Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Կիպրական Հարցի Ու Կիպրացի Կորուսեալներու Յիշատակի Ոգեկոչում

Հոմեր Մաւրոմմաթիս եւ Աշոտ Քոչարեան

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան ու ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի ու Կիպրոսի դեսպաններուն, երեսփոխաններու, հոգեւոր հայրերու, միութենական ներկայացուցիչներու, հայ ու կիպրացի հիւրերու, երէկ` հինգշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կիպրական հարցին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ միութեան կեդրոնին մէջ, Ժմմէյզէ:

Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախագահ Հրայր Հովիւեան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ Թուրքիա տակաւին կը հերքէ եւ կ՛ուրանայ հայերու թէ կիպրացիներու դէմ իր գործած ոճիրները: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Հովիւեան մաղթեց, որ Թուրքիա անսալով համաշխարհային արդարութեան կանչին ընդառաջէ ու հատուցում կատարէ հայկական եւ կիպրական պահանջներուն:

Ապա ցուցադրուեցաւ յունարէնով ու անգլերէն թարգմանութեամբ կարճատեւ խտասալիկ մը` 1974-ին Կիպրոսի թրքական ներխուժման ու անոր հետեւանքներուն մասին: Կիպրական հարցի պատմականը ներկայացնող, հինգ վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիս, որ ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ Լիբանանէն 240 քմ անդին գտնուող Կիպրոսի տագնապալի պատմութեան: «Կիպրական անկախ պետութեան դէմ իր գործադրած ներխուժումէն ու գրաւումէն 38 տարիներ ետք, տակաւին Թուրքիա ներկայութիւն է Կիպրոսի մէջ` զայն պահելով բաժնուած վիճակի մէջ», յայտնեց Կիպրոսի դեսպանը` նշելով, որ այս առիթով հինգ արուեստագէտներ իրենց ցասումն ու բողոքը արտայայտած են արուեստի իրենց ստեղծագործութիւններով:

«Դարերու ընթացքին Կիպրոս ենթակայ եղած է յունական իշխանութեան ու մաս կազմած անոր, իսկ խաչակիրներու շրջանին ենթարկուած է Լուսինեաններու իշխանութեան», շարունակեց դեսպան Մաւրոմմաթիս եւ աւելցուց. «Ներկայիս Կիպրոսի բնակիչները 80 առ հարիւր համեմատութեամբ կիպրացի յոյներ են, կան նաեւ 7500 մարոնիներ եւ 3500 հայեր»: 1974-ի թրքական ներխուժումով Կիպրոսի յոյն բնակչութեան 70 առ հարիւրը բռնագաղթի ենթարկուեցաւ, երբ աւելի քան 43 հազար թուրք զինուորներ յարձակեցան 10 հազար զինուոր հաշուող կիպրական բանակին դէմ: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ Կիպրոսի հայկական յիշարժան վայրերը, յատկապէս եկեղեցիները, անմասն չմնացին յարձակումէ ու քանդումէ, եւ այսօր հայոց Ս. Մակար եկեղեցին կը գործածուի իբրեւ ճաշարան:

«Ներկայիս կիպրացիներ կրնան այցելել թրքական գրաւեալ մասին մէջ գտնուող իրենց պապենական բնակարանը, բայց չեն կրնար հոն բնակիլ», ընդգծեց Կիպրոսի դեսպանը` նշելով, որ ինք եւս 17 յուլիս 1974-էն ի վեր չէ տեսած գրաւեալ շրջանը գտնուող իրենց ամառնային տունը:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայասանի լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ բանակցիլ Կիպրոսի հարցով: «Ուրուկուէյէն ետք Կիպրոս երկրորդ պետութիւնն էր, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», աւելցուց դեսպան Քոչարեան:

«Թուրքիա տակաւին կը հերքէ կիպրական հարցին իր պատասխանատուութիւնը, այնպէս ինչպէս կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութիւնը», ընդգծեց Կիպրոսի դեսպանը` նշելով, որ յառաջիկայ 1 յուլիսին Կիպրոս կը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ Մասիս վրդ. Զոպուեանի օրհնութեան աղօթքով:

 

Share this Article
CATEGORIES