Խմբապետական Վերաորակաւորման Սեմինար
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կիրակի, 6 մայիս 2012-ին կազմակերպեց խմբապետական վերաորակաւորման միօրեայ սեմինար մը, ՀՄԸՄ Ժունիէի ակումբին մէջ:
Սեմինարը սկսաւ առաւօտեան ժանը 7:30-ին «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք շրջանային խմբապետ եղբայր Ժանօ Քեչեճեան կատարեց բացման խօսքը, որով մասնակցողներուն փոխանցեց սեմինարի նպատակն ու կարեւորութիւնը:
Սեմինարին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերէն Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Ժունիէի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Զահլէի մասնաճիւղերու փոխխմբապետ եւ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուները:
Սեմինարը ընթացաւ զուգահեռ 2 բաժանումով. առաջինը` փոխխմբապետներու եւ խմբապետներու, իսկ երկրորդը` միաւորի ու մասնաճիւղերու խմբապետներու յատուկ դասախօսութիւններով եւ գործնական աշխատանքներով:
Սեմինարին ընթացքին փոխանցուեցան սկաուտական, կազմակերպչական, հոգեբանական եւ այլ նիւթեր, որոնք ներկայացուեցան ՀՄԸՄ-ական խմբապետներու եւ նախկին խմբապետներու, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի խմբապետներու եւ այլ նիւթերու մասնագէտներու կողմէ:

