Եու. Է. Էֆ. Ա.ն Այսօր Կը Ստանձնէ Եւրօ-2012-Ի Բոլոր Մարզադաշտերուն Կառավարումը

Այն մարզադաշտերը, ուր պիտի կատարուին Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները, պատրաստ են ամէնէն բարձր մակարդակով անվտանգութեան ապահովումին, հաւաստիացուց Ուքրանիոյ մրցաշարքի տնօրէն Մարքիան Լուպքիվսքի:

Ան ըսաւ, որ խմբային մրցաշարքի բոլոր մրցումները իրենց կողմէ կը նկատուին իբրեւ ոչ այդքան վտանգ սպառնացող մրցումներ:

Լուպքիվսքի իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ ըսաւ, որ 11 մայիսին Եու. Է. Էֆ. Ա.ն ամբողջութեամբ իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ եւ պիտի ստանձնէ Եւրօ-2012-ի բոլոր մարզադաշտերուն կառավարումը, իսկ 12 մայիսէն սկսեալ դաշտերուն ապահովութեան հսկող անձերը, պահակները եւ կամաւորները պիտի սկսին մարզուիլ` լաւապէս հսկելու համար մրցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES