Անջատուի՞լ Քաղաքականութենէն. Ճիշդ Այս Է, Որ Կ՛Ուզեն Քաղաքական Գործիչներ
Եթէ դուք ամերիկացիներուն հարցնէք, թէ ո՞րն է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ ամէնէն նկատելի փոփոխութիւնը վերջին երկու տասնամեակներուն, անոնք հաւանաբար պատասխանեն, որ քաղաքականութիւնը առաւել բեւեռացած է, եւ թէ` ասիկա կառավարութեան համար աւելի դժուարացուցած է դիմակալելու երկրին դիմագրաւած խնդիրները:
Ըսել, թէ քաղաքականութիւնը բեւեռացած է, այլ ձեւ մըն է ըսելու, թէ քաղաքական գործիչները զորս մենք կը նշանակենք, կամ կ՛ընտրենք, հեռացած են գաղափարական կեդրոնէն, թէ` Դեմոկրատական կուսակցութիւնը աւելի ազատական եղած է, իսկ Հանրապետական կուսակցութիւնը` աւելի պահպանողական, իսկ ասոնց միջեւ հասարակաց շերտ չէ մնացած: Ազատական հանրապետականները գրեթէ անհետացած են, իսկ պահպանողական դեմոկրատները շատ հեռու չեն այդ ճակատագիրէն: Միջկուսակցական անկեղծ, իսկական փոխզիջումները չափանիշային գործադրութենէն անցած են անսովոր զարտուղութեան: Ուաշինկթընի մէջ եւ հետզհետէ նահանգային մայրաքաղաքներու մէջ, երբ խորհրդարանին իշխող կուսակցութեան մեծամասնութիւնը որոշէ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ընել, այդ կուսակցութեան մնացեալ անդամներէն կ՛ակնկալուի, որ անցնէին ատոր զօրակցութեան շարքին, եւ միւս կուսակցութեան մէջ ամէն ոք շարքի կ՛անցնի` հակառակելու, ընդդիմանալու ատոր:
Հանրային հարցախոյզերու արդիւնքը միշտ ցոյց կու տայ, որ ամերիկացիները գոհ չեն այս զարգացումներէն (անոնք չեն սիրեր կողմնակցութիւն, անզիջողութիւն), եւ թէ` հարցերու շուրջ անոնց տեսակէտները աւելի մօտ են կեդրոնին, քան` իւրաքանչիւր կուսակցութեան մէջ ծայրայեղ դիրքորոշումներուն:
Եւ ասիկա միայն քուէարկողները չեն: Քաղաքական գործիչները իրե՛նք յուսախաբ եղած են հարցերը չկարենալ լուծելու համար: Անոնք զայրացած են իրենց անկախութեան եւ հանրային յարգանքի կորուստին համար: Անոնք կ՛ատեն անվերջ հանգանակութիւնները, որոնց միջոցով դրամ կը հաւաքուի անվերջանալի միջկուսակցական պայքարներու համար:
Ուրեմն, եթէ քուէարկողներն ու քաղաքական գործիչները չեն սիրեր ատիկա, ինչո՞ւ այս բեւեռացումը կը դիմանայ, կը գոյատեւէ: Ժողովրդավարութեան մէջ, ինչպէս` որեւէ բաց շուկայի մէջ, իւրաքանչիւրը իր շահը հետապնդելով, կ՛ակնկալուի, որ յառաջացնէ լաւագոյն արդիւնքը` հասարակութեան, ընկերութեան համար: Քաղաքական այս շուկային ձախողութիւն պատճառողը ի՞նչ է:
Քաղաքականութեան մասին այն պատկերացումով, զոր մեզմէ շատերը կը կրեն իրենց գլուխներուն մէջ, «միջին քուէարկողն է», քաղաքական լուսանկարին կեդրոնին գտնուողը, որ ի վերջոյ պէտք է որոշէ, ճշդէ կառավարութեան քաղաքականութեան երկարատեւ ընթացքը: Այս օրինակին մէջ լաւագոյն ձեւը (միակ ձեւը) կուսակցութեան մը համար, որպէսզի աւելցնէ իր քաղաքական շուկայի շահաբաժինը, չափաւորելն է իր տեսակէտները` անկախ տատանող քուէարկողները սիրաշահելու նպատակով: Երբ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն փորձած էր տարբեր ռազմավարութիւն մը (Պարի Կոլտուոթըր 1964-ին, կամ Ճորճ Մքկաւըրն 1972-ին), ձախողած էր:
Բայց կը թուի, թէ քաղաքական շուկային մէջ արմատական բան մը փոխուած է: Յաղթելու ռազմավարութիւնը այլեւս աւելի չափաւոր ըլլալը, կամ ձեր հակառակորդէն աւելի մեծ եւ ընդգրկուն վրան մը հրամցնելը չէ: Փոխարէնը` այս օրերուն կը պահանջուի, որ ատիկա ըլլայ աւելի եռանդուն, կրքոտ եւ նուիրուած` ձեր կուսակցութեան գաղափարախօսութեան:
Այս փոխակերպումը իր արմատները ունի ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ գերիշխող դարձող իրականութեան մէջ. քարոզարշաւի ֆինանսաւորման մէջ սպառազինութեանց մրցավազքը:
Թեկնածուներ եւ կուսակցութիւններ այժմ կը գոյացնեն եւ կը ծախսեն մեծ գումարներ, շատ աւելին, քան անհրաժեշտ է իրազեկ դարձնելու համար քուէարկողը, եւ շատ աւելին, քան կը գոյանայ եւ կը ծախսուի այլ յառաջացած ժողովրդավարութիւններու մէջ:
Այս օրերուն ծերակոյտի միջին թեկնածուն ընտրութիւնը շահելու համար կը գոյացնէ եւ կը ծախսէ 9 միլիոն տոլար, որ վեց տարուան ժամանակաշրջանի մը համար օրական շուրջ 4 հազար տոլար կ՛ընէ: Ներկայացուցիչներու տան միջին թեկնածուի մը համար ատիկա 1.4 միլիոն տոլար է, կամ օրական շուրջ 2000 տոլար` պաշտօնավարութեան շրջանին (ներառեալ` շաբաթ, կիրակի եւ տօնական օրերը):
Այս գումարները 25 տարիներ առաջուան գումարներուն բազմապատիկն են:
Քարոզարշաւի ծախսերու այս ահաւոր յաւելումը` անոնց կողմէ, որոնք այսպիսի արշաւներու ամէնէն լաւ գիտելիքները ունին, եւ ամէնէն մեծ գրաւները, շահերը` ատոնց արդիւնքներէն, հաւանաբար ճիշդ կ՛ըլլայ եզրակացնելը, որ այս ծախսը պէտք է գործէ (եւ որ կրնայ ճշդել սուր մրցակցութիւններուն արդիւնքը): Իրականութեան մէջ կը թուի, թէ ատիկա այնքան լաւ կը գործէ, որ որդեգրուած է «անկախ» թեկնածուներու բազմացող խումբի մը կողմէ` իրենց սեփական դրամահաւաքով եւ քարոզարշաւի ծախսով:
Եւ դրամը ինչպէ՞ս կը ծախսուի: Ոեւէ մէկը հեռաձայնով, պատկերասփիւռով կամ համացանցով վստահաբար նշմարած է, որ գումարը գլխաւորաբար կ՛օգտագործուի ստեղծելու, արտադրելու համար յարատեւ աճող ժխտական, խեղաթիւրուած եւ գաղափարախօսականօրէն խառնուած քարոզչութիւն մը` հակառակորդ թեկնածուներու եւ կուսակցութիւններու մասին:
Շատերու կարծածին հակառակ` այսպիսի ժխտական քարոզչութեան կեդրոնական ազդեցութիւնը քուէարկողները այլ թեկնածուի մը փոխարէն ձեր կողմը դարձնելը չէ, ինչպէս որ Միթ Ռոմնի եւ իր դաշնակիցները բացայայտեցին նախընտրական եղանակի ատեն: Գլխաւոր ազդեցութիւնը նոյնիսկ տակաւին չկողմնորոշուած քուէարկողները ձեր շարքերուն միացնելն ալ չէ: Ո՛չ, ժխտական քարոզչութեան իսկական ազդեցութիւնը քու գաղափարախօսական հիմքիդ համար աջակցութիւն ստեղծելն է, միաժամանակ` մնացեալները անջատել միւս թեկնածուէն, քարոզարշաւէն եւ ընտրական ամբողջ հոլովոյթէն: Ժխտական քարոզչութիւնը միտքեր փոխելու համար չէ, այլ` ընտրութեան օրը քուէարկութեան աւազանին յօրինուածքը փոխել, չափաւորական քուէարկողը վերածելով քուէարկութեան չմասնակցողի:
Ասիկա մասնաւորաբար ճիշդ է մասնակցութեան ցած համեմատութիւն ունեցող ընտրութիւններուն, ինչպէս` նախընտրական եւ միջանկեալ ընտրութեան մրցակցութեանց համար: Սակայն ատիկա նոյնիսկ այդպէս է այս օրերուն` մասնակցութեան բարձր համեմատութիւն ունեցող ընտրութիւններուն:
Փիթըր Հարթ` ամերիկեան քաղաքական հարցախոյզեր կատարողներէն երիցագոյնը կը նշէ, որ նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսեր 2004-ին շահեցաւ Օհայոյի ընտրութիւնը` խթանելով քուէարկողներուն մասնակցութիւնը պահպանողականներու շրջանակին մէջ, աւաններու եւ գիւղերու մէջ: Եթէ այդ շրջաններուն մէջ մասնակցութեան համեմատութիւնը մնացեալ նահանգներուն մէջ արձանագրուածին չափ ըլլար, Պուշ կը կորսնցնէր Օհայոն եւ ընտրութիւնը: Եւ այդ ռազմավարութեան բանալին էր ժխտական քարոզչութեան հսկայ քանակը:
Նմանապէս, 2008-ին Պարաք Օպամա յաջողեցաւ օգտագործել ժխտական քարոզչութիւնը` աւանդաբար հանրապետական Հիւսիսային Քարոլայնա եւ Վըրճինիա նահանգները տեղափոխելու Դեմոկրատական կուսակցութեան շարասիւն` աւելցնելով Շարլոթի շուրջը եւ Հիւսիսային Վըրճինիայի մէջ ազատական վստահելի քուէարկողներուն մասնակցութիւնը, նոյն ատեն` բոլոր այլ վայրերուն մէջ նուազեցնելով խանդավառութիւնը հանրապետականներու թեկնածուին հանդէպ:
Խարիսխը, հիմքը աշխուժացնելը այլ կարեւոր առաւելութիւն մը ունի: Ատիկա կ՛աւելցնէ քարոզարշաւի համար դրամական յատկացումները` ե՛ւ փոքր նուիրատուներէ, ե՛ւ հարուստ մոլեռանդներէ: Այդ դրամը կարելի է ետ հոսեցնել առաւել ժխտական քարոզչութեան մէջ` ընտրութեան օրը բարդ ջանքերով քուէ հանելու:
Այս ինքզինքին պարտադրուած շրջագիծը քաղաքական գործիչներուն համար կը ստեղծէ հզօր, ուժեղ խթան մը` լքելու կեդրոնը եւ մնայուն կերպով ապաստանելու գաղափարախօսական ծայրայեղութեան: Խարիսխը չէք կրնար աշխուժացնել չափաւորականութեան եւ փոխզիջումներու, համախոհութեան միջոցով:
Ինչ որ ասիկա ազդեցիկ եւ բանական ռազմավարութեան մը կը վերածէ, անշուշտ, «ազատ ձիավարութիւն» անունով ծանօթ երեւոյթն է: Երբ դուք ատոր մասին մտածէք, մեզի համար բաւական անտրամաբանական կ՛ըլլայ քուէարկելը: Այս անվերջ քարոզարշաւներու ատեն արտակարգ չափով ժամանակ եւ ներուժ կը պահանջուի թեկնածուներուն եւ անոնց դիրքորոշումներուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու համար: Եւ եռանդ ու ժամանակ անհրաժեշտ է, որպէսզի օրուան ժամանակացոյցդ դասաւորես ու քուէարկես: Եւ ի՞նչ բանի համար: Հազուադէպօրէն առանձին քուէ մը կրնայ փոխել արդիւնքը: Տրամաբանականը պարզապէս տունը մնալն է, թող մնացեալները ընեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը, մինչ մենք տակաւին կը վայելենք ժողովրդավարութեան բոլոր օգուտները:
ՍԹԻՎԸՆ ՓԸՐԼՍԹԱՅՆ
«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»

