«Քնար» Պարախումբի Ելոյթը Լիբանանահայ Պարարուեստին Մէջ Նոր Ոստում Մը Արձանագրեց

Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի պարարուեստի միաւորին, երէկ` հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սաժես» թատերասրահին մէջ սկսան Համազգայինի «Քնար» պարախումբի տարեկան ելոյթները` ներկայութեամբ մեծաթիւ բազմութեան: Ելոյթը նուիրուած էր Համազգայինի «Քնար» պարախումբի նախկին պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանին` անոր մաղթելով բարի ապաքինում:

«Քնար» պարախումբի պարուսոյցն է Յովհաննէս Խաչիկեան: Պարախումբը երկու մասերով ներկայացուց հայկական ժողովրդային պարարուեստի գոհարներէն: Առաջին մասը հայկական հարսանիքի թեման կը կրէր: Իսկ երկրորդը` խառն պարեր: Խումբը պարեց «Նինօ»-ն, «Շալախօ»-ն, «Շիրակ»-ը, «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը, «Արցախ»-ը եւ այլն: Պարախումբը նաեւ պարեց արաբական պար մը:

Հանդիսութեան Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցը  իր մասնակցութիւնը բերաւ երեք պարերով` «Ազգագրական», «Հայի աչեր» եւ «Սարդարապատ»:

«Քնար» պարախումբը իր այս տարուան անդրանիկ ելոյթով հանդիսատեսներուն պարգեւեց հայկական պարարուեստի բարձրորակ մթնոլորտ` լիբանանահայ պարարուեստի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր ոստում մը:

Այս առիթով հանդիսատեսներուն բաժնուած թերթիկներուն մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը գրած է. «Համազգայինը լիբանանահայութեան մշակութային կեանքը հարստացնող միութիւն է, եւ մենք մեր այսօրուան պարային ելոյթով կու գանք մշակութային մեր շղթային այն օղակը ըլլալու, որ երգի, թատրոնի, կերպարուեստի, երաժշտութեան, գրականութեան կողքին պարային արուեստով ձեր ճաշակը կը գոհացնէ»:

Յայտնենք, որ «Քնար» պարախումբի ելոյթները պիտի շարունակուին 11, 12 եւ 13 մայիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES