի մը նկարահանումէն առաջ նախ կը պատրաստուի անոր բնագիրը: Սակայն բեմադրիչն է, որ կեանք կու տայ բնագիրին` աւելցնելով ժապաւէնին մանրամասնութիւններուն մեծ մասը: Նոյնն է պարագան որեւէ պատմութեան: Գրագէտ մը գրի կ՛առնէ բառեր, որոնք սակայն անշարժ են կամ` չէզոք: Անոնք կարիքը ունին խմորիչ տարրի մը, որպէսզի կենդանանան: Իսկ խմորիչ տարրը ընթերցողին երեւակայութիւնն է»:
Կոթսչալ կը նկարագրէ, թէ ընթերցողը ի՛նչ տարողութեամբ կ՛ապրի պատմութիւններու մէջ: Ան կտրուկ բառերով կը նշէ այն, ինչ որ մեզմէ շատեր պիտի երեւակայէին կամ վախով անդրադառնային` վերացական եւ բնազդային մակարդակի մը վրայ. այն զարմանալի ժամանակը, զոր կը յատկացնենք օր ցերեկով երազելու:
«Արհեստագիտական միջոցներու վրայ հիմնուած գիտական վաւերական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ օր ցերեկով երազելու պահ մը միջին հաշուով կը տեւէ շուրջ 14 երկվայրկեան, եւ թէ` օրական շուրջ երկու հազար անգամ կ՛երազենք: Այլ խօսքով, մեր արթուն վիճակին շուրջ կէսը, այսինքն աշխարհի վրայ մեր կեանքին մէկ երրորդը կ՛անցընենք երեւակայական բաներ հիւսելով: Կ՛երազենք անցեալին մասին. բաներ, զորս պէտք էր ըրած ըլլայինք կամ` ըսած, կը մտածենք մեր յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն մասին: Օրուան մէջ կ՛երազենք առօրեայ բաներու մասին, օրինակ` կ՛երեւակայենք մեր աշխատավայրին մէջ հակադրութիւնները տարբեր ձեւերով դիմագրաւելու մասին: Սակայն նաեւ կ՛երազենք շատ աւելի ուժգին տարողութեամբ, ինչպէս` պատմութեան մը մէջ: Մեր ուղեղին մէջ կը հիւսենք ուրախ աւարտով պատմութիւններ, ուր մեր բոլոր ցանկութիւնները, նոյնիսկ` սին, յարձակողապաշտ կամ ստոր, իրականութիւն կը դառնան: Նաեւ կը հիւսենք սարսափազդու կարճ ժապաւէններ, ուր իրականութիւն կը դառնան մեր յոռեգոյն մտավախութիւնները»:
«Տը սթորիթելինկ էնիմըլ» գիրքը մեզ կ՛առաջնորդէ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին ընդմէջէն մինչեւ քնանալու առնչուող ուսումնասիրութիւններ եւ ծանուցումներու մէջ հիւսուած երեւակայական պատմութիւններ, Ֆէյսպուքի եւ Թուիթըրի վրայ հիւսուած անձնական փոքր պատմութիւններէ մինչեւ կրօնական աւանդութիւններով հիւսուած մշակութային լայնածիր պատմութիւններ եւ կը խորասուզուի գիտութեան ծանօթ եւ գիտութեան մէջ մինչեւ այսօր պեղուող այն իրականութեան մէջ, թէ մարդիկ հակուած են պատմութիւն պատմելու: Գիրքը կը միտի բացատրել ոչ միայն պատմութեան գիտութիւնը, այլ նաեւ` անոր երեւութապէս խորհրդաւոր, սակայն շօշափելի ուժին ներկայութինը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

