Էն. Պի. Էյ.- Հիթ Դուրս Ձգեց Նիքսը

Մայեմի Հիթ - Նիւ Եորք Նիքս մրցումէն

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մայեմի Հիթ 106-94 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Նիւ Եորք Նիքսը` 4-1 արդիւնքով զայն գերազանցելէ ետք: Քարմելօ Անթոնի, որ չորրորդ մրցումին ի նպաստ Նիքսի նշանակած էր 41 կէտ, երէկուան մրցումին նշանակեց 35 կէտ: Լեպրըն Ճէյմզ (Հիթ) նշանակեց 29 կէտ:

Այսպիսով, Մայեմի Հիթ Բ. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Ինտիանա Փէյսըրզը:

Երէկուան երկրորդ մրցումին Լոս Անճելըս Քլիփըրզ կրնար միանալ Հիթի, որովհետեւ 3-1 արդիւնքով կը յառաջանար Մեմֆիս Կրիզլիզի վրայ: Սակայն վերջինս արգելք հանդիսացաւ ատոր, երբ արձանագրեց 92-80 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շիքակօ Պուլզ (3-2)
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս (3-2)
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (2-3)

 

Share this Article
CATEGORIES