Համագաղութային Մասնակցութեամբ 57 Հազար Տոլար` Արցախի Հզօրացման Ի Նպաստ Տարուող Աշխատանքներուն

Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ  գործող «Արցախ ֆոնտ»-ը չորեքշաբթի, 9 մայիսին, «Յանուն Արցախի հզօրացման» կարգախօսով «Վանայ ձայն»-էն գործադրեց ռատիոթոն մը, որ մէկ կողմէ առիթ եղաւ լիբանանահայութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու «Արցախ ֆոնտ»-ի գործունէութեան, իսկ միւս կողմէ կարելիութիւն ու առիթ տուաւ լիբանանահայերուն` իրենց նիւթական օժանդակութեամբ մասնակից դառնալու Արցախի հզօրացման գործին:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Վանայ ձայն»-ը իր ընթացիկ յայտագիրները դադրեցնելով, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 իր եթերաժամը տրամադրեց «Արցախ ֆոնտ»-ին, որ իրերայաջորդ հարցազրոյցներու ճամբով ներկայացուց Արցախի եւ մասնաւորաբար սահմանամերձ ազատագրուած տարածքներուն մէջ ձեռնարկած իր ծրագիրները, որոնց ճամբով ֆոնտը կը հոգայ արցախցիին ընկերային, առողջապահական, գիւղատնտեսական, դպրոցաշինութեան եւ շարք մը այլ մարզերու առնչուած կարիքները, իր «Գոյք Արցախի դպրոցներին», «Նոր կեանք, նոր յոյս», «ԱՌԻ» եւ այլ ծրագիրներուն ընդմէջէն:

Յատկանշական էր լիբանանահայութեան խուռներամ մասնակցութիւնը այս ռատիոթոնին, ժողովուրդին մօտ տիրող խանդավառութիւնը ինքնին ցուցանիշ էր այն իրողութեան, որ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իր հայրենիքին կողքին կանգնելու ու անոր հզօրացման մասնակից դառնալու պատրաստակամ է, ինչպէս եղած է միշտ:

Ռատիոթոնի ընթացքին նուիրատուներու անուանացանկերու յայտարարութեան կողքին, նաեւ հեռաձայնային ուղղակի կապ հաստատուեցաւ  Արցախի հետ, եւ լիբանանահայութեան իրենց պատգամները փոխանցեցին Արցախի վարչապետը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը, «Ակրօ» Ֆոնտի տնօրէնը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Քարեկա գիւղի գիւղապետը: Լիբանանահայութեան իրենց պատգամները փոխանցեցին նաեւ հայ երեք յարանուանութիւններու պետերը: Իսկ ամբողջ օրուան ընթացքին «Արցախ Ֆոնտ»-ի անդամներուն կողքին, ժողովուրդի նուիրատուութիւններու հեռաձայնային խոստումներուն ընդառաջեցին Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները: Լիբանանի տարբեր շրջաններէն, եւ նաեւ արտասահմանեան որոշ երկիրներէ կատարուած նուիրատուութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ գոյացնել աւելի քան 57 հազար տոլար, որուն վրայ յառաջիկային կ՛աւելնան դպրոցներուն մէջ կատարուած դրամահաւաքին գումարները: Մայիս 9-ին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինչպէս պատերազմի,  նոյնպէս խաղաղութեան օրերուն, պատրաստ է ոչինչ խնայելու յանուն հայրենիքի հզօրացման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES