Արուեստի Աշխարհէն . Տարօրինակ Կապ Մը` Ճափոնի Եւ Պեթհովենի Իններորդ Համանուագին Միջեւ

ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԱՃԱԽ Կ՛ԸՍՈՒԻ, ԹԷ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ` ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՃԱՓՈՆԻ, ՈՒՐ ԾՆՈՂՆԵՐ ԱՄԷՆ ՃԻԳ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԵՆ` ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ, ԵՒ ՈՒՐ ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐՈՒՆ ԱԼԵՀԵՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԵՐԸ ԿԷՏԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՍԵՒ ԳԼՈՒԽՆԵՐՈՎ: ՃԱՓՈՆՑԻՔ ՓԱՂԱՔՇԱԿԱՆ «ՏԱՅՔՈՒ» ԱՆՈՒՆԸ ԿՈՒ ՏԱՆ ՊԵԹՀՈՎԵՆԻ ՅՕՐԻՆԱԾ 9-ՐԴ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳԻՆ ԵՒ ԶԱՅՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ԱՄԷՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ: ԻՆՉՈ՞Ւ: «ԼԵՆԿ-8» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ՃԱՓՈՆՑԻ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:

Ամէն տարուան դեկտեմբերին Ճափոնի տարածքին տեղի կ՛ունենան իրենց յայտագիրներուն մէջ անպայման «Տայքու» համանուագը պարունակող համերգներ:

Ինչո՞ւ «Տայքու»-ն այսքան շատ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Ճափոնի մէջ:

Ինչո՞ւ անիկա կը կատարուի յատկապէս դեկտեմբերին:

Պատճառներէն մէկը նկարագրուած է «Պարթ նէ Կաքուեն» («Տը ան տի ֆրոյտ» կամ` ձօն ցնծութեան) վերնագիրով ժապաւէնի մը մէջ, որ նկարահանուած է 2006-ին, Ճափոնի մէջ:

Ժապաւէնին մէջ դեր ստանձնած էին ճափոնցի մեծագոյն աստղերէն` Քեն Մաթսուտայրա եւ գերմանացի մեծագոյն աստղերէն` Պրունօ Կանց:

Այսուհանդերձ, ժապաւէնը ձախողութիւն մըն էր, գլխաւորաբար` ճափոնցի բեմադրիչին եւ գերմանացի դերասաններուն միջեւ հաղորդակցութեան պակասին պատճառով:

Անիկա հիմնուած էր Ա. Աշխարհամարտին պատերազմի բանտարկեալներու արգելարանի մը իրական պատմութեան վրայ:

Կարդացի քանի մը գիրքեր եւ դիմեցի համացանցին` ստուգելու համար ժապաւէնին պատմութեան իրականութիւնը, եւ անդրադարձայ, թէ անիկա շատ աւելի տարօրինակ էր, քան` երեւակայական պատմութիւն մը:

Ճափոն 1902-էն սկսեալ Բրիտանիոյ դաշնակիցն էր:

Երբ 1914-ին ծայր տուաւ Ա. Աշխարհամարտը, Բրիտանիա պատերազմեցաւ Գերմանիոյ դէմ, հետեւաբար Ճափոն պատերազմ յայտարարեց Գերմանիոյ դէմ:

Ճափոնական բանակը 29 հազար զինուորներով յարձակեցաւ Չինաստանի Քինկ Թաօ ամրոցին վրայ, ուր գերմանացի 4300 զինուորներ հաստատուած էին:

Ի վերջոյ գերմանացի զինուորները բարձրացուցին անձնատուութեան սպիտակ դրօշը:

Անոնք իբրեւ պատերազմական գերիներ  փոխադրուեցան Ճափոնի տարածքին տարբեր արգելարաններ:

Արգելարաններէն մէկը կը գտնուէր Պանտօ անունով շատ փոքր գիւղի մը մէջ, Շիքոքու կղզիին վրայ:

Թոյոհիսա Մաթսու անունով սպայ մը կը ղեկավարէր արգելարանը, սակայն ան տարօրինակ ղեկավար մըն էր:

Ան բանտարկեալներուն հետ կը վարուէր մարդկայնօրէն, Լա Հէյի Ուխտին համաձայն, որուն սկզբունքներուն այնքան ալ ծանօթ չէին այդ ժամանակներու ճափոնցի հրամանատարները:

Ան կու գար հիւսիսարեւելեան Ճափոնի Այտու Տոմայն շրջանէն:

Այտու Տոմայն Ճափոնի յեղափոխութեան ժամանակ զօրակցած էր Ճափոնի զինուորական բռնատիրական վարչակարգին, հետեւաբար ծանր պատիժներու ենթարկուած էր, եւ անոր ժողովուրդը կոտորուած էր կայսերական նոր իշխանաւորներուն կողմէ:

Մաթսու զաւակն էր Այտուի զինուորական ընտրանիին պատկանող սամուրայի մը, որ վերապրած էր կայսերական իշխանութեան ի գործ դրած ճնշումներէն, եւ ապա մաս կազմած էր բանակին:

Մաթսու որոշած էր նման ստորնացումի չենթարկել բանտարկեալները:

Անոր ղեկավարած արգելարանին մէջ պատերազմական գերիներու նկատմամբ վերաբերմունքը կը միտէր վերականգնել անոնց արժանապատուութիւնը:

Գերիները այս վերաբերմունքը կը փոխադարձէին` Պանտոյի բնակիչներուն սորվեցնելով իրենց յառաջադէմ գիտելիքները եւ արհեստագիտութիւնը:

Շատ չանցած` տեղւոյն բնակիչները սկսած էին յարգել գերիները:

Եւ այսպէս ձեւաւորուած էր տարօրինակ բարեկամութիւն մը:

Ապա առաջին անգամ ըլլալով Պեթհովենի Իններորդ համանուագը կատարուեցաւ գերիներէն կազմուած նուագախումբով մը:

Կարգ մը ճափոնցիներ, որոնք զայն սորված էին գերիներէն, միացան նուագախումբին:

«Տայքու»-ն շատ յուզիչ էր:

Այնուհետեւ անիկա յաճախ նուագուած է ճափոնական նուագախումբերու կողմէ:

Անիկա նուագուած է` իբրեւ ազգերու միջեւ բարեկամութեան ցուցանիշ եւ աստիճանաբար սկսած է ժողովրդականութիւն վայելել:

Եոսեփ Ռոզենսթոք «Տայքու»-ն ղեկավարած է 1940-ի դեկտեմբեր 31-ին, «Նիւ սիմֆընի» նուագախումբին հետ: Կատարումը ուղղակի սփռուած է ձայնասփիւռէն` ոգեկոչելու համար Ճափոնի հիմնադրութեան 2600-ամեակը:

Առասպելի մը համաձայն, Ճափոնի առաջին կայսրը` Ճինմու գահ բարձրացած է Ն. Ք. 660-ին:

Երբ համերգին գեղարուեստական ղեկավարին հարց տրուած է, թէ ինչո՞ւ «Տայքու»-ն ընտրած էր, ան պատասխանած է, թէ ամէն տարի դեկտեմբեր 31-ին Պեթհովենի Իններորդ համանուագին յատուկ կատարումները տեղի կ՛ունենան Գերմանիոյ տարածքին:

Մասամբ այս պատճառով է, որ Ճափոնի մէջ ունինք տարուան վերջաւորութեան համերգներու ընթացքին «Տայքու»-ն նուագելու աւանդութիւնը:

Սակայն, իրականութեան մէջ, միայն Լայփցիկի Կաւանտհաուս նուագախումբն է, որ ամէն տարի Նոր տարուան գիշերը կը նուագէ Պեթհովենի Իններորդ համանուագը: Հետեւաբար այս բացատրութիւնը սխալ է:

Այլ պատճառ մըն է նուագախումբի մը անդամներուն նիւթական վիճակը:

Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած տնտեսական տագնապին ժամանակ պարտատէրեր տեւաբար կը հետապնդէին պարտականները:

Անոնք կը պահանջէին մինչեւ Նոր տարուան գիշերը փակել իրենց բոլոր հաշիւները:

Իսկ երաժիշտները միշտ աղքատ էին եւ դրամի կարիք կ՛ունենային մասնաւորաբար  դեկտեմբերին:

Սակայն, երբ «Տայքու»-ն նուագէին, համերգներուն տոմսերը միշտ ալ կը սպառէին:

Հետեւաբար անոնք կը փափաքէին «Տայքու»-ն նուագել տարուան վերջաւորութեան:

Տարեվերջի նման համերգ մը տարօրինակ պիտի թուէր Արեւմուտքի ժողովուրդներուն:

Անիկա մեծագոյն դասական համերգն է. «Սանթորի ընկերակցութիւնը Պեթհովենի 9-րդ համանուագը կը ներկայացնէ 10 հազար հոգիով», Օսաքա դղեակին սրահին մէջ:

Զայն կը կատարէ յատուկ նուագախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն օտար երաժիշտներ եւ սիրողական երգչախումբ մը, որ կը բաղկանայ 10 հազար հոգիէ. անոնց մեծ մասը կու գայ Ճափոնի Քանսայ շրջանէն:

Երգչախումբը հետեւողական փորձեր կը կատարէ շուրջ չորս ամիս:

Համանուագին երգչախմբային բաժնին մէջ որոշ մասերու կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել աւելի քան 7 հազար հանդիսատեսները:

Համերգէ աւելի` կրօնական ծիսակատարութեան մը կը նմանի անիկա:

Անցեալ տարի այս համերգը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 4-ին:

Աւելի՛ն. Ճափոնի երկրաշարժին վնասները կրած 200 հոգինոց Թոհոքու երգչախումբը մասնակցեցաւ երգչախմբային կատարումին` հեռահաս կենդանի պատկերասփռումով:

Համերգին ղեկավարն էր Եութաքա Սատօ:

Սատօ աշակերտած է Լէոնարտ Պերնշթայնի եւ 1989-ին շահած է Երիտասարդ խմբավարներու միջազգային Պեզանսոն մրցանքին առաջնութիւնը:

Եթէ Պեթհովեն ներկայ ըլլար համերգին, արդեօք ուրա՞խ պիտի զգար, թէ՞ տխուր:

Համերգը պատկերասփռուած է 23 դեկտեմբերին` Ճափոնի կայսեր տարեդարձին առիթով:

Այս բազմամարդ համերգը կարելի է դիտել` այցելելով հետեւեալ կայքէջը.
http://lang-8.com/77364/journals/1209682/A-Weird-Relationship-Between-Japan-and-Beethoven-Ninth-Symphony

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES