Նշմար . «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ի Լուսանկարներէն Անդին
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը մրրիկ մը յառաջացուց ու տագնապի մատնեց Սպիտակ տունէն մինչեւ Փենթակոնն ու ՕԹԱՆ-ն, Քապուլն ու Աֆղանիստանի իրադարձութեանց մէջ մխրճուած այլ մայրաքաղաքներ, երբ լոյս ընծայեց երկու լուսանկարներ, ուր ամերիկացի զինուորներ կ՛երեւէին աֆղան սպանեալի մը դիակին ու մարդկային մարմինէ մը բեկորներու հետ:
Ժպտադէմ, մեծ իրագործում մը կատարողի բաւարարութիւն արտայայտող զինուորներուն լուսանկարներու արարքը դատապարտուեցաւ ամէն տեղ, փութկոտ արտայայտութիւններ կատարուեցան, թէ` քանի մը անուղղայ զինուորներու արարքը չի կրնար վարկաբեկել ամերիկեան բանակը եւ Աֆղանիստանը գրաւող ուժերուն բարենպատակ առաքելութիւնը. հաւանաբար կարելի է չառարկել այս նշումներուն, սակայն քարոզչական վնասը արդէն անդառնալի է, որովհետեւ Քուրաններու հրկիզման, անմեղներու սխալմամբ ռմբակոծման-ջարդին ու սպանեալներու վրայ միզելու նման «քաջագործութիւններու» շարքը նորով մը հարստացած է, նոր ջուր բերելով Աֆղանիստանի մէջ Արեւմուտքի անվաղորդայն արկածախնդրութեան վերջ տալու բազմացող կոչերու ջաղացքին:
Զարմանալի է, որ «Լոս Անճելըս Թայմզ» դատապարտումի կ՛ենթարկուի արարքի մը համար, որ մամուլին հիմնական առաքելութեան մաս կը կազմէ: Ճիշդ է. յարմար չէ սպանեալներու այլանդակուած լուսանկարները հրապարակել (հայ մամուլը ընդհանրապէս յարգած է այս սկզբունքը). այս մօտեցումով` թերթը մամուլի բարոյական մէկ յատկանիշը անտեսած է. սակայն ըսել, որ այս լուսանկարներուն հրապարակումը վտանգի ենթակայ կը դարձնէ արեւմտեան բանակները, հարուած կը հասցնէ անոնց վարկին, արդէն հարցը կը հասցնէ ծիծաղելիութեան սահմաններուն կեդրոնը, որովհետեւ վտանգն ու վարկի պահպանումը ոչ մէկ կապ ունին նման հրապարակումներու հետ, խնդրոյ առարկայ կողմերը ամենայն մանրամասնութեամբ ծանօթ են ու ականատես` այդ արարքներուն, պէտք չունին «Լ. Ա. Թայմզ»-եան հրապարակումի մը սպասելու:
Թերթին խմբագիր-պատասխանատուները հազար աղբիւրէ փաստեր կը բերեն արդարացնելու համար իրենց հրապարակումը: Անոնք կ՛ըսեն, որ այս քայլը երկար ատեն յետաձգած են (լուսանկարումը տեղի ունեցած է 2010-ին), սակայն ի վերջոյ դէմ դրած են Սպիտակ տան ու Փենթակոնի ճնշումներուն, հրապարակումը կատարած են` քողարկուող ճշմարտութիւններ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու համար: Պաշտպանութեան նախարարը ընդունեց, որ` «պատերազմը գեղեցիկ բան չէ, տգեղ բաներ կրնան պատահիլ, անուղղայ զինուորներուն ըրածը դատապարտելի է ու հարցը քննութեան տակ է», սակայն ատկէ անդին, ակնարկութիւն իսկ չըրաւ, թէ իրերայաջորդ այս գայթակղութեանց իսկական դրդապատճառը, աղբիւրը ի՛նչ է եւ «Շան գլուխը ո՛ւր թաղուած է»:
Եւ իսկապէս, կարելի է քանի մը հարցում շարել` պատասխանները ձգելով իբրեւ խորհրդածութեան նիւթ:
Երիտասարդ բանակայիններ ինչպիսի՞ մթնոլորտի մէջ պատերազմի դաշտ կը մղուին, որ նման անպատասխանատու արարքներու դուռ կը բանան (հարցումը հաւանաբար շատ պարզամիտ թուի…): Արդեօք զանոնք նման արարքներու մղող հոգեբանական մթնոլորտը ունի թաքուն այն նպատա՞կը, որ աւելի եւս գրգռէ ծայրայեղականներու հակազդեցութիւնը եւ… պատերազմը շարունակէ շահու յարաճուն աղբիւր դառնալ (հոս այլեւս պարզամտութեան հարց չի մնար, չէ՞):
Երբ մամուլը գաղտնի պահուող գայթակղութիւն մը կը բացայայտէ, ա՞ն է յանցաւորը, թէ՞ նոյնինքն գայթակղութիւն կատարողն ու անոր առիթ ստեղծողը: «Ուիքիլիքս»-եան բացայայտումներն ալ օրին, նաեւ մինչեւ այսօր, պետական ու կառավարական պատասխանատուներու կողմէ կը դիտուին իբրեւ դաւաճանական ու վտանգներ պատճառող արարքներ, ու զանգուածներ չեն մտածեր հարց տալու, թէ գործուած ոճիրներ, գայթակղութիւններ քողարկելը ինչպէ՞ս կրնայ արդարանալ: Եթէ պատերազմը տգեղ բան է, ինչո՞ւ խնայել անոր տգեղ դէմքին պատկերը… Ինչո՞ւ ամերիկեան մամուլին իրողապէս արգիլուած է «հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած» զինուորներու յուղարկաւորութիւնները ցուցադրե՛լն անգամ… Իսկ բոլոր այն երկիրները, որոնք արեւմտեան «բարեմիտ» ծրագիրներուն` ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ նմանօրինակ պատրանքներու անունով կը բզկտուին, կը քանդուին ու աղճատումի կ՛ենթարկուին, արդէն այդ տգեղութիւնը իր ամբողջական պատկերով կ՛ապրին ամէն օր. այդպէս էր Լիբանանը` աւելի քան 25 տարի առաջ, այդպէս եղան Իրաքը, Եմէնը, Լիպիան, Աֆղանիստանը, Սուրիան, նոյն ճամբուն կ՛առաջնորդուին Եգիպտոսն ու այլ «թեկնածուներ», առանց մոռնալու պաղեստինցիներու բազմերես ողբերգութիւնները, բարի նպատակներով բաժանումի ենթարկուած Սուտանը: Ցանկը կարելի է երկարել…
Կար ատեն մը, երբ մամուլը հզօր իշխանութիւն էր, ունէր շատ աւելի արդար մօտեցում, դիրքորոշում, կրնար նախագահներ սասանել ու տնտեսական-ընկերային հարցերու վճռումին մէջ վճռորոշ դեր ունենալ: Յետոյ, ժամանակները փոխուեցան ու զանգուածային մամուլը, մեծ թերթեր ու պատկերասփիւռի լրատուութեան յայտագիրներ դարձան պատերազմներ ու պաշտօնական կողոպուտ շղթայազերծողներուն կամակատարները, վարձկանները: Բայց ահա, «Լոս Անճելըս Թայմզ» մը, անսալով իր առաքելութեան էութենէն հասնող կանչին, «սայթաքում» մը կատարած է` այլապէս անյարմար լուսանկարներ յանձնելով զանգուածներու դատողութեան, անդին, Ուաշինկթընի մէկ կամակատարը` Աֆղանիստանի նախագահը յանդգնութիւնը կ՛ունենայ ըսելու, որ արեւմտեան ուժերու կամայականութիւնն ու անմարդկային արարքները անցած են ընդունելիի ամէն սահման, ու Ուաշինկթընի ու գործակիցներուն հաճելի չեղող պահանջներ կ՛արձակէ:
Երանի՜ թէ մամլոյ այլ աղբիւրներ ալ վերադառնան իրենց առաքելութեան ուղիին` դառնալով վիեթնամեան ձախաւերութեան կրկնութիւնը հանդիսացող «սխրագործութեանց» վերջ տալու ալիքի մը առաջնորդները:
Որպէսզի մարդիկ` զանգուածներ, քուէով վճիռ տուողներ, կարենան տեսնել լուսանկարներէն անդին, մսխումի ու տնտեսական նահանջի իսկական պատճառներուն խորքը, եւ դիմելով ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ընձեռած միջոցներուն, վերստին տէր կանգնին արդար վճիռներու քուէ տալու իրենց իրաւունքին:

