Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Ծաղկահաւաք

27 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի ունեցաւ Բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին ամէնէն գունեղ եւ խորհրդանշական ձեռնարկը` ծաղկահաւաքը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ միասին իրականացուող ծաղկահաւաքը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին բարձունքին վրայ հաւաքուեցան բազմաթիւ կամաւորներ, կազմակերպութիւններ, տեղական եւ միջազ գային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, կրթական համալիրներու եւ համալսարաններու ուսանողներ, որոնք կեանքի կոչեցին Բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին նախաձեռնութիւնը` նոր կեանք պարգեւելով ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան յուշարձանի անմար կրակին մօտ նուիրաբերուած ծաղիկներուն:

Ամէն տարի ապրիլ 24-ին հարիւր հազարաւոր մարդիկ կ՛ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը` ծաղիկներ դնելով Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին մօտ, սակայն քանի մը օր ետք այդ ծաղիկները կը թոռմին եւ կը տեղափոխուին աղբանոց: Սակայն 2010 թուականէն արդէն ծաղկահաւաքը երկրորդ կեանք կու տայ անմեղ նահատակներուն համար խոնարհած ծաղիկներուն:

«Երկրի օրուան» շրջանակներուն մէջ անմար կրակին մօտ դրուած ծաղիկներուն ցօղուններէն պարարտախառնուրդ կը ստեղծուի` յուշահամալիրի այգիներուն մշակման համար, իսկ ծաղկաթերթերը խնամքով կը հաւաքուին, կը չորցուին, ապա կը վերամշակուին: Իսկ վերամշակուած թուղթը կ՛օգտագործուի նաեւ խորհրդանշական ձեւով` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին համար յուշագրեր, շնորհակալագիր եւ հրաւիրատոմսեր պատրաստելու համար:

Բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան յայտնած է, որ` «Թէեւ ծաղկահաւաքը նախաձեռնողը մենք ենք, սակայն կը ձգտինք, որ ըլլայ մեզի հետ, կամ` առանց մեզի այս գեղեցիկ ձեռնարկը աւանդութիւն դառնայ եւ շարունակական բնոյթ ստանայ»:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան հաղորդած է, որ` «Անմեղ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող իւրաքանչիւր ծաղիկ, յարգանքի տուրք ըլլալէ բացի, կարեւոր դեր կրնայ ստանձնել մեր ընդհանուր գործին մէջ: Ծաղիկներուն վերամշակման իբրեւ արդիւնք` տպագրուած յուշագրերը, շնորհակալագրերը եւ հրաւիրատոմսերը իւրօրինակ են` իրենց վրայ գտնուող ծաղիկներու թերթիկներուն շնորհիւ: Անոնք կը հաստատեն 20-րդ դարասկիզբին իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան փաստին անհերքելիութիւնը եւ կոչ կ՛ընեն յիշելու այդ փաստին մասին` ինքնատիպ դեսպան դառնալով Հայաստան այցելած օտարներուն համար, շեշտած է ան:

Ռալֆ Եիրիկեան, Ճեֆրի Ռոպերթսըն Եւ
Եուսի
Պեոռնի Պարգեւատրուած Են
«
Ֆրիտեոֆ Նանսին» Ոսկիէ Մետալով

Հայ գրատպութեան 500-ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կողմէ Երեւանը համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով բացումը կատարուած է «Գիրքը իբրեւ Ցեղասպանութեան վկայ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան, որ որոշակիօրէն կ՛ամփոփէ թանգարան-հիմնարկին հետ երախտաւորներու համագործակցութեան արդիւնքները:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կ՛ամփոփէ 2006-2011 թուականներու իր գործունէութեան հիմնական արդիւնքները եւ նախանշած է Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին կապակցութեամբ նախատեսուող ձեռնարկներուն ընդհանուր ռազմավարութիւնը:

Ասուլիսին մասնակցած են Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող պատմական փաստերուն եւ քաղաքական շահարկումներուն նուիրուած «Արդեօք եղա՞ծ է Հայոց ցեղասպանութիւն» զեկոյցի հեղինակ Ճեֆրի Ռոպերթսըն եւ նորվեկիացի միսիոնարուհի Պոտել Պեոռնի թոռ` Եուսի Պեոռնը: Ան, ի դէպ, վերջերս յայտնաբերած է Պոտել Պեոռնի ձեռագիր այն յուշագրութիւնները, որոնք նկարագրուած են 1915 թուականին Մուշի մէջ տեղի ունեցած կոտորածները. այդ յուշագրութիւնները կորած կը կարծուէին:

Ասուլիսին յաջորդած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կողմէ Երեւանը համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակելու կապակցութեամբ բացումը կատարուած է «Գիրքը իբրեւ ցեղասպանութեան վկայ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը, որ կը ներառէ մօտաւորապէս 300 միաւոր հնատիպ սկզբնաղբիւրային գրականութիւն, որ ձեռք բերուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ջիւան Չելոյանացի, Տիգրան Գալայճեանի եւ Ռալֆ Եիրիկեանի աջակցութեամբ:

Նշենք, որ ցուցադրութեան մէջ ներառուած գրականութիւնը բաժնուած եւ ներկայացուած է տարբեր խորագիրներու տակ, ինչպէս` ճանապարհորդական նոթեր, դասագիրքեր, արեւմտահայոց հասարակական, մշակութային, գործարար կեանքին վերաբերող հրատարակութիւններ: Առանձին ներկայացուած են համիտեան եւ Ատանայի կոտորածներուն վերաբերող եւ անոնց յաջորդած հայասիրական բնոյթի հրատարակութիւնները, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, սկանտինաւեան եւ այլ երկիրներու մէջ լոյս տեսած եզակի հրատարակութիւնները: Անոնք ամբողջութեամբ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ թրքական քաղաքական վարչակարգերու կողմէ իրագործած յանցագործութիւններուն լուրջ եւ անհերքելի վկայութիւնն են: Ցուցադրութեան մէջ ներառուած որոշ գիրքեր առկայ են միայն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հաւաքածոյին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին գիտական խորհուրդին որոշումով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ցուցաբերած աջակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ ունեցած աւանդին համար Ռալֆ Եիրիկեան, Ճեֆրի Ռոպերթսըն եւ Եուսի Պեոռն արժանացան «Ֆրիտեոֆ Նանսին» ոսկիէ մետալին, որ հրապարակուած է «Երախտագիտութիւն» անուանակարգով:

Յայտնենք, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հաստատած է նախատեսուող ծրագրին ընդհանուր ռազմավարութիւնը: Ձեռնարկներուն ժամանակացոյցը հետեւեալն է.

ա) 2012 թուականին մայիսին հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Միացեալ Նահանգներու Կարմիր խաչի հիմնադիր եւ հայսէր Քլարա Բարտոնի  յիշատակին: Ձեռնարկին պիտի ներկայացուի Քլարա Բարտոնի պաշտօնական զեկոյցը` համիտեան ջարդերէն տուժած հայերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու մասին: Զեկոյցին հայերէն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը իրականացուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աջակցութեամբ:

բ) 2012-ի սեպտեմբերին միջազգային գիտաժողով եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն` նուիրուած Զմիւռնիոյ աղէտին 90-ամեակին:

գ) 2012 թուականին հայերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով պիտի հրատարակուին մօտաւորապէս 25 անուն գիրքեր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան ցարդ չուսումնասիրուած դրուագներուն:

դ) 2012-ին անգլերէնով պիտի հրատարակուին «Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հանդէսին» առաջին երկու համարները: Հանդէսին միջոցով միջազգային գիտական շրջանակներուն մէջ պիտի ներկայացնէ իր գործունէութեան արդիւնքները:

ե) Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը աշխատանքներու սկսած է` Հայոց ցեղասպանութեան հանրագիտարանի, Հայոց ցեղասպանութեան ատլասի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատկերազարդ պատմութեան հատորի պատրաստման ուղղութեամբ:

զ) 2012 թուականին շրջիկ ցուցադրութիւններ պիտի իրականացուին` Լիբանանի, Դանիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

է) 2012 թուականին պիտի իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նոր մասնաշէնքին կառուցման եւ հին մասնաշէնքին վերանորոգման աշխատանքները:

Սերժ Սարգսեան Մասնակցած Է
Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ Կազմակերպուած
Վիրահայ
Նկարիչներու` «Հայրենիքիս Կանչով»
Խորագիրով
Ցուցահանդէսին Բացման Հանդիսութեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան կեդրոն եւ ներկայ գտնուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած վիրահայ նկարիչներու «Հայրենիքիս կանչով» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան:

Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի մշակոյթի, կրթութեան եւ երիտասարդութեան «Հայարտուն» կեդրոնին աջակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսին նպատակն է` աւելի խորացնել եւ զարգացնել հայ-վրացական մշակութային կապերը եւ Վրաստանի հայ գեղանկարիչները ծանօթացնել հայրենի ժողովուրդին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 22 գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ եւ իւրաքանչիւրէն ցուցադրուած է 3 գործ: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տպագրուած է նաեւ «Հայրենիքիս կանչով» խորագիրով պատկերագիրքը, որուն մէջ տեղադրուած է իւրաքանչիւր գեղանկարիչէ երկու ստեղծագործութիւն:

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցած Է
Ընկերվարական Երիտասարդներու
Միջազգային Միութեան Համաշխարհային
Եռօրեայ Համագումարին

ՀՅԴ երիտասարդականը ապրիլ 20-22 մասնակցած է Փարակուէյի մայրաքաղաք Ասունսիոնի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային եռօրեայ համագումարին:

Յայտնենք, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կը նկատուի աշխարհի ամէնէն մեծ երիտասարդական քաղաքական կազմակերպութիւնը, որուն անդամակցած են մօտաւորապէս 150 կազմակերպութիւն` աշխարհի 100 երկիրներէ: Միութեան մաս կը կազմեն աշխարհի բազմաթիւ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական երիտասարդական քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ շարժումներ, որոնց հիմնական նպատակն է ամրապնդել ընկերվար-ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան մարդու իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան սկզբունքները:

ՀՅԴ երիտասարդականը Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է եւ համագումարին մասնակցած է երկու հոգինոց պատուիրակութեամբ` Նորա Գայսերեան` Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի «Շանթ» ուսանողական միութեան անդամ եւ Կիլերմօ Մելքոն Գարամանեան` Հարաւային Ամերիկայի երիտասարդական միութեան անդամ:

ՀՅԴ երիտասարդականի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են տարբեր երկիրներու պատուիրակներու հետ եւ քննարկած են ապագայի ծրագիրներն ու համագործակցութեան կարելի միջոցները: Կիլերմօ Մելքոն Գարամանեան նշած է, որ` «Համագումարին մասնակցութիւնը ՀՅԴ երիտասարդականին համար կարելիութիւն ընձեռեց աշխարհի երիտասարդական կազմակերպութիւնները ծանօթացնել մեր նպատակներուն, ծրագիրներուն եւ առաքելութեան, միաժամանակ հաղորդակցիլ ընկերվարական երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու հետ»:

Համագումարին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Փարակուէյի Ազգային ժողովին մէջ եւ կրած է` «Հաւասար աշխարհը կարելի է, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան պայքարը բոլորին համար է» խորագիրը: Ընթացքին պատուիրակները ունկնդրած են ելոյթներ, թէ ինչպէ՛ս ձախերը Հարաւային Ամերիկայի մէջ յանուն ժողովրդավարութեան հաստատման ղեկավարութիւնը վերցուցին իրենց ձեռքը: Պատուիրակները կարելիութիւն ունեցան նաեւ հանդիպելու Փարակուէյի ներկայի նախագահ Ֆեռնանտօ Լուկոյի հետ:

Համագումարին աշխատանքները յաջորդ երկու օրերուն կեդրոնացած է Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահութեան ընտրութեան եւ ընդհանուր քաղաքական հռչակագիրի որդեգրման վրայ:

«Շատ ոգեշնչող էր հանդիպիլը աշխարհի զանազան վայրերէ գործիչներու հետ, որոնք կը պայքարին յանուն ընդհանուր նպատակի, այս ի հարկէ դժուար պայքար է, բայց մենք միայնակ չենք այս ճանապարհին վրայ: Մեր պայքարը յանուն ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման` անարդարութիւնը դիմակայելու միջոցներէն մէկն է, որովհետեւ մենք կը պայքարինք յանուն այն բանին, որուն կը հաւատանք եւ մենք յոյսով ենք, որ պիտի տեսնենք փոփոխութիւններ», շեշտած է Նորա Գայսերեան:

Համագումարի աւարտին ընտրուած է Ընկերվարական երիտասարդական միջազգային միութեան նոր նախագահութիւնը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES