Յեղափոխական Երգերու Երգահանդէսով Ոգեկոչում Մեր Ֆետայի Նահատակներուն

Ս. Պ.

Ազգային յեղափոխական երգերով երգահանդէս մը ներկայացուց երգիչ Մհեր Սարգիսեան, 27 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, սրահը լեցուցած հիւրերու, խանդավառ երիտասարդներու եւ պատանիներու ներկայութեան:

Մհեր Սարգիսեան յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան է: Իր երգացանկը ամբողջովին նուիրուած էր մեր ֆետայիներուն եւ Ղարաբաղի նահատակներուն: Համերգային այս ձեռնարկը ունեցաւ երկու բաժին, նուագակցութեամբ վեց նուագողներու, որոնք իրաւամբ ոգեւորեցին հանդիսականները օրկանիստ Սագօ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Ներկաները ոչ միայն իրենց ջերմ ծափերով, այլեւ երգերով ալ մասնակցեցան: Նման երգահանդէսներ առիթներ կը ստեղծեն մեր երիտասարդներուն եւ պատանիներուն, որոնք լաւ սորված են մեր հայրենասիրական երգերը եւ խանդավառութեամբ կը մասնակցին:

Տպաւորիչ մեկնաբանութիւններով Մհեր յիշեցուց մեր անմահանուն հերոսներուն նուիրուած երգերը, ինչպէս` «Բանտիս դռներն էին», «Գարահիսար լերան կրծքին», «Անդրանիկի երգը», նաեւ` լիբանանահայ նահատակներ Աբօ Աշճեանի, Վիգէն Զաքարեանի նուիրուած երգեր:

Երգահանդէսին հիւրաբար մասնակցեցաւ եւ երկու երգով հանդէս եկաւ ժողովրդային երգչուհի Նուշիկ Սարգիսեան:

Նման երգահանդէսներ օգտակար են մեր նոր սերունդին, որպէսզի ներշնչուի մեր պահանջատիրութեան երգերով: Իւրաքանչիւր յեղափոխական ու հայրենասիրական երգ հայոց պատմութեան մէկ էջն է: Այս կապակցութեամբ անդրադարձաւ երգահանդէսին հանդիսավար Սարգիս Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց նաեւ Մհեր Սարգիսեանին կատարած աշխատանքները` հայ ազգայնաշունչ երգերու տարածման համար:

Երգահանդէսին ներկաները սրահէն մեկնեցան խանդավառ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES