Մինչեւ 100-Ամեակ Եւ Յետոյ… – Պատմա-Հայրենագիտական Մատենաշար Կամ Բնիկ Ո՞ր Տեղացի Ես
ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
Պահանջատիրութիւնը պիտի ամրապնդուի պահանջուածին իմացութեամբ:
Հայկական պահանջատիրութեան բովանդակ էութիւնը իմանալի պիտի ըլլայ պահանջատիրութիւնը տարազողներուն, բայց յատկապէս` նոր սերունդին, որ եթէ պիտի շարունակէ քայլարշաւ կազմակերպել ու բռունցք շարժել, կարենայ կառչած մնալ պահանջին ամբողջական պատկերին, ծաւալին ու տարողութեան:
Աւելի քան կէս դարու մանկավարժական ասպարէզի փորձառութիւնս հայկական կրթական օճախներէ ներս, իրեն հետ բերած է տխուր անակնկալներ: Դեռ անցած դարու վաթսունական թուականներուն ու մինչեւ 1975, ամէն ապրիլի 24-ին, դասարաններուն մէջ տիրող մթնոլորտը աւելի շիկացած էր, եւ ուսանողներուն (խօսքը միշտ ալ երկրորդականի վերի կարգերու մասին է)` իրենց արմատներուն հետ ունեցած կապը աւելի ամուր, ու հոգեհարազատութիւն մը կար իրենց հայրերու «երկիր»-ին հետ, ու հարցումին, թէ` բնիկ ո՞րտեղացի էք, մեծ տոկոսով անոնք կը հասցէագրէին իրենց պապերու ծննդավայրը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 1975 թ. տարանջատող սահմանագիծ մը դարձաւ: Դարի վերջին տարիներուն ու 21-րդ դարի սկիզբին նոյն բաժանմունքի դասարաններու աշակերտներուն տրուած հարցումին, թէ` բնիկ ո՞րտեղացի էք, պատասխանը, մեծագոյն տոկոսով, «պէյրութցի եմ», «հալէպցի եմ», «զահլեցի եմ», «քեսապցի եմ», «այնճարցի եմ»…, ու հազուադէպօրէն, մատի վրայ համրուող մէկ քանիներ` «ուրֆացի եմ», «մարաշցի եմ», «զէյթունցի եմ»:
Երկրորդ հարցումը. ձեզմէ քանինե՞ր իրենց տան մէջ իրենց բնիկ որտեղացի ըլլալը պատմող պատմագիրք կամ յուշամատեան ունին: Միայն մէկ քանիներ մատ կը բարձրացնեն, միւսները տեղեակ ալ չեն, թէ ի՛նչ բանի մասին է խօսքը:
Եւ այսօր փորձեցէք հայ պատանի մը կամ երիտասարդ մը բերել Հայաստանն ու Կիլիկիան ընդգրկող քարտէսի մը դիմաց ու խնդրեցէք, որ ան մատը դնէ Այնթապի, Բաղէշի, Կեսարիոյ կամ Խարբերդի աշխարհագրական դիրքին վրայ:
Ի՞նչ է եւ ո՞ւր է պահանջուածը:
Պահանջատիրութիւնը պիտի ամրապնդուի պահանջուածին իմացութեամբ:
Բայց նախ հարցում մը. հայկական կրթօճախներուն մէջ քանի՞ դասապահ կը տրամադրուի Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աշխարհագրութիւնը դասաւանդելու: Ինչ որ կը նշանակէ`
Արդէն ժամանակ է, ինչ փոյթ թէ ուշացումով, ձեռնարկելու պատմա-հայրենագիտական մատենաշարի մը պատրաստութեան եւ հրատարակութեան: Մեր հայրերը նախանձելի ամբողջ գրադարան մը հարուստ ժառանգ ձգած են մեզի այս առնչութեամբ: Բայց խօսքը զանոնք վերահրատարակելու մասին չէ: Այդ մէկը, մեր օրերու տպագրական գործի ընծայած դիւրութիւններով, թէկուզ ամէնէն հեշտ, բայց պահանջուած աշխատանքը չէ: Մատենաշարը մատչելի պիտի ըլլայ ընդհանրապէս ընթերցող հասարակութեան, բայց մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին: Ինչ որ ժառանգ ստացած ենք, մեծ տոկոսով պատմաբանասիրական նոր աշխատասիրութիւններու աղբիւր կը ծառայէ, բայց դժուար թէ սեղան բերուի կամ ձեռք առնուի հաճելի եւ օգտաշատ ընթերցանութեան մը համար: Ծաւա՞լը այս աշխատասիրութիւններուն` Վահէ Հայկի «Խարբերդ»-ը` 1500 էջ, Մանուկ Ճիզմեճեանի «Խարբերդ»-ը` մեծածաւալ, երկսիւնակ, 750 էջ, Արշակ Ալպոյաճեանի «Կեսարիա»-ն` երկու հատոր, 2480 էջ, «Մալաթիա»-ն` 1536 էջ, «Եւդոկիա»-ն` 1752+106 էջ, Մկրտիչ Պարսամեանի «Ակն»-ը` 814+232 էջ, Միսաք Քէլէշեանի «Սիս»-ը` մեծածաւալ, երկսիւնակ, 770 էջ, Պետրոս Մինասեանի «Կիւրին»-ը` մեծածաւալ 824 էջ, Յովհաննէս սարկ. Տոմարծացիի «Տոմարծա»-ն` Ա. հատոր, 830 էջ, Արամ Սահակեանի «Ուրֆա»-ն` 1368+77 էջ, Բիւզանդ Եղիայեանի «Ատանա»-ն` մեծածաւալ 1062 էջ, եւ դեռ…, ու այս հատորներէն ոմանք գրադարանէն գրասեղան բերելու համար… բեռնակիրի կարիք կ՛ըլլայ: Ու դեռ կան յուշամատեաններ, որոնք պահանջուած բովանդակութիւնն ու աշխատասիրութեան մակարդակը չունին:
Ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է ձեռնարկել պատմա-հայրենագիտական մատենաշարի մը հրատարակութեան, որ ունենայ բովանդակութեան համեմատական նոր սահմանումներ, նոր ոճ ու նոր ձեւաւորում: Ու դեռ պիտի նշել, որ վերեւ յիշուած աշխատասիրութիւններուն շատերը կէս դար կամ տասնամեակներ առաջ հրատարակուած են, ու հակառակ իրենց ծանրակշիռ բովանդակութեան` այսօր կրնան լրացուիլ բացայայտուած նոր նիւթերով, մասնաւորաբար ինչ կ՛առնչուի Հայոց ցեղասպանութեան:
Համազգային հովանաւորութեամբ այս մատենաշարը կ՛ունենայ իր պատասխանատու խմբագրական կազմը, որ գործի կը լծէ նիւթին գիտակ խումբ մը աշխատասիրողներ, որոնք արհեստավարժ մօտեցումով կը ստանձնեն իրենց թելադրուած աշխատանքին բաժինը` արդար վարձատրութեան իրաւունքով: Ժամանակ է, արդէն ուշացած ենք, գործի լծելու տարագիր սփիւռքի պատմաբաններու, բանասէրներու, գրականագէտներու, արուեստաբաններու ու մատենագէտներու առկայ թիւը, ու եթէ անհրաժեշտ է, նաեւ դիմելու հայրենի մտաւորականներու, մանաւանդ անոնց, որոնք տուեալ մարզին մէջ աւանդ ունին:
Մատենաշարը` արեւմտահայերէնով: Իւրաքանչիւր հատոր 300-350 էջերու սահմանին մէջ: Բովանդակութիւնը, բոլոր հատորներուն համար, նիւթերու նոյն բաժանումով, հնարաւորի սահմաններուն մէջ` նոյն ծաւալով: Աշխատասիրելի խորագիրները` քաղաքի աշխարհագրական դիրքը, քաղաքը պատմութեան մէջ դարերու ընթացքին, քաղաքը 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկիզբին, արհեստներ եւ առեւտուր, քաղաքի հայ համայնքի եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային կեանքը, ճարտարապետական կոթողներ եւ նշանաւոր հայ դէմքեր, հայ համայնքի հասարակական, ազգային եւ քաղաքական կեանքը, կուսակցութիւններ, Համաշխարհային Ա. պատերազմ եւ հայոց դէմ գործադրուած եղեռն, քաղաքը 21-րդ դարուն: Իւրաքանչիւր հատոր կ՛ունենայ լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու բաժին:
Առաջարկուած մատենաշարին համար օրինակ կրնան ծառայել փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ, Ա. Մ. Նահանգներու մէջ անգլերէնով լոյս տեսած` գէթ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող «Հայկական Բաղէշ-Պիթլիս Եւ Տարօն-Մուշ», «Հայկական Ծոփք-Խարբերդ» եւ «Հայկական Վան-Վասպուրական» հատորները, բայց` առանց գիտական ծանօթագրութիւններու ծանրաբեռնուածութեան: Մատենաշարին մէջ ներկայացուած նիւթերը պիտի ունենան գիտական աշխատանքի վաւերական հիմք, իւրաքանչիւր գլուխի աւարտին անհրաժեշտ մատենագիտութեան ներկայացումով:
Մատենաշարին իրականացումը տարիներ պահանջող աշխատանք է. թող ըլլայ այդպէս: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը վախճանական սահմանագիծ չէ: Հարիւրամեակին ո՛չ պահանջատիրութեան արդար պայքարը իր աւարտին պիտի հասնի, ո՛չ ալ պատմութիւնը իր էջերը պիտի փակէ: Այսօր, յիսնամեակի օրերէն աւելի գօտեպնդուած, հարիւրամեակը պիտի մղէ նոր ու գալիք սերունդները առաւել բովանդակալից եւ անզիջող պայքար մղելու, ի՛նչ ալ ըլլան պետական հովանաւորութեամբ մղուած թրքական հակառազմավարութիւնները:
Մատենաշարը պիտի սնուցանէ պահանջատիրութիւնը հետապնդողները, ահա թէ ինչո՛ւ մատենաշարը հերթով, թէկուզ դանդաղ, պիտի մտնէ իւրաքանչիւր հայ տունէ ներս: Անհրաժեշտ աշխատանք է եւ այս, որ ոչ միայն գովազդ կը պահանջէ եւ բաժանորդագրութեան կազմակերպում, այլեւ` բարեխիղճ ծրագրումով իւրաքանչիւր հայ տան դրան թակում: Նմանօրինակ ծրագիր մը իրականացնելու համար ոչ մտաւոր ու ոչ նիւթական միջոցները կը պակսին: Գոյութիւն ունեցող գրական հիմնադրամները իրենց տարեկան յատկացումները կրնան տրամադրել այս նպատակին: Հայրենակցական միութիւնները իրենք կրնան ստանձնել իրենց «երկիր»-ին նուիրուած հատորի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան ծախսը: Եւ… կարելի է յուսալ եւ սպասել ծանօթ եւ անծանօթ բարերարներու առատաձեռնութեան:
Այնքան հեշտ է գործը եւ իրագործելի, եթէ միայն հաւատքը զարթնի ու կամքը ըլլայ տիրող:
Եւ դեռ կարելի է քայլ մը աւելի առաջ երթալ` միաժամանակ մատենաշարը թարգմանելով գէթ անգլերէնի ու ֆրանսերէնի:
Ժամանակը չէ՞, որ սփիւռքի տարագիր հայութիւնը ի՛նք ճշդէ իր պահանջացուցակը, ձեռքին` իր հայրենի աշխարհի կալուածագիրը, ու շրթներուն` «Գիտեմ, թէ բնիկ որտեղացի եմ»:
1 մայիսի, 2012

